Վտանգաւոր եւ ճակատագրական հանգրուան մը թեւակոխած է Սուրիոյ հակամարտութինը: Արեւմտեան եւ արաբական աշխարհի կարգ մը պետութիւններ սուրիական իշխանութիւնները կ’ամբաստանեն ժողովուրդի դէմ քիմիական զէնք օգտագործելու յանցանքով: Մտահոգիչ կացութիւն: Սուրիական իշխանութիւններ կը մերժեն իրենց հասցէին ամբաստանութիւնները եւ կը լուսաբանեն, թէ քիմիական զէնքի գործածութեան վերաբերեալ ծաւալող քարոզչութիւնը վարչակարգը տապալելու հերթական փորձ մըն է, եթէ ոչ՝ սադրանք:
Բանականութիւնը կը թելադրէ, որ նման ծանրակշիռ յանցագործութեան մը պարագային, կանխակալ որոշումներ արձակելէ առաջ, անհրաժեշտ է սպասել քիմիական զէնքի գործածութեան փաստերը ուսումնասիրող ՄԱԿ-ի քննիչներուն եզրակացութեան: Ոչ ոք կրնայ արդարացնել քիմիական զէնքի կիրառման փաստը, պայմանաւ որ հետաքննութեանց եւ ուսումնասիրութիւններու լոյսին տակ բացայայտուի պատերազմի յանցագործութիւն կատարած կողմին ինքնութիւնը: Անտեղի ու անհիմն զրպարտութիւնները եւ քարոզչական արշաւները դատապարտուած են նսեմացնելու անոնց հասցէատէրերուն հեղինակութիւնը, միաժամանակ կրելու անխոհեմ արկածախնդրութիւններուն ամբողջական պատասխանատուութիւնը:
Համաշխարհային եւ միջինարեւելեան քաղաքական կեանքին մօտէն հետեւողները այսօրինակ ճակատագրական ամբաստանութիւններու պարագային պիտի նախընտրեն հետեւիլ անկողմնակալ եւ համեմատաբար աւելի անաչառ լրատուական աղբիւրներու մեկնաբանութեանց: Առաջին իսկ հերթին, անհրաժեշտ է ստուգել լուրը հաղորդող աղբիւրին հաւաստիութիւնը: Դժբախտաբար այսօրուան երկբեւեռ աշխարհին մէջ, դժուար պիտի ըլլայ հանդիպիլ առաքելութեան հաւատարիմ, կոչումին նուիրումով ծառայող լսատեսողական աղբիւրներու: Մեծամասնութիւնը, ենթակայական պայմաններու տակ, դարձած է այս կամ այն կողմի հետեւորդ: Լրատուութիւնը շեղած է իր ազնիւ կոչումէն, դարձած է քարոզչութիւն:
Արեւմտեան եւ արաբական շարք մը լսատեսողական աղբիւրներ Իրաքի անգոյ հաւաքական քանդումի զէնքերուն դէմ ծաւալած քարոզչական տարափը յիշեցնող խաչակրութիւն մը սկսան ձեռնարկել Սուրիոյ դէմ: Ինչո՞ւ այս արշաւը. որովհետեւ օրին, ոչ ոք հաշուետուութեան հրաւիրեց փոքրիկն Ճորճ Պուշը՝ Իրաքի ժողովուրդին պատճառած ողբերգութեան համար: Ո՞վ այսօր կը հարցնէ, թէ ու՞ր մնացին մարդկային քաղաքակրթութեան եւ համաշխարհային խաղաղութեան սպառնացող Իրաքի հաւաքական քանդումի զէնքերը:
Այն աճապարանքը, որ նախագահ Պարաք Օպամա եւ վարչապետ Տէյվիտ Գամերոն դրսեւորեցին, այն տպաւորութիւնը ստեղծեց, թէ հետաքննութիւններուն արդիւնքը նպաստաւոր պիտի չըլլար Սուրիոյ վրայանմիջական յարձակում կատարելու անոնց որոշումին: Այդպէս ալ եղաւ: Նախապէս, Օպամա կը յայտարարէր, թէ պատերազմի որոշում առնելու համար անհրաժեշտութիւնը չունէր Ներկայացուցիչներու Տան հաւանութեան: Ամերիկացի օրէնսգէտներ նախագահին անմիջապէս յիշեցուցին անոր նախընտրական (2007) յայտարարութիւնները, երբ Օպամա կը դատապարտէր առանց Գոնկրէսի հաւանութեան որոշում առնելու իր նախորդներուն արկածախնդրութիւնները..: Բարեբախտաբար Բրիտանիոյ խորհրդարանը, ձայներու մեծամասնութեամբ մերժեց իր վարչապետին պատերազմական տրամադրութիւնները: Միացեալ Նահանգներ սկսաւ նոր դաշնակիցներ փնտռել… : Վերջաւորութեան, նախագահ Պարաք Օպամա, անորոշ ժամանակով առկախեց Սուրիոյ վրայ յարձակումը: Ներկայիս, ան կը փորձէ Գոնկրէսի կանաչ լոյսը ունենալ, յարձակումին հետեւանքներէն խուսափելու միտումով:
Ոմանք պահանջեցին Քոսովոյի նման զինուորական միջամտութիւն մը, մոռնալով որ Քոսովոյի դէմ 1999-ի յարձակումը նախաձեռնողը ՆԱԹՕ-ն էր: Այդ օրերուն, Հիւսիսատլանտեան Կազմակերպութիւնը կը վայելէր աւելի ընդարձակ հեղինակութիւն: Երկրորդ, 1990-ականներուն Միացեալ Նահանգներ շատ աւելի մեծ լծակներ ունէր իր տրամադրութեան տակ, քան՝ այսօր : Ռուսիա կը դիմակալէր համայնավար վարչակարգի փլուզումէն ետք վերականգնումի առաջին քայլերը: Չինաստանի տնտեսութիւնը, քսան տարի առաջ չունէր այսօրուան վարկանիշը: Միացեալ Նահանգներ դարձած էր միաբեւեռ աշխարհի տէրն ու տիրականը: Այսօրուան Միացեալ Նահանգները, Եւրոպան կը դիմագրաւեն քաղաքական, ապահովական, տնտեսական լուրջ դժուարութիւններ: Ոչ ոքի ձեռնտու է մխրճուիլ նոր արկածախնդրութիւններու մէջ, մանաւանդ երբ տակաւին աչքի առջեւ են Աֆղանիստանի, Իրաքի, Եգիպտոսի, Եմէնի, Լիպիոյ մէջ եւ այլուր արեւմտեան միջամտութիւններու հետեւանքով ծնաղ ողբերգութիւնները: Այս ըսելով, յաւակնութիւն չունինք պաշտպանելու պատերազմի յանցագործութիւն կատարող որեւէ ուժ կամ խմբաւորում: Մեր դիտանկիւնէն մեկնաբանելով, ծանրակշիռ որեւէ հարցի վերաբերեալ որոշում ընդունելէ առաջ, անհրաժեշտ է հաշուի առնել միջազգային ընտանիքին տեսակէտն ու տրամադրութիւնը: ՄԱԿ-ի պարագային, անոր հեղինակութիւնը վերականգնելու, երկրորդ՝ որոշումին շուրջ առաւելագոյն չափով համախոհութիւն ստեղծելու մտահոգութեամբ:
Սուրիոյ վրայ Արեւմուտքին յառաջիկայ քայլերը կը մնան անորոշ: Սակայն, փակագիծի մէջ կը փափաքինք այս հարցին վերաբերեալ լուսարձակի տակ առնել Միացեալ Նահանգներու «փոքր» դաշնակիցին Թուրքիոյ դրսեւորումները: Քիմիական զէնքի գործածութեան առիթով բարձրացած աղմուկին առաջին իսկ պահէն, վարչապետ Էրտողան եւ անոր արտաքին գործոց նախարարը՝ Տաւուտօղլու թախանձագին արշաւ մը ծաւալեցին սուրիական իշխանութիւններուն դէմ: Երկուքն ալ սպառնացին, թէ պիտի չսպասեն ՄԱԿ-ի հետաքննութիւններուն, որպէսզի պատժեն Սուրիան…: Ապա Արեւմուտքէն պահանջեցին չներել Սուրիան: Արեւմուտքը որքան ալ նախանձախնդիր մնայ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի գործածութիւնը արգիլելու իր կեցուածքին մէջ, նոյնքան հարցական կը մնան Սուրիոյ հանդէպ թշնամաբար տրամադրուած Թուրքիոյ քայլերը եւ արտայայտութիւնները: Արդեօ՞ք այն սադրանքը, որուն մասին կը խօսին սուրիացի պաշտօնակատաներ, հետեւանք չէր Անգարայի կազմակերպած մէկ դաւադրութեան…: Այս մէկը պիտի ապացուցէ ժամանակը: Սուրիոյ վարչակարգին տապալումով «զերօ խնդիրներու» մունետիկները հաւանաբար կ’երազեն տեսնել շրջանային իրենց երազներուն իրականացումը, եւ ինչ որ տեղ ալ հայ համայնքի հեռացումը՝ Հայ Դատի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան սփիւռքհայ կարեւոր օղակի մը բնաջնջումը:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ