ՍԻՐՈՒՆ ՍԻՍԵՌԵԱՆ ՀԱՃԷԹԵԱՆ
Նկար՝ ՎԻԳԷՆ ՊԵՐԹԻԶԵԱՆ
Մեզի համար Վարդանանքը իւրայատուկ տօն մըն էր։ Այդ օրը տանս մէջ կ՛ընդունէի մեր բոլոր հարազատները ճաշասեղանի մը շուրջ տօնելու համար ամուսինին Վահանին անուանակոչութիւնը, որ կը զուգադիպէր այդ օրուան տօնակատարութեան` Վարդանի հետ։ Այդ օր բաժակները կը բարձրանային ու փառաւոր տօն մը կը սարքէինք հարազատներով եւ բարեկամներով։
Իսկապէս՝ այդ անուանակոչութիւնները միստիկ՝ անցեալի փառքը ներկային, հին արժէքները նոր սերունդին հետ կապող տեսակ մը պատգամ եւ անուշութիւն ունէին։ Նոր սերունդը կը պատրաստէին անցեալի հերոսներու եւ սուրբերու հետ տեսակ մը հաղորդակցութեան եւ արժեւորումի։ Այո՛, այդ օրը կը զգայի, որ ամուսինիս հոգեկան աշխարհին մէջ ուրիշ հպարտութիւն մը կը թեւածէր եւ այդ օր անգամ մը եւս Քաջն Վարդան կը պանծացուէր Վարդանանքի յատուկ երգերով մթնոլորտը ճոխացնելով։
– Իմ հայրենեաց հոգի Վարդան, հոգիս հոգւոյդ եղնի ղուրպան…
– Մենք քաջ Վարդանի տոհմէն ենք չենք վախիր, մանր մունր փորձանքներից չենք փախչիր…
– Է՜հ անցած օրեր, ինչ պանծալի երջանկութիւն։
Այո՛, կրնամ ըսել, որ Նոր տարուան գիշերէ մը աւելի մեծ ուրախութիւն կը պարգեւէր մեզի այդ Վարդանանքի տօնակատարութիւնը, մանաւանդ որ Լիբանանէն յատուկ կերպով մեզի կը միանային քոյրս եւ քեռայրս՝ երկուքն ալ հայ ուսուցչուհի եւ տնօրէն, օգտուելով այդ առիթով՝ դպրոցական արձակուրդէն։
Ընդհանրապէս այդ տօնին նախորդող քանի մը օրերուն ընթացքին խճողուած կ՛ըլլայի համադամ ճաշերու պատրաստութեամբ։ Գիտութիւնը մեզի որքան բարիքներ շնորհած է մեր կեանքը դիւրացնելու համար։ Այսպէս՝ շնորհիւ սառնարանին բարիքին կարող կ՛ըլլայի օրերու աշխատանքս հաւաքելու ու նոյն օրը գիշերը բոլոր մէկ սեղան բերելու յաւակնութեամբ։
Վարդանանքի գիշերը կանուխ ժամերուն, երբ տակաւին վերջացուցած չէի ըլլար ճաշերու պատրաստութիւններս, մեզի այցելող առաջին հիւրը կ՛ըլլար մեր տաներէց քահանան՝ տէր Զարմայրը, որ ներս կը մտնէր իր պարթեւ հասակով եւ պատկառելի ներկայութեամբ կու տար իր խորիմաստ խորհուրդները։ Ան կու գար շնորհաւորելու ամուսնոյս անուան տօնը եւ «Հայր Մեր»-ով մը ընելու այցելութեան վերջաբանը։
Յաճախ կը յիշեմ, որ խոհանոցէն ելած կը դիմաւորէի զայն, ու իր այցելութիւնը տեսակ մը հանգիստի պահ մը կը շնորհէր ինծի։
Այդ օրերուն, որպէս դեռատի մայր երեք մանչ զաւակներու կեանքի շատ փորձառութիւններ չունէի, իսկ ինք տէր Զարմայրը յաճախ ամէն այցելութեան խօսքը ինծի ուղղելով կ՛ըսէր.
– Է՜հ Սիրուն խանըմ, կիւլ պահջէսընտէ օդուրմուշսըն։ (Է՜հ Սիրուն խանըմ վարդի պարտէզին մէջ նստած ես հիմա)։ Ալ չեմ գիտեր, թէ ինչի կ՛ակնարկէր։ Արդեօք նիւթական բարւոք կեանք մը ունենալնուս, թէ տան մէջ մասնաւոր տաղտուկ մը չունենալնուս, կամ պարզապէս զաւակներու՝ հոս տղոց դաստիարակութեան դժուարութեան կ՛ակնարկէր արդեօք։ Իսկ այս գործածած թրքերէն արտայայտութենէն տէր Զարմայր կը մատնէր ինքզինքը, որ տեղնուտեղով այնթապցի է, որովհետեւ այնթապցին, յարգանք բոլոր այնթապցիներուն, որ շրջանակի մէջ ալ ըլլայ իր իւրայատուկ կնիքը ունի սանկ՝ տեսակ մը ինքնավստահ ու շատ բան գիտցող։ Այո՛, մեզի նախորդող սերունդի այնթապցիներուն կարծես, իրենց լեզուի «շնորհն» էր այդ թրքերէնը։ Անպատճառ այդ թրքերէնը պիտի գործածէին եւ բառախաղով մը իրենց կեանքի զգուշաւորութիւնը պիտի արտայայտէին քեզի։
Ուրիշ առիթներով դարձեալ տէր Զարմայրը կու տար ինծի իր խորհուրդները։
– Էհ, Սիրո՛ւն խանըմ, հիմա պողջադ դեռ չէ բացուած ու դուն երջանիկ նստած ես։ Վաղը պիտի բացուի պողջադ։
– Այս տունէն երեք հատ զինուոր պիտի երթայ բանակի սպասարկութեան։
Ես անփորձ մայր եւ մեր նախկին սերունդի ներկայացուցիչին արի յարգանք պատասխան մը չէի կրնար գտնել ու լուռ կը խորհրդածէի, թէ արդեօք ինչո՞ւ ամէն այցելութեան այս նոյն խօսքերը կը կրկնէր մեր տաներէցը։
* *
Այո՛, անցան տարիներ եւ մեր զաւակները եղան պատանիներ ու անշուշտ իրենց հետ բերին մեզի ուրախութիւններ եւ տաղտուկներ։ Ինքը ճիշդ է, որ տղայ զաւակներու մայր ըլլալը քիչ մը տաղտկալի էր։ Ինչպէս Ուիլիըմ Սարոյեան իր պատմուածքներէն մէկուն մէջ կը յիշէ, թէ իսկապէս կեանքը հաճելի կը դառնայ, երբ տղադ կը մեծնայ եւ կը սկսի վիճաբանիլ հետդ։ Այն ատեն դուն վստահ կ՛ըլլաս, որ իսկապէս մեծցած է եւ ունի իր անձնական կարծիքը այլեւս։
Ծնողք մը միշտ պատրաստ պէտք է ըլլայ, թէ՛ զաւակներու շնորհած ուրախութեան եւ թէ տաղտուկներուն, այլապէս իր ծնողքի իմաստը կը կորսնցնէ անփոխարինելութեան արժէքը։
Այո՛, տարիներ վերջ կ՛ըմբռնէի տաներէցիս խօսքերուն ետեւ թաքնուած միտքը, բայց ով կրնար օրերու երթը կարդալ։
* *
Անցան երկար տարիներ մեր տաներէցը միշտ կ՛այցելէր մեզի։ Բայց այս անգամ ցաւով կ՛իմանամ տէր Զարմայրի տան դժբախտութիւնը։ Մեր արժանաւոր քահանան կը կորսնցնէր իր կողակիցը եւ կը մատնուէր տաղտուկներու։ Երէցկինին բացակայութիւնը կը խարխլէր մեր տաներէցին կեանքը։ Պէտք է ըսել, որ մեր քահանային կողակիցն ալ շատ համեստ ու արժանիքներու տէր էր։
Ինչ գիտնար տէր Զարմայրը, որ ի՞նչ վերապահուած էր իրեն։ Ըլլալով արժանաւոր կղերական եւ վերահասու անձնաւորութիւն շատ տառապեցաւ իր կնոջ մահէն վերջ օր մը եկեղեցւոյ քարոզին մէջ սաստիկ յուզուած արցունքներով յիշեց Կոմիտասի հետեւեալ խօսքերը։
– Սիրտս նման է էն փլած տներ,
կոտրեր են գերաններ, խախտել են սներ,
բոյն պիտի շինեն մէջը վայրի հաւքեր։
Շատ ազդեցիկ էր իր այդ օրուան քարոզը եւ իր դժբախտութիւնը մեզ ալ շատ յուզեց եւ մենք ալ լացինք իր հետ։ Բայց այդ օրը, երբ տուն հասայ տաներէցիս խօսքերը յիշեցի, թէ ինչպէս եւ ինչեր կը նախատեսէր մեզի համար որպէս նորկազմաւորուող ընտանիք։
Յիշեցի իմաստունի մը խօսքը, որ կ՛ըսէր՝ ուղտը եւ վիշտը կրնան նստիլ ամէն դրան առջեւ։ Ուղտը որ նախապաշարուած է որպէս բարօրութեան առաջնորդող սիմպոլ բոլորիս համար բաղձալի է։ Իսկ կրնայ հակառակն ալ պատահիլ եւ վիշտը նստի մեր դրան։ Ուրեմն ամէն ինչ մեզի համար է այնքան ատեն, որ կ՛ապրինք։ Ինչ որ պիտի ըլլայ, պիտի ըլլայ փախուստ չկայ։ whatever will be, will be։
Բան մը չենք կրնար փոխել օրերու երթին մէջ։
* *
Իր դժբախտութենէն տարի մը վերջ տէր Զարմայր երբ բաւականաչափ մխիթարուած էր, այցելեց մեզի՝ կրկին տուն օրհնէքի համար, ու չեմ մոռնար իր խօսքերը։
– Գիտե՛ս Սիրուն, այս երրորդ աղջկաս պարագային ես չէի ուզեր, որ աշխարհ գար։ Բայց Աստուծոյ կամքն պարտադիր էր, պէտք էր գար։
– Է՜հ, ինչ տարօրինակ բան, հիմա ես այդ աղջկան խնամքով է, որ կ՛ապրիմ։
– Անպատճառ Աստուած այս օրուան համար զայն ղրկած էր, որ զիս խնամէ։ Օրհնեալ ըլլայ Աստուծոյ կամքը։
– Այո՛, այդ օր ես կ՛ուզէի տէր հօր յայտնել, որ ինչքան ալ իմաստուն ըլլանք եւ աստուածավախ, չենք կրնար օրերու երթը կարդալ՝ բայց միայն լուռ կը խորհրդածէի։
– Ո՞վ կրնար օրերու երթը կարդալ։
**