ԱՐԱ ՍԱՆՃԵԱՆ
Հին օրաթերթերն ու շաբաթաթերթերը իբրեւ սկզբնաղբիւր օգտագործելը ուրոյն համ մը ունի, որ չեմ զգացած արխիւային թուղթերու կոյտին մէջ գլուխս թաղած ժամանակ։ Թերթերը քեզի աւելի շատ կը զգացնեն ուսումնասիրած ժամանակիդ ընդհանուր տրամադրութիւնները քան՝ յատուկ թեմայի մը շուրջ արխիւային թղթապանակ մը։
Այսօր այլ նիւթերու փնտռտուքի ժամանակ, դիմացս գտայ 27 Մայիս 1928-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան տասնամեակի Փարիզի մէջ կայացած տօնակատարութեան ներկայ եղած օտար անձնաւորութիւններու բաւական երկարապատում ցուցակ մը։
Մտածեցի, որ սփիւռքահայութեան մէջ մի քանի թուականներ կան, որ վաղուց համազգային, կուսակցական կամ կուսակցականացած, տարեկան, «տաղաւար» տօներու վերածուած են։ Անոնց կազմակերպիչները իւրաքանչիւր տարի բազում ջանք կը թափեն առաւելագոյն թուով անուանի օտար անձնաւորութիւններու ներկայութիւնն ապահովելու համար։
Հետաքրքրական կ’ըլլայ վերցնել այդպիսի տօն մը եւ ուսումնասիրել թէ յաջորդական տարիներուն ո՛ր օտար շրջանակները ձանձրոյթ քաշած են հերթական այդ հրաւէրին ընդառաջելու։ Համեմատական այդպիսի ուսումնասիրութիւն մը լաւագոյն պարոմեթրը կրնայ հանդիսանալ եզրակացնելու մեր ազգային կամ ներհայկական այդ շրջանակին կշռին ելեւէջները յաչս այդ օտար հրաւիրեալներուն եւ անոնց կազմակերպութիւններուն։ Կրնանք նոյնիսկ մտորել թէ փոխադարձ ի՛նչ ակնկալիքներ ունեցած են այդ հրաւէրներուն ընդառաջածները զիրենք հրաւիրող հայ կազմակերպութիւններէն։
Ուրեմն, վերադառնամ 1928-ի ցուցակին եւ զանիկա վերարտադրելով աւարտեմ այս գրութիւնը.-
«Տօնակատարութեան ներկայ եղած են նաեւ բազում ականաւոր օտարականներ.—
«Ծերակուտական եւ նախկին նախարար Ժիւսթէն Կոտար, ծերակուտական Վիքթոր Պէռար, փաստաբան Թիպօ, Փրոֆ. Ֆրէտէրիք Մաքլէր, Տնտեսական ընկերութեան ներկայացուցիչ Այեօ, ռուսական երեք նախկին դեսպաններ՝ տը Կրիս, Նէլիտօֆ, եւ Մալքաքօֆ, Պոլսոյ դեսպանատան աւագ թարգման Մանտէլշթամ, Վրաստանի կողմէ՝ նախկին վարչապետ Ժորտանիա, Չխէնկէլի, Ռամիշվիլի, Կամպաշիցէ, Չոլաքայէվ եւ ուրիշներ, Ադրբեջանի կողմէ՝ Թոփճիպաշէֆ, Շէյխիւլիսլամօֆ եւ Րէսուլզատէ Մէհմէտ Էմին պէյ, Ուկրայինայի կողմէ Շափավալ եւ ուրիշ ներկայացուցիչ մը, Հիւս. Կովկասի լեռնականներուն կողմէ Փարիզի ներկայացուցիչ Չերմոյէֆ եւ Պամատօֆ, Քուպանի կողմէ՝ Նապատօք եւ բազմաթիւ ուրիշ օտարական բարձրաստիճան հիւրեր։ Ներկայացուցիչներ կային նաեւ օտար մամուլէն. բացի տեղական թերթերու թղթակիցներէն, ներկայ եղած են նաեւ «Ժուռնալ տը Ժընեւ»ի խմբագիր Ժան Մարթէնը եւ Պուքրէշի մեծագոյն թերթին՝ «Ունիվէրսալ»ի Փարիզի թղթակիցը։ Էս-Էր կուսակցութեան կողմէ Մինօր եւ Լեպէտէվ (նախկին ծովային նախարար), Վիեննական Մխիթարեան Արիստակէս վրդ. Մելիքսէդեան։ Ուկրայինայի զինուորականներուն կողմէ զօր. Եուտէնիչ՝ անձամբ շնորհաւորութիւնները ներկայացնելէ ետք մեկներ է։
«Իսկ համակրական նամակներ գրած էին՝ Ֆրանսայի պատերազմական նախարար պ. Փօլ Փէնլըվէ, ծովային նախարար պ. Ժորժ Լէյկ, հանրօգուտ շինութեանց նախարար՝ պ. Անտրէ Թարտիէօ, թոշակներու նախարար պ. Լուի Մառէն, Ծերակոյտի նախագահ պ. Փոլ Տումէր, Փարիզի զինուորական կառավարիչ զօրավար Կուրօ, արտաքին նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար պ. Պէրթըլօ եւ պաշտօնատար պ. Սիքար, Ֆրանսայի Առեւտրական Սենեակը, ընկերվարական երեսփոխան պ. Փիէռ Ռընօտէլ, փաստաբան Հանրի Ֆապրի, Փարիզի յունական դեսպան պ. Փոլիթիս, եւ այլն, եւ այլն։
«Հանդէսին նախագահեր է հայ գրականութեան փառքերէն Ա. Ահարոնեան, որ խօսեր է նախ ֆրանսերէն յետոյ հայերէն. հետզհետէ խօսեր են Շաւարշ Միսաքեան, ծերակուտական պ. Ժիւսթէն Կոտար, պ. Քրաֆթ-Պոնար եւ Անգլիոյ վարչապետին տղան պ. Օլիվըր Պոլտուին, որոնց առաջինը [այսինքն՝ Քրաֆթ-Պոնարը – Ա.Ս.] Ժընեւէն, երկրորդը Լոնտոնէն յատկապէս եկած էին հանդէսին ներկայ ըլլալու համար։» («Հայաստանի անկախութեան տարեդարձի տօնակատարութիւնը՝ Փարիզի մէջ», Հայաստանի կոչնակ, ԻԸ․ տարի, թիւ 25, Յունիս 23, 1928, էջ 794)