ՀՀ նախկին արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան facabook-ի իր էջին մէջ կ’անդրադանայ պատմական քաղաքական որոշ իրադարձութիւններու, մասնաւորապէս, շարունակականութեան եւ փոփոխութեան ուժերու բախումներու տարբեր ժամանակներուն, ինչպէս նաեւ ապագայ Հայաստանի մասին. «Պատմութեան իւրաքանչիւր ձեւափոխական իրադարձութեան նախորդող եւ յաջորդող ժամանակահատուածին միշտ իրարու բախած են այդ պահուն առկայ շարունակականութեան եւ փոփոխութեան ուժերը: Ձեւափոխաման յաջողութիւնը կախուած կ’ըլլայ անկէ, թէ այդ ուժերէն որ մէկը կը յաղթէ:
Օրինակ, Ֆրանսական մեծ յեղափոխութեան յաջորդած` 18-րդ դարու առաջին կէսի «Եւրոպայի մէջ շարունակականութեան կը նպաստէին թագաւորական հիմնարկները, եկեղեցին, հողատէրերը եւ խաղաղութեան նկատմամբ մեծ պահանջարկը, իսկ փոփոխութեան ուժերը` բնակչութեան աճը, ճարտարարուեստականացումը, ազգայնականութիւնը, ազատականութիւնը, ժողովրդավարութիւնը եւ ընկերվարութիւնը դարձան գերակշռող եւ յանգեցուցին հիմնարար էական փոփոխութիւններու:
«Շարունակականութեան եւ փոփոխութեան ուժերը իրարու բախեցան նաեւ Խորհրդային Միութեան փլուզման օրերուն եւ աւարտեցան փոփոխութեան ուժերու յաղթանակով:
«Հայաստանի մէջ նախագահական իւրաքանչիւր ընտրութիւն, հաշուի առնելով մեր պետականութեան կարճ ժամանակահատուածը, քաղաքական յեղյեղուկ վիճակը, ինչպէս նաեւ երկրի ոչ բարւոք վիճակը, միշտ դիտարկուած է մեր երկրի համար իբրեւ ձեւափոխական իրադարձութիւն: Բնականաբար, մետ մօտ նոյնպէս փոփոխութեան եւ շարունակականութեան ուժերը կը բախին իրարու:
Այդ ուժերը կրնան բազմապիսի ըլլալ, բայց ես կ’առանձնացնէի հետեւեալը.
«Շարունակականութեան ուժեր 1. Քաղաքական-տնտեսական վերնախաւի շահեր. այս երկու տասնամեակներու ընթացքին մեր հիմնարար բացթողումներու արդիւնքով Հայաստանի մէջ ձեւաւորուած է այնպիսի քաղաքական-տնտեսական վերնախաւ մը` իր թեւերով եւ արմատներով, որ, որքան ալ տարաբանական է, ատոր միջոցով հնարաւոր է փոփոխութիւնը, բայց ամենաշատը նոյնինքն ան շահագրգռուած է շարունակականութեան մէջ:
2. Համակարգին սպասարկող լրատուամիջոցներու գերիշխանութիւն. իրականութիւնը աղաւաղուած ներկայացնելով` անոնք էապէս կ’ազդեն եւ կ’ուղղորդեն հասարակութիւնը` ի նպաստ շարունակականութեան:
3. Այլընտրանքի խարխլում. ասիկա կ’արտայայտուի ընդդիմադիր եւ ոչ իշխանական ուժերու դիրքորոշումներու աղաւաղման, միասնական թեկնածուի հնարաւորութեան բացառման, մրցակցութենէն խուսափելու եւ քաղաքական վէճը գաղափարական հարթութենէն անհատներու եւ շահերու հարթութիւն տեղափոխելու հետեւողական փորձերու միջոցով:
4. Ղարաբաղեան պատերազմի վտանգ. հաշուի առնելով, որ Հայաստանի մէջ ընտրութիւններուն յաճախ յաջորդած է ներքին անկայունութիւն եւ պառակտում, հասարակութեան մօտ միշտ կայ այն մտազուգորդումը, որ որեւէ այլակերպութիւն կրնայ յանգեցնել ներքին անկայունութեան, որմէ կրնան օգտուիլ մեր թշնամիները:
«Փոփոխութեան ուժեր 1. Ժողովրդագրական ճգնաժամ. ասիկա երեւի ամենաազդեցիկ ուժն է: Երկրին մէջ մնացողները կը գիտակցին, որ ներկայիս միտումներու պահպանման պարագային յաջորդ տասնամեակին Հայաստանը կը յայտնուի շատ ծանր վիճակի մէջ: Պաշտօնական վերջին տուեալներով, այս տարուան առաջին իննը ամիսներուն Հայաստանէն մեկնողներուն թիւը 90 հազարով աւելի եղած է մուտք գործողներու թիւէն: Ասիկա բնականաբար լուրջ մտահոգութիւն կ’առաջացնէ Հայաստանի մէջ մնացողներուն մօտ` զանոնք մղելով իրականացնելու լրջագոյն համակարգային փոփոխութիւններ:
2. Լայն զանգուածներու դժգոհութիւն/քաղաքացիական հասարակութեան զարթօնք. այսօր ակնհայտ է, որ ժողովուրդի մեծամասնութիւնը լուրջ դժգոհութիւններ ունի: Եթէ մինչեւ այսօր այդ դժգոհութիւնները որեւէ ձեւով իրենց արտայայտութիւնը չէին գտներ հասարակական բողոքի ձեւով, այսօր ինչ-որ տեղ, շնորհիւ քաղաքացիական հասարակութեան զարթօնքին, համացանցի եւ ընկերային ցանցերու, յաջողութիւն կ’արձանագրուի՝ թէկուզ ոչ շատ մեծ հարցերու մէջ: Ասիկա առնուազն յոյս կը ներշնչէ, որ երկրի համար հրատապ խնդիրներու շուրջ ընտրութիւններու ճանապարհով զանգուածային դրսեւորումները առաւել կազմակերպուած ու առաւել ազդեցիկ կրնան ըլլալ:
3. Ընտրութիւններու միջոցով գոնէ մէկ անգամ փոփոխութեան անհրաժեշտութիւն/ ժողովրդավարութեան ամրագրում. Թէեւ ընտրութենէ ընտրութիւն ժողովրդին մօտ առաւել կը խորանայ թերահաւատութիւնը ընտրութիւններու միջոցով ինչ-որ բան փոխելու նկատմամբ, բայց քանի որ միաժամանակ շատ ծանր է քաղաքացիներու վիճակը, նախագահական ընտրութիւններու պարագային այդ յոյսը կը վերադառնայ, եւ ընտրութիւններու միջոցով իր կամքը արտայայտելու ձգտումը որոշ չափով կը վերականգնուի:
4. Յառաջընթաց հարեւան երկրին մէջ. բոլորս լաւ կը գիտակցինք, որ մեր կենսունակութիւնը նաեւ մեր մրցունակութիւնն է հարեւաններու հետ: Վրաստանի մէջ արձանագրուած տնտեսական եւ քաղաքական յառաջընթացը չի կրնար իր ազդեցութիւնը չունենալ Հայաստանի վրայ` հարեւան երկրին հետ համաքայլ ըլլալու առումով:
«Որ Հայաստանի մէջ նոյնպէս փոփոխութեան ուժերը գերիշխող կ’ըլլան, կասկած չի յարուցեր: Մեծ հարցը այն է, թէ երբ այն տեղի պիտի ունենայ: Հաշուի առնելով մեր առաջ ծառացած խնդիրները եւ անոնց արագ լուծում տալու անհրաժեշտութիւնը, փոփոխութեան հրատապութիւնը մեզի համար կը դառնայ ճակատագրական»: