ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ – ԱԶԱՏ ԽՕՍՔ
Այս օրերուն, մեր միտքերը կ’երթան Վարդանանց հերոսամարտին եւ Աւարայրի ոգիին, որոնք 1570 տարիներու հեռաւորութենէն կը ոգեշնչեն մեզ իրենց բացառիկ գաղափարախօսական ոյժով, դիմադրական աննկուն ոգիով, «Յանուն հաւատքի ու հայրենեաց» ոգիով ու գաղափարախօսութեամբ կռուելու եւ յաղթելու վճռակամութեամբ:
Աւարայրի ճակատամարտը Սասանեան Պարսկաստանի դէմ հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարի բարձրակէտն էր։ Տղմուտ գետի ափին, 451 թուականի գարնան, պարսկական հսկայական 300000-նոց բանակը, թիւով հայկականին գրեթէ հնգապատիկը՝ իր ընտիր հեծելազօրով, «Մատեան գունդով» եւ մարտական փիղերով, խնդիր էր դրած ճնշել հայերու ապստամբութիւնը, գրաւել անոնց ռազմաքաղաքական կեդրոն՝ Արտաշատը, պարտութեան մատնել զանոնք, որպէսզի կարելի ըլլար անոնց պարտադրել մազդէական կրօնը, այսինքն՝ պարսկականացումը:
Վարդան Մամիկոնեան սպարապետը, Յովսէփ կաթողիկոսը եւ Ղեւոնդ Երէցը կոչ կ’ուղղեն հայոց 66,0000 մարդ հաշուող զօրքին՝ արիաբար մարտնչելու թշնամիին դէմ. « Չերկնչինք եւ չվախնանք հեթանոսներու բազմութենէն, իսկ եթէ հասեր է ժամանակը՝ մեր կեանքը սուրբ մահով աւարտելու այս պատերազմին, մահն ընդունինք ուրախ սրտով, միայն թէ արիութեան եւ քաջութեան մէջ վախկոտութիւն չխառնենք», սիրտ կու տայ Վարդան Մամիկոնեան, նշանաբան ընտրելով՝ «Մահ ոչ իմացեալ մահ է, մահ իմացեալ անմահութիւն է»: Ու թէպէտեւ Վարդան ինկաւ հերոսաբար, հայերը տուին շուրջ 1036 զոհ, սակայն 50 տարի ետք՝ Նուարսակի պատմական դաշինքով Հայաստան տէր եղաւ մշակութային, կրօնական եւ խղճի կատարեալ անկախութեան:
Արդարեւ, Պարսկական արքունիքը ստիպուած եղաւ Մարզպանական Հայաստանէն շուտով ետ կանչել իր զօրքերը, հրաժարիլ հաւատափոխութեան միջոցով հայերը ձուլելու ծրագիրէն եւ ճանչնալ անոնց ներքին ինքնավարութիւնը եւ խղճի ազատութիւնը: Եղիշէն կը գրէ. «Ոչ թէ մէկ կողմը յաղթեց եւ միւս կողմը պարտուեցաւ, այլ քաջերը քաջերու դէմ դուրս գալով, երկու կողմերն ալ պարտութիւն կրեցին»:
Ի՞նչ ունինք այսօր:
27 Սեպտեբերէն մինչեւ 9 Նոյեմբեր տեւող 44-օրեայ նոր «Աւարայր»ը չկրցաւ դէմ դնել թուրք-ազերի-ճիհատիստ վոհմակներուն, որոնք սպառազինուած էին ՆԱԹՕ-ի եւ Իսրայէլի գերժամանակակից զինամթերքով եւ անօդաչու սարքերով, առկայ էին Ռուսաստան-Թուրքիա խարդաւանքները եւ շատ հաւանաբար բանակի ներքին պառակտումները… եւ Հայաստան-Արցախ կորսնցուց աւելի քան 5000 զինուոր ու քաղաքացի, կորսնցուց հայրենական նկատառելի տարածք, մշակութային պատմական կոթողներ, որոնք մնացին թշնամիին տիրապետութեան տակ, ենթակայ սրբապղծման, քանդումի եւ տարբեր տեսակի վանտալիզմի արարքներու: Եւ ուռճացաւ Եռաբլուրը՝ հազարաւոր անմեղներու շիրիմներով…: Մենք կորսնցուցինք նաեւ մեր ազատութիւնը, արժանապատւութիւնը եւ վաղուան յոյսն ու հեռանկարը…: Աւելին, բաժան-բաժան եղած հայութիւնը լծուած է մէկը միւսը մեղադրելու, մէկը միւսը մրոտելու, մէկը միւսին սպառնալու հոգեմաշ եւ կործանարար աշխատանքին, թշնամիին ջրաղացին ջուր լեցնելու աստիճան:
Փա՛ռք ու պատի՛ւ եւ խոնարհո՛ւմ, սակայն, այն քաջորդաց որոնք հերոսաբար ինկան յանուն մեր պատուին ու արժանապատուութեան, բոլոր այն զինուորներուն եւ հայոց բանակի նուիրեալներուն, որոնք սխրանքի փայլուն էջեր արձանագրեցին հայոց պատմութեան էջերուն մէջ: Եւ այս դիւցազուն մարտիկներն են՝ ողջ թէ մեռած, որոնք դեռ մեր գլուխը բարձր կը պահեն՝ յանձնուողական պայմաններու խաժամուժին մէջ…եւ նոր յաղթանակներ կերտելու յոյս ու հաւատք կը ներշնչեն այս մռայլ օրերուն:
Ո՞ւր փնտռել այս անփառունակ պարտութեան պատճառները:
Եթէ Աւարայրը ունէր հաւատքի եւ հայրենիքի հզօր գաղափարախօսութիւնը, որ թրծուեցաւ եւ ամրապնդուեցաւ 5-րդ դարու Հայ գիրերու գիւտով, Աստուածաշունչի թարգմանութեամբ, հայկական Ոսկեդարի ստեղծած հոգեմտաւոր, բարոյական եւ հոգեւոր արժէքներով ու անկրկնելի գանձերով, հայ ոգեղէնութեամբ, ինչ որ կեանքի կոչեց «ՎԱՍՆ ՀԱՒԱՏՔԻ, ՎԱՍՆ ՀԱՅՐԵՆԵԱՑ» ապրելու եւ ի պահանջել հարկին մեռնելու իմացութիւնը, հաստատակամութիւնը, հաւաքական կամքը, միւս կողմէն նոր ժամանակներու Հայաստանը՝ Արցախին հետ միասին, չկրցաւ իր կեանքը կառուցել ազգային-հայրենական արժեհամակարգի, ազգային գաղափարականին վրայ: Մենք չունեցանք նոր Ղեւոնդներ, նոր Վարդաններ եւ «լուռ են մեր եկեղեցւոյ զանգերը»:
Արդարեւ, յետ անկախութեան երեսուն տարիներուն, հինը քանդելով, մենք չկրցանք նորը կառուցել՝ ազգային-հայրենական մեր Արժեհամակարգին վրայ, ազգային Գաղափարականին վրայ….Ստեղծուած պարապութիւնը՝ շուտով, ծրագրուած ճարպիկութեամբ, եկան լեցնելու դուրսէն ներմուծուած, հայու հոգիին խորթ ու անյարիր «արժէքներ», բարքեր, ապրելակերպի տարրեր, օտարին ծառայող աղանդներ, շուկայական, վայրի դրամատիրութեան եւ նոր ազատականութեան վրայ հիմնուած համակարգ եւ կրթութիւն, որոնք խաթարեցին, եղծեցին հայուն դիմագիծը, մեզ վերածելով ուղեկորոյս խառնամբոխի…:
Եւ այսպէս, յետ-անկախութեան երեսուն տարիները մենք չկրցանք օգտագործել մեր երկիրը զօրացնելու, մեր բանակը ամրացնելու եւ արդիականացնելու, երկրին արդիւնաբերութիւնը, տնտեսութիւնը, կրթութիւնը եւ գիտութիւնը զօրացնելու գերնպատակներուն…հիմք ունենալով ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ եւ ազգային հոգեմտաւր ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ համակարգը: Ամբողջ հարստութիւնը՝ ստորգետնեայ թէ վերգետնեայ, անցաւ ՀՀ իշխանութեանց հետ սերտաճած օլիգարխներուն, որոնք անխնայ կեղեքեցին մեր ժողովուրդը, կառուցեցին դղեակներ, ապրեցան ցոփ ու շուայտ կեանքով, գումարներ կուտակեցին աշխարհի տարբեր դրամատուներու մէջ, փոխանակ մեր բանակը սպառազինելու ամէնէն արդիական զէնք-զինամթերքով, հակաօդային եւ այլ գերժամանակակից սարքերով, ինչպէս նաեւ զայն մարզելու երկաթեայ կարգապահութեամբ եւ կազմակերպուածութեամբ…:
Մէկ խօսքով, երկրի եւ ազգի ԹԱԼԱՆԸ կամ ԿՈՂՈՊՈՒՏԸ դարձաւ հիմնական «սկզբունք եւ գաղափարական», ինչ որ մեզ ազգովին հասցուց այն խոր անդունդին, ուր կը գտնուինք ներկայիս: Ե՞րբ է եղեր որ նիւթը, ընչաքաղցութիւնը, յափշտակութիւնը ներշնչեն ժողովուրդ մը յաղթանակ տանելու ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ՈԳԻԻ ԱՇՏԱՐԱԿՈՒՄԻՆ:
Սա չէ՞ գլխաւոր պատճառը մեր պարտութեան:
Այսօր մեզի «օդի, ջուրի, հացի նման» անհրաժեշտ է ունենալ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ եւ նոր ՎԵՐԱԴԱՐՁ դէպի հոգեմտաւոր եւ բարոյական արժէքներու համակարգը, որ մեր ցեղային առաքինութեանց ակունքին մէջն է եւ համախմբուիլ այդ արժէքներուն եւ գաղափարականին շուրջ՝ իշխանութիւն թէ ընդդիմութիւն, երկիրը դուրս բերելու այս քաղաքական, տնտեսական, հասարակական եւ հոգեբարոյական խոր ճգնաժամէն, վերականգնումի նոր շունչ պարգեւելու անոր:
Մեծ մտածող Կոստան Զարեան նշանակալից կերպով կ’արձանագրէ իր «Նաւը լերան վրայ» յայտնի վէպին մէջ. «Ազգերի կեանքում յառաջադիմութիւնը՝ պատմութեան եւ մտքի՝ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ նոր մի վերադարձ դէպի ցեղի բուն իսկութիւնը։ Դէպի այն վտիտ եւ պարզ հոգեկան ակնաղբիւրը, որտեղից առաջ են եկել իր գլխաւոր առաքինութիւնները եւ որոնց վրայ հիմնուել է իր լինելու կամքը։ Այն մաքրամաքուր նախասկզբնական ուժերը, որոնք սնուցել են եւ արդարացրել իր էութիւնը։ Այդ տեսակէտից, ամէն մի իսկական յեղափոխութիւն յետ գնալ է. ոչ դէպի այն՝ ինչ որ անկատար կերպով անուանում են աւանդութիւն, այլ դէպի ա՛յն, ինչ որ կազմում էր ցեղի հոգեկան բնոյթը, նրա ծագման դրդապատճառը։»
Վարդանանք եւ Աւարայրը կը մնան յուշարարը, գերազանցօրէն, ազգային մեր բուն իսկութեան, մեր հոգեւոր առաքինութեանց եւ էութեան, ազգային գաղափարականին, որոնց վերադարձով եւ անոնց շուրջ միասնական համախմբումով միայն կարելի է կառուցել ազգ, երկիր ու պետութիւն եւ ետ բերել հայրենական բռնախլուած տարածքները, որոնք մեր բազմահազարամեայ օրրանն են եղած՝ դեռ պատմութեան արշալոյսէն: