Դոկտ. Մինաս Գոճայեան
-Ա-
Ողբացէ՜ք ո՜վ Մեծն Մեսրոպ Մաշտոց, Սահակ Պարթեւ,Արքայ Վռամշապուհ, Մովսէս Խորենացի, ձեր այնքան փայփայած մայրենի լեզուի բառապաշարը օր ըստ օրէ «կը հարստանայ, կը բարգաւաճի» մինչեւ աստղերն անհամար։
Յերկրի Հայաստան եւ ի ստորոտն Մասեաց, վերջին շրջանին բազմաթիւ «բառերով ճոխացաւ» մեր մայրենին։ Այսօր լսեցի անոնցմէ մէկը, որ ձեր վաւերացման կը սպասէ։
– Աւետի՛ս հայեր եւ ամենայն սուրբք ի վերին Երուսաղէմ, այս զոյգ ականջներովս լսեցի բժշկական նոր բառ մը։ Կը ներէք ո՜վ Մեծ Սուրբք, ես այսօր լսեցի, դեռեւս դուք նուաստէս առաջ լսած էիք նոր բառը՝ տեստաւորուիլ, որ եւրոպացւոց լեզուի test բառն է։
Կեցցե՛ն մեր բժիշկները, որոնք հրաշքնե՜ր կը գործեն մա՛նաւանդ այս տխրամած եւ մահագոյժ օրերուն՝ բիւրաւոր մարդկանց կեանքը փրկելով, բայց բժշկագիտութիւնը մեծ աւերներու կ՚ենթարկուի ի հայս, որ աշխարհքին տուած է բժիշկներ եւ դեղաբոյսերու գիտակներ՝ Մխիթար Հեռացի, Ամիրտովլաթ Ամասիացի, Ակադ. Ճղարեան, Ռէյմոնտ Տամատեան (MRI), Համբար Քելիքեան, Ռոպերտ Նալպանտեան, Ճորճ Նաճարեան եւ շատ ուրիշներ, բայց անոնց մայրենի լեզուին մէջ կը ներարկուին նոր ժահրեր՝ բառերու տեսքով։ Խնդրեմ՝ երէկ «պացիենտ»ն էր ու «վիրուս»ը, այսօր՝ test-տեստ-թեսթը։
Մինաս
(Շարունակելի Ա.)
——————————–
ՈԶՆԻԻ ՓՈՒՇԵՐԷՆ
-Բ-
Հայաստանի Հանրապետութեան մեր գիտնական եւ հաւասարակշռուած նախագահը երկար ատենէ ի վեր Անգլիա ապրելով, դասախօսելով, իր պաշտօններուն բերումով լայն կապեր հաստատած էր Անգլիոյ վերնախաւին հետ, ինչպէս ատենին ըրած էր Գալուստ Կիւլպէնկեան։ Վստահաբար ան տպաւորուած էր անգլիական հասարակութեան եւ պետութեան փորձառութիւններէն եւ աւանդութիւններէն։ Անոնցմէ մէկն է Լոնտոնի սիրտին մէջ գտնուող նշանաւոր «Հայտ Փարք»ը (Hyde Park), որ շատ մօտ է Ուեսթմինսթըր պալատին։
Այս պուրակը (երկար ատենէ ի վեր զբօսայգի) հասարակութեան համար բաց եղաւ 1637-էն սկսեալ։ Հայտ Փարքը աշխարհի միւս զբօսայգիներէն կը տարբերի անկիւնով մը, ուր ոեւէ մէկը կրնայ իր միտքերը ազատօրէն յայտնել, քննադատել պետութիւնն ու եկեղեցին, դասակարգերը, սովորութիւնները, աւանդութիւնները եւ այլն։ Ելոյթ ունեցողը միայն թագաւորին կամ թագուհիին դէմ չի կրնար արտայայտուիլ։
Հոյակապ վայր մը անտարակոյս։ Ազատ ամբիոն մը՝ ինչ կ’ուզես ըսէ, լսողներ կ’ունենաս։ Տասնամեակներէ ի վեր միլիոնաւոր զբօսաշրջիկներ կ’այցելեն այս երանելի վայրը։ Ես ալ ամէն Լոնտոն երթալուս կ’անցնիմ այս պուրակէն։ Ուրեմն Հայտ Փարքը ձեւով մը ազատախօսութեան եւ ժողովրդավարութեան
խորհրդանիշ մըն է, որ շատ գնահատուած է նաեւ մեր հանրապետութեան արժանի նախագահին կողմէ։
Բայց ի՞նչ կապ ունի հանրապետութեան թիւ մէկ մարդուն առաջարկած անունը՝ «ՀԱՅ ՊԱՐԿ»ը «Հայտ Փարք»ի հետ։ Բովանդակութեան եւ էութեան իմաստով առնչութիւն մը չկայ, բայց անունները նման են իրար, «հաճելի» եւ դիւրըմբռնելի են օտարներուն կողմէ, եւրոպական քաղաքակրթութեան համահունչ են, դիւրին է արտասանելը… Ո՞ր մէկը հեշտ կ’արտասանուի՝ «Ցեղասպանութեան զբօսայգի՜», Armenian Park, Armenian Genocide Park, Armenian Renaissance Park եւ այլն թէ՞ Hay Park-ը։ Այս նրբութիւնները շա՜տ կարեւոր են այսօր՝ այս «այփատ» (Iphone, Ipad) եւ նմանօրինակ անուններով կշտացած առցանցային լեզուին ,քաղաքակրթութեան և համաշխարհայնացումի դարաշրջանիս։
-Իւ՜ֆ,- պիտի տրտնջան գործնականապաշտները եւ «հայերէն երկար բառերէն» խորշող վերջէն տեսածները,- ի՞նչ կ’ըլլայ, մենք փարք (պարկ) գացինք չե՞նք ըսեր հոս, թող Հայաստանի մէջ ալ «Հայ Պարկ» ըսեն…։ Դուք ալ շատ բարակին ետեւէն կ’երթաք(կոր)։
Ոզնիիս փուշը քիչ մնացեր էր տեղ հասնելէն առաջ «սպտոյտ» (Uturn-Ս=U) մը ընել, աւելի լաւ բառով մը՝ շրջադարձ ընել, եւ իմ միսիս մէջ մտնէր, եթէ ոզնիս չպոռար վրան ըսելով.
– Ծօ՛, քեզի ուր որ ղրկեր եմ հոն ալ գնա՛… անհնազա՛նդին մէկը,- եւ շարունակեց,- գնա՛ ուր որ պիտի երթայիր, ողջոյններս ալ փոխանցէ եւ ըսէ թէ ծնողքդ կ’առաջարկէ հետեւեալ անուններով կոչելու է Ձեր գեղեցիկ մտայղացումը՝ «Հայայգի», «Հայպուրակ» եւ նման անուններով։
(Շարունակելի Բ.)