ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
Սիրելի’ Ահարոն,
Նորէն սկսիմ Միքայէլ Նալպանտեանի յայտնի բանաստեղծութեան բառերուն թեթեւակի փոփոխութեամբ.
…-Ես մինչ ի մահ, մինչեւ անարգ մահու սիւն
Ես պիտ՚ գոռամ լեզուի մաքրազտում։
Այսուհետեւ յաճախակի փշոտ սլաքներու արձակումներ պիտի ուղղեմ մեր լեզուն աղաւաղողներուն դէմ մինչեւ որ կա՛մ էշը սատկի կա՛մ իշատէրը։
ՈԶՆԻԻ ՓՈՒՇԵՐԷՆ
-Ա-
Ուրախ լերուք ո՜վ Մեծն Մեսրոպ Մաշտոց, Սահակ Պարթեւ եւ Արքայ Վռամշապուհ, ձեր այնքան փայփայած մայրենի լեզուի բառապաշարը օր ըստ օրէ կը հարստանայ, կը բարգաւաճի մինչեւ աստղերը անհամար։
Յերկրի Հայաստան եւ ի ստորոտն Մասեաց, վերջին շրջանին բազմաթիւ «բառերով» հարստացաւ մեր մայրենին։ Այսօր լսեցի անոնցմէ մէկը, որ ձեր վաւերացման կը սպասէ։
– Աւետի՛ս հայեր եւ ամենայն սուրբք ի վերին Երուսաղէմ, այս զոյգ ականջներովս լսեցի բժշկական նոր բառ մը։ Կը ներէք ո՜վ Մեծ Սուրբք, ես այսօր լսեցի, դեռեւս դուք նուաստէս առաջ հաւանաբար լսած էիք նոր բառը՝ տեստաւորել, որ եւրոպացւոց լեզուի test բառն է։
Կեցցե՛ն մեր բժիշկները, որոնք հրաշքներ կը գործեն մա՛նաւանդ այս տխրամած եւ մահագոյժ օրերուն՝ բիւրաւոր մարդկանց կեանքը փրկելով, բայց բժշկագիտութիւնը կը գործէ ՄԵԾ աւերներ՝ Մխիթար Հեռացի, Ամիրտովլաթ Ամասիացի, Ակադ. Ճղարեան տուած մեր ազգին լեզուին մէջ։ Երէկ «պացիենտ»ն էր ու «վիրուս»ը, այսօր՝ test-տեստ-թեսթը։