Աւելի քան հինգ դարու հաւատաւոր« հետեւողական ու անդուլ պայքար մղեց հայ ժողովուրդը օտարի լուծէ դուրս գալու« իր ճակատագրի տէր դառնալու եւ ազատ« անկախ եւ գերիշխան հայրենիք մ’ունենալու համար£ Իր սրբազան ազգային ձգտումներու նուիրագործումը իր անկախութեան մէջ տեսնող Հայաստանª այս օրերուն« կը պատրաստուի աննախընթաց շքեղութեամբ տօնախմբելու իր պատմական անկախութեան 20-րդ տարեդարձը:
Անտարակոյս« պատմական կարելի է համարել Հայաստանի Անկախութեան այս տարեդարձը պարզ այն պատճառաւ« որ ամբողջ դարեր« օտարի բիրտ« արիւնաքամ տիրապետութիւններու ներքեւ« իր իսկ հողին վրայ հալածուած« անիրաւուած եւ կոտորածներու ենթարկուած« բայց միշտ յուսակորով« լաւատես եւ ազատատենչ հայ ժողովուրդը« տենդագին եւ խորը յամառութեամբ պայքարեցաւ իր երկրի անկախութեան ձեռքբերման համար: Ան մերժեց անձնատւութիւնը: Անդուլ եւ նպատակասլացª կապուած մնաց իր սրբազան հողին« հայրենիքին եւ հաւատաց անոր լինելիութեան: Ան միշտ հաւատարիմ մնաց իր ազգային ժառանգութիւններուն« որոնք արտայայտութիւն գտան իր ազգային ինքնութեան« ծաղկուն մշակոյթին եւ հոգե-մտաւոր հարստութիւններուն անվթար պահպանման մէջ: Ան հասաւ իր նպատակին« հանգրուաններով երեք անկախութիւններ« որոնք պատմականօրէն իրենց արձանագրութիւնը կը գտնեն առաջին« երկրորդ եւ երրորդ հանրապետութիւն բնութագրութիւններուն տակ:
Այդ ֆիզիքական անսպառ կորովին« հոգեմտաւոր արժանիքներուն եւ լինելիութեան հանդէպ իր ունեցած հաւատքին արգասիքը չէ՞ր միթէ Հայաստանի Մայիսեան Հանրապետութիւնը« որ Պայրոնեան բնութագրութեամբª փիւնիկի նմանողութեամբ միշտ յարութիւն առնող հայ ժողովուրդը« կերտեց Սարդարապատեան առաջին արիւնաքամ այլապէս պարտադրուած Հանրապետութիւնը« թող որ« հասկնալի պատճառներով- ուր գերիշխող կը դառնային քաղաքականօրէն սխալ կողմնորուշմներն ու փորձառական կեանքի չգոյութիւնը – երկու տարուած կարճատեւ տեւողութիւն ունեցաւ« առանց կարենալու իր հայրենասիրութեան չափանիշով հայրենիք մը գոյացնելու:
Նոյնպէս« հայու նոյն այդ լիարժէք ազգային ոգին չէ՞ր միթէ« որ ծնունդ տուաւ Նոյեմբերեան Հայաստանին« որ աւելի քան ութ տասնամեակներու սահմանափակ ժամանակահատուածի մը մէջ« իր սպառած« թշուառ եւ շուարուն ժողովուրդին տուաւ իր թիկունքը: Ներշնչեց: Գործելու« արդիւնաւորելու« ստեղծագործելու եւ իր հողին կապուելու աննախադէպ ուժեղ ոգի« կորով եւ ներշնչում տուաւª կարենալ իր հաւաքական եւ հայրենական կեանքը կազմակերպելու« զօրացնելու եւ արդիւնաւորելու համար:
Արդարեւ« Հայաստանª պատահականութեան յուսահատեցուցիչ քմայքներուն թողլքուած« անտէր- անպաշտպան ու դիւրաբեկ սահմանները ամրապնդեց« զանոնք դարձնելով անխորտակելի վահաններու: Ան վերականգնեց իր պետական« ժողովրդական« ուսումնական« մշակութային« գիտական« շինարարական եւ ներհայրենական կեանքը: Վերանուաճեց իր ազգային արժանապատւութիւնը£ Որպէս ընդունակ« առաջատառ եւ ստեղծագործ երկիր եւ ժողովուրդª արժանաւորապէս մուտք գործեց յառաջադէմ երկիրներու համաստեղութեան շարքերէն ներս« թող որ« լուսանցքի վրայ մնային անոր դարաւոր ազգային ձգտումներու եւ հիմնահարցերու հետապնդման եւ նուիրագործման գործընթացը« անշուշտ հասկնալի պատճառներով:
Գերզօր որհրդային Միութեան անակնկալ անկումը ճամբայ բացաւ Հայաստանի առջեւ կատարելագործելու իր ժողովուրդի դարաւոր երազը« որ էր կոթողէªլ իր անմնացորդ « ամբողջական եւ լիիրաւ անկախութիւնը« որ կը պայմանաւորուէր իր ՚Ազատՙ« ՚Անկախՙ եւ ՚գերիշխանՙ սրբազան բովանդակութեամբ:
Ահա թէ ինչու՞« պատմական նշանակութիւն ունի մեր նորօրեայ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը « որու քսաներորդ տարեդարձը արդար հրճուանքով կը զեղու մէն մի հայորդիի բաբախուն սիրտը: Հպարտ է ան« որ աւելի քան հինգ դարու պատմութեամբ բազում տառապանքներէ« կեղեքումներէ « տուայտանքներէ« ենթակայական բարդոյթներու ենթակայ դառնալէ ետք« իր ժողովուրդը կը վերատիրանար իր կորստեալ անկախութեան: անդավառ է ան« անգամ անոր արձանագրած մասնակի ձեռքբերումներով« ըլլայ ªազգային« ըլլայª միջազգային թատերաբեմերու վրայ£ Անգամ այդ արձանագրուած մասնակի յաջողութիւնները« անցնող քսան տարիներուն« հեզասահ չանցան:
Անկախութեան ձեռք բերման սկզբնական տարիներուն« Ազերի վոհմակներու կողմէ կատարուած բորկրոմներ« թուրք ու ազերի շրջափակումներ« երկրաշարժ ու տնտեսական ճգնաժամեր« որոշապէս խոչընդոտեցին Հայաստանի Հանրապետութեան կառուցողական գործընթացը« նաեւ« անոնց վրայ գումարուողª տիրող իշխանութիւններու կողմէ գործ դրուած սահմանադրական եւ ընտրական« արդարադատական զեղումները« իշխանութիւններու կողմէ կիրարկուած բռնարարքները« անպատիժ գոյարող ինչքի եւ կեանքի հաշուեյարները« սպանութիւնները եւ կաշառակերութիւնը – շարքը շատ է երկար բոլորը թուելու համար« եւ պատեհ ալ չէ Անկախութեան Քսանամեակի առիթով անոնց վրայ ծանրանալ – խոչընդոտեցին երկրի յառաջընթացը« պատճառ դառնալով տակաւ ընդհանրացում արձանագրող արտագաղթինª դէպի ներքին եւ արտաքին Սփիւռք, եւ այսª հայրենի իշխանաւորներու սառն ու անտարբեր նայուածքներուն տակ… Տխուրª բայց« ա՛յս է պարզուած պատկերը մեր հայրենի անկախութեան քսաներորդ տարեդարձին« որուն ամբողջական պատասխանատուութիւնը կը բառնայ Հայաստանի իշխանութիւններուն վրայ: Անոնք կառավարական օրակարգի նիւթ անգամ դարձուցած չեն արտագաղթը ցարդ: Ե՞րբ է« որ մեր ժողովուրդին երեք անկախութիւն շնորհած հայու ոգին զգաստութեան պիտի հրաւիրէ հայրենի մէն մի վարիչիª որ անխտրական ոգիով« անբասիր հայրենասիրութեամբ ծառայէ իր ազգին ու հայրենիքին:
Մենք կը հաւատանք« որ դարեր երկար մաքառումներու շնորհիւ մեր երկրէն խլուած անկախութեան վաւերական վերականգնումը բաւարար հաւաստիք է արձանագրուած այդ ապօրինութիւններու անյապաղ սրբագրութեան: Նաեւ« կը հաւատանք« որ այդ թերիներու անյապաղ սրբագրութիւնը պիտի արժեւորէ ոչ միայն ձեռք ձգուած անկախութիւնը« նաեւª զանիկա նուիրագործող հայու ոգին:
Ողջոյն եւ հազար փառք եւ պատիւ ստեղծագործ հայ ժողովուրդինª
Ողջո՛յն եւ հազար փառք ու պատիւ հայու անմար ոգիինª
Ողջո՛յն եւ հազար փառք ու պատիւ Հայաստանի Հանրապետութեանª
Հայաստանի Անկախութեան Քսաներորդ Տարեդարձին առթիւ:
ՏՈՔԹ. ԱՐՇԱԿ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ
www.araraddailynews.com