Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լսատեսողական լրատուամիջոցներու պաշտօնէութեան սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Ռինտալա Ժապպուրի:
Պատուիրակութեան մաս կազմեցին նաեւ Հալա Հատտատ, Պահաէտտին Ահմետ, Խտըր Ռըսլան, Ուիսամ Թրապուլսի, Տեզիրէ Պսայպես, Հութաֆ Տահամ, Կրէյս Մխայէլ եւ Ապտալլա Շամսէտտին:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց տեղեկատուութեան մարզի դերակատարութեան կարեւորութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը` ճշմարտութիւնը ներկայացնելու իմաստով, «որովհետեւ ճշմարտութիւնն է, որ կը դաստիարակէ ժողովուրդը եւ անոր հաստատուն հիմերը կը կառուցէ», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն քննադատեց իր դէմ մղուող արշաւները եւ զգուշացուց հանրային կարծիքին վրայ կաշառքներուն ու ապատեղեկատուութեան ունեցող ազդեցութենէն, երբ ճշմարտութիւնը լրիւ ծածկուած է եւ գոյութիւն չունի:
Անդրադառնալով կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին` նախագահ Աուն յայտնեց, որ տակաւին կան արգելքներ, որոնք կը խոչընդոտեն այդ աշխատանքը, «սակայն ճիգերն ու խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին», ըսաւ ան` զգուշացնելով այս թղթածրարին նկատմամբ որդեգրուած երկուութենէն:
Ան նշեց, որ ինք կը ջանայ նոր կառավարութիւն մը կազմել` Պաապտայի պալատէն մեկնելէ առաջ:
Նախագահ Աուն յայտնեց, որ պետութիւնը կերտողը գիտութիւնն է, կրթութիւնն ու ընկերային արժանիքները: Ան հաստատեց, որ մարդ արարածը պէտք է իր հողին վրայ շարունակէ ապրիլ` կերտելու համար իր հայրենիքը:
«Ճշմարտութիւնը պէտք է ըլլայ մնայուն գերիշխողը», ըսաւ նախագահ Աուն եւ անդրադարձաւ դատական իշխանութեան` հարց տալով, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչին դէմ դատական հարցերը ի՞նչ եղած են, եւ արդեօք Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը սկսա՞ծ է:
Հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց, որ «ճիշդ են այն տեղեկութիւնները, թէ ոմանք չեն փափաքիր իմ իշխանութեանս օրով կատարել ծովային սահմանագծումը»: Ան յանձնարարեց այս մասին հարց տալ խորհրդարանի նախագահին եւ վարչապետին` նկատի ունենալով, որ անոնք տեղեակ են սահմանագծումի թղթածրարին կապուած բոլոր տուեալներէն:
Նախագահ Աուն աւելցուց նաեւ, որ ինք վնասակար աղբիւր կը նկատուի բոլոր անոնց համար, որոնք կ՛արգելակեն իրաւական հաշուեքննութիւնը: «Փտածութեան դէմ կռուողը չի սիրուիր», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին մասին հետաքննութիւնը պէտք է շարունակուի, որպէսզի իրաւատէրերը իրենց իրաւունքը ստանան, իրաւազրկուածներէն անարդարութիւնը հեռացուի, իսկ ճշմարտութիւնը բացայայտուի, եւ պայթումին պատասխանատուները իրենց պատիժը ստանան:
Նախագահ Աուն յայտնեց, որ շատեր զինք ցեղապաշտ յորջորջած են` սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը պահանջելուն պատճառով: Ան նշեց, որ Պրիւքսելի խորհրդաժողովին պատահածը լուրջ մտավախութիւններ պատճառած է, որովհետեւ ան քաջալերած է տեղահանուածները համարկելու այն հասարակութիւններուն մէջ, որոնք կը հիւրընկալեն զիրենք: «Այս իմաստով Լիբանան իրաւական ուսումնասիրութիւն մը պատրաստած է արդէն եւ բողոքներ պիտի ներկայացնէ` ստանալու համար իր իրաւունքները», եզրափակեց նախագահ Աուն: