Այս առաւօտ ցաւով իմացանք, թէ երէկ՝ 7 Մայիս 2014-ին, Լոս Անճելըսի մէջ, ուր հաստատուած էր երկար տարիներէ իվեր, իր մահկանացուն կնքած է հալէպահայ գաղութի կրթական կեանքին երբեմնի անմոռանալի դէմքերէն մին եւս՝ Երուանդ Ակիշեան։
Պր. Ակիշեան 1956-69 ձեռնհասօրէն վարած էր տնօրէնութիւնը Հ.Բ.Ը.Միութեան Հալէպի նորահաստատ դպրոցին՝ Լ.Նաճարեան-Գ.Կիւլպէնկեան վարժարանին։ Այդ շրջանի աշակերտներուն վկայութեամբ՝ Ակիշեան պատկառելի ու խստաբարոյ տնօրէն մըն էր, որ հետեւողական աշխատանքով յաջողեցաւ նորաբաց վարժարանը վերածել կրթական նախանձելի օճախի մը։ Լ.ՇԱՌՈՅԵԱՆ
(Նկարին մէջ, ձախէն 6-րդը Երուանդ Ակիշեանն է, շրջապատուած՝ ամերիկահայ մտաւորական եւ հանրային դէմքերէ, 2010 Փետրուարին)