Երէկ կէս գիշերին «Ազդակ»-ի խմբագրութիւնը ցաւով իմացաւ իր երկար տարիներու աշխատակիցին եւ վերջին ժամանակաշրջանին «Ազդակ»-ի գրական էջի խմբագրութիւնը վարած ներհուն մտաւորականին ու բանաստեղծին՝ Սարգիս Կիրակոսեանի մահուան գուժը։
Ժամանակակից հայ բանաստեղծութեան կարկառուն դէմքերէն Սարգիս Կիրակոսեան եղած է «Բագին» գրականութեան եւ արուեստի հանդէսի փոխխմբագիր։ Ան իր իւրայատուկ վաստակը ունեցած է արաբական գրականութիւնը հայերէնի թարգմանելու առումով։ Կուսակցական պաշտօններ վարած է ՀՅԴ «Ն. Աղբալեան» եւ «Հ. Մարուխեան» կոմիտէութիւններուն մէջ։ Վերջին ժամանակաշրջանին ան կը վարէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կրթական եւ հայագիտական բաժանմունքի վարիչի պաշտօնը։ Ուսուցչական երկար տարիներու վաստակի տէր Սարգիս Կիրակոսեան հայ գրականութեան առարկան ուսուցանած է Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին մէջ։ Եղած է նաեւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ։ 28 մայիս 2015-ին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով արժանացած է «Մովսէս Խորենացի» շքանշանին։ Պարգեւատրումը կատարուած է 9 յունիսին՝ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ։ Եղած է համահիմնադիր Լիբանանահայ գրողներու համախմբումին։ Անդամ էր Հայաստանի գրողներու միութեան։
Սարգիս Կիրակոսեանի վաստակին եւ յուղարկաւորութեան մանրամասնութիւններուն կ’անդրադառնանք յառաջիկայ օրերուն։