ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
Տառապանքի եւ տագնապի մէջ խեղդուող լիբանանցին անգամ մը եւս հինգշաբթի օր վճարեց արեան գին, եւ հազիւ յոյսի նշաններով օրօրուող քաղաքացին դարձեալ վերադարձաւ յուսախաբութեան եւ յուսալքումի:
Տնտեսական, քաղաքական անկայունութեան վրայ աւելցաւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին դատաքննութեան ձեւի, խորքի եւ համապատասխան հեղինակութեան իրաւունքի սահմանադրական վէճը:
Տակաւին նոր կազմուած կառավարութիւնը, որ ցարդ ոչինչ կրցաւ իրականացնել, արդէն իսկ անդամալուծուեցաւ ու անճռկած վիճակի մատնուելով դատապարտումի յայտարարութենէ եւ սուգի յիշատակումէ անդին չկրցաւ անցնիլ:
Երկար ժամանակէ ի վեր փոխադարձ եւ առաստաղազուրկ յայտարարողական յարձակումները գետնի վրայ թարգմանուեցան պատերազմը յիշեցնող գործողութիւններով, փոքր եւ կիսածանր զէնքերու գործածութեամբ, նահատակներու եւ վիրաւորներու արձանագրութեամբ:
Փաստօրէն, միակ վնասողը եղաւ պարզ քաղաքացին:
Բայց ո՞վ արտօնած է քաղաքական կողմերուն լիբանանցի քաղաքացին վերածելու ձեռնախաղի եւ պատահական որեւէ առիթի, ներքին թէ արտաքին շահերու համար կամ երեսփոխանական ընտրութիւններու հեռանկարով զինք վերածելու զոհի, իսկ Լիբանանը առաջնորդելու քաղաքացիական պատերազմի:
Այն ինչ որ պատահեցաւ հինգշաբթի օր մերժելի է ամէն իմաստով:
Մերժելի է խորքով եւ ձեւով:
Ձախող բեմադրութիւն է անկասկած:
Փաստը, լիբանանեան խճանկարի իրականութիւնը ցոյց տուած է, որ փողոցի դէմ փողոց, զէնքի դէմ զէնք, ուժի դէմ ուժ ըմբռնողութիւնները երկիրը առաջնորդած են միայն քանդումի, իսկ քաղաքացին` մահուան, յուսաբեկումի կամ գաղթի:
Խնդիրը չի կայանար այն իրողութեան մէջ, թէ ո՛վ իրաւունք ունի:
Ո՛չ ալ թէ ո՛վ աւելի զօրաւոր է եւ կրնայ յաւելեալ շահեր ապահովել:
Երկրի ճակատագրական այս պահուն, ոչ ոք իրաւունք ունի նման կատակերգութիւն բեմադրելու:
Ո՛չ իշխանութիւնները, ո՛չ քաղաքական կողմերը, ո՛չ քաղաքացիական շարժումը, ո՛չ դատական համակարգը կամ զինեալ ուժերը:
Բոլորը անխտի՛ր, պարտաւոր են քաղաքացիին եւ Լիբանանի շահերը գերադաս նկատելով վերջ տան արիւնահեղութեան եւ երկիրը փրկեն ամբողջական կորուստէ:
Քաղաքացին զէնքի վառօդ չէ:
Ոչ ոքի արտօնուած է խաղալ լիբանանցիին ճակատագիրին հետ: