ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի բանակը, այս պահուն, ոչ-պաշտօնական աղբիւրներու տուեալներով՝ ունի շուրջ 10 հազար սպաննուածներ եւ շատ աւելի մեծ թիւով վիրաւորներ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակեց տեսանիւթ մը, որուն մէջ ատրպէյճանցի օգտատէրեր կը փորձեն տեղեկութիւննեռ գտնել սպաննուածներուն վերաբերեալ, որոնց անունները կը թաքցնէ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը:
«Չնայած հանգամանքին, որ Ադրբեջանի իշխանութիւնները պետական մակարդակով փակել են Արցախեան պատերազմի ընթացքում իրենց կորուստների մասին տուեալները, սպանուածների թիւն այնքան մեծ է, որ պայքարել այդ տեղեկատուութեան դէմ, այլեւս անհնար է դառնում: Համացանցում տարբեր հարթակներ են բացւում, որտեղ անհատ օգտատէրերը փորձում են տեղեկատուութիւն հայթայթել այդ կորուստների մասին ու հրապարակայնացնել դրանք: Ոչ-պաշտօնական աղբիւրներում նշւում է, որ ադրբեջանական բանակն այս պահին կարող է մինչեւ 10 հազար սպանուած ունենալ, իսկ վիրաւորների քանակը շատ աւելի մեծ է», կը նշուի պաշտպանութեան նախարարութեան տեսանիւթին մէջ:
Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը նշէ, որ նման հարթակներու առկայութիւնը եւ անոնց արագ տարածումը ատրպէյճանցի օգտատէրերու շրջանակին մէջ՝ կը վկայէ, որ ատրպէյճանական հանրութեան մօտ մեծ դժգոհութիւն կայ բանակին ահռելի կորուստներուն եւ անոնց վերաբերող տեղեկատուութիւնը պահելուն գծով:
«Յատկանշական է, որ զոհուածների ոչ-պաշտօնական ֆոտոշարքում (լուսանկարներու շարքին մէջ-Խմբ.) յայտնւում են նրանք, որոնք օրեր առաջ տեսանիւթեր էին հրապարակում՝ իբր գրաւուած տարածքներից իրենց ողջոյնն են ուղարկում Ադրբեջանի միապետին», կը յայտնէ պաշտպանութեան նախարարութիւնը՝ անգամ մը եւս յիշեցնելով, որ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը չի փորձեր մարտադաշտէն դուրս բերել իր սպաննուածներուն մարմինները, ինչ որ անոնց մեծ թիւը, ինչպէս նաեւ անոնց մէջ թուրք զինուորներու եւ սուրիացի ահաբեկիչներու առկայութիւնը թաքցնելու լաւագոյն միջոցն է: