Ոսկեբերան Արզումանեանի ընտանիքը, ընդառաջելով Արամ Ա. կաթողիկոսին փափաքին, 2007-ին կաթողիկոսարանին մէջ հաստատած է կրթական հիմնադրամ մը` հանգուցեալին անունով:
Հիմնադրամին նպատակն է նիւթապէս օժանդակել ազգային եւ այլ հայկական վարժարաններու աւարտական երեք դասարաններէն փայլուն եւ կարիքաւոր աշակերտներու, որպէսզի անոնք կարենան իրականացնել իրենց ձգտումները եւ կերտել ակադեմական յաջող ապագայ:
Դիմել ցանկացող աշակերտները իրենց դիմումները պէտք է ուղարկեն [email protected] ե-նամակի հասցէին մինչեւ 30 հոկտեմբեր 2022:
Նախապէս յայտնենք, թէ այն աշակերտը, որ կը ստանայ այս թոշակը, ապագային պիտի ունենայ երկու պարտաւորութիւններ.
– Նախ` համալսարանական տարիներու ընթացքին անդամագրուի Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան (ՀԵՀՈՄ):
– Ապա` համալսարանը աւարտելէ ետք, հիմնադրամէն օգտուած տարիներուն համապատասխան, նոյնքան ժամանակ պէտք է սիրայօժար եւ առանց եկամուտի ծառայէ հայկական ազգային որեւէ հաստատութեան կամ միութեան մը մէջ` իր փափաքին համաձայն, ըլլայ Լիբանանի մէջ թէ այլուր: Այս կէտը կը կարեւորէ այն, որ ուսանողը գիտակցի, թէ պէտք է ծառայէ իր ազգին կամ գաղութին: