1 Յունիս 2015-ին սկսան Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանի Ովասիս ամառնային ծրագրի արձանագրութիւնները: Ովասիսը դաստիարակչական ժամանցի ծրագիր է, ուղղուած 3-16 տարեկան մանուկներու եւ պատանիներու: Անիկա 17-րդ տարին ըլլալով կ՛ապահովէ ամառնային արձակուրդի հաճելի եւ օգտակար միջավայր՝ Լիբանանի տարբեր շրջաններէն եւ արտասահմանէն ժամանած հայ մանուկներու եւ պատանիներու համար:
Ովասիս 2015-ը պիտի երկարի 6 Յուլիսէն 28 Օգոստոս. ովասիսական օրը կը սկսի առաւօտեան ժամը 8:30-ին եւ կ՛աւարտի կէսօրուան ժամը 2:00-ին:
Այս տարուայ ծրագրին մէջ ներառնուած են ձեռային աշխատանքներ, նկարչութիւն, կաւագործութիւն, համակարգիչ, ֆիլմի ցուցադրութիւն, ֆութպոլ, պասքէթպոլ, թենիս, մարտարուեստ, հեծանիւ, աճպարարութիւն, խամաճիկ, դաստիարակչական խաղեր, կրօնագիտութիւն, ամառնային , պարտականութիւն, պտոյտներ, մարզական օր եւ աւարտական հանդէս: