ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հարցազրոյց մը տուաւ ռուսական «Էխօ Մոսկու» ռատիոկայանի գլխաւոր խմբագիր եւ հաղորդավար Ալեքսէյ Վենետիքտովին՝ անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ու զայն խաղաղ միջոցներով կարգաւորելու հայկական կողմի պատրաստակամութեան:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ Վենետիքտով հետաքրքրուեցաւ, թէ ինչո՛ւ վարչապետը իր որդին ուղարկած է Ղարաբաղ ծառայելու Փաշինեան պատասխանեց, որ որդին գացած է կամաւոր սկզբունքներով: «Շատերը այդ քայլը կը մեկնաբանեն իբրեւ յարձակողական ժեսթ, բայց հակառակը՝ ատիկա խաղաղասիրական քայլ է: Բոլորս ալ կը հասկնանք, որ երբ որդիս կ՛ուղարկեմ Ղարաբաղ, չեմ ուզեր, որ այնտեղ պատերազմ սկսի. Աստուած չընէ, թէ մահանայ իմ որդին կամ իմ հայրենակիցներու որդիները, կամ շարքային ատրպէյճանցիներու որդիները: Այդ տրամաբանական չէ: Ես այդ բանը չեմ ուզեր: Ուրախ պիտի ըլլայի, եթէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը եւս որդին այնտեղ ուղարկեր ծառայելու: Եթէ անոր որդին եւս այնտեղ ծառայէր, ես այդ քայլը պիտի ընդունէի իբրեւ խաղաղասէր քայլ: Բոլորս համոզուած պիտի ըլլայինք, որ պարոն Ալիեւը եւս չի փափաքիր, որ իր որդին մահանայ», ըսաւ Փաշինեան:
Պատասխանելով լրագրողի հարցումին, թէ ինչո՛ւ Հայաստանի վարչապետը պատերազմի աճող սպառնալիք կը տեսնէ՝ Փաշինեան ըսաւ, որ պատճառը Ատրպէյճանի իշխանութիւններու ռազմական հռետորաբանութիւնն է: «Մենք կը խօսինք մեր մտածածին մասին: Յամենայն դէպս, ես միշտ այդպէս ըրած եմ», նշեց ան:
Կառավարութեան ղեկավարը յայտարարեց, որ որեւէ իրավիճակի մէջ Հայաստան միշտ համարժէք պահուածք պիտի ցուցաբերէ: «Այն, որ որդիս կը ծառայէ Ղարաբաղի մէջ, կը նշանակէ, որ ես պատերազմ չեմ ուզեր, սակայն ատիկա նաեւ կը նշանակէ, որ ոչինչ կը խնայեմ իմ երկիրն ու ժողովուրդը պաշտպանելու համար: Եթէ Ատրպէյճան պատերազմի սկսի, մենք կը սկսինք պատերազմիլ՝ հակառակ անոր որ չենք ուզեր», նշեց ան:
Փաշինեան յիշեցուց, որ ֆութպոլի Աշխարհի ախոյեանութեան բացման արարողութեան ընթացքին, Մոսկուայի մէջ, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին իրեն ծանօթացուցած է Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի հետ: Այդուհանդերձ,Հայաստանի վարչապետը այդ ծանօթութիւնը անարդիւնաւէտ որակած է, որովհետեւ Պրիւքսէլի մէջ, ուր ժամանած էր նաեւ Ատրպէյճանի նախագահը, ՆԱԹՕի գագաթնաժողովի ծիրին մէջ, կողմերը չեն ողջունած իրար:
Վենետիքտովի այն նկատառման, թէ Փաշինեան կրնայ հեռաձայնել Ալիեւին, վարչապետը կատակեց. «Գիտէ՞ք՝ շատ լաւ միտք է, բայց ես անոր հեռաձայնի թիւը չունիմ»: