Տոթք. Արմենակ Եղիայեան
Բարե՛ւ,
Հարցում մը:
Յատուկ անունները ո՞ր պարագաներուն որոշիչ յօդ կ’առնեն եւ որ պարագաներուն չեն առներ:
Շնորհակալութիւն:
Վ. Թ.
Դուն հաւանաբար չես իսկ անդրադառնար, թէ որքա՛ն խելացի հարցում մը կ’ուղղես:
Երանի՜ նոյն հետաքրքրութիւնը ունենային… մեր բոլոր գրողները:
* *
*
- Երբ յատուկ անունը ենթակայ է, այդ պարագային՝
– որոշիչ յօդ կ’առնէ եթէ շատ ծանօթ, մատչելի, մտերիմ մէկուն կամ տեղի մը մասին կը խօսի: Օրինակ՝
***Թորոսը անհանգստացեր է, այցելութեան պիտի երթամ:
Մարկոսը տղայ մը ունեցեր է:
Պուրճ Համմուտը կը շարունակէ բարեզարդուիլ:
Անճարը հետզհետէ կը զարգանայ:
-առանց որոշիչ յօդի կը գործածուի, եթէ այդ մտերմութիւնն ու անմիջականութիւնը կը բացակայի: Օրինակ՝
***Փութին մերժած է տեղի տալ սպառնալիքներուն:
Թրամփ աւելի խստացուց պայմանները:
Անգլիա կը մերժէ մնալ այդ միութեան մէջ:
Թուրքիա որոշած է անպայման ունենալ այդ զէնքերը:
Ծան.—Փութին մանկութեան ընկերդ կամ դրացիդ չէ, Անգլիան ալ քովի թաղին անունը չէ:
- Նոյն պայմանները կը տիրեն, երբ յատուկ անունը սեռական հոլով յատկացուցիչ է. օրինակ՝
***Թորոսին ազգականները…
Պուրճ Համմուտին հարեւանութեամբ…
Ծան.—Ոչինչ կ’արգիլէ, որ ըսենք Պուրճ Համմուտի հարեւանութեամբ…
***Փութինի շրջապատը թելադրած է, որ…
Մերքելի հաշիւները սխալ դուրս եկան…
Ընդունելի չէ՝ Փութինին եւ Մերքելին…
- Երբ բայական լրացումներ են, ազատօրէն յօդ կ’առնեն հայցական, տրական եւ բացառական հոլովները: Օրինակ՝
***Փութին համոզեց Թուրքիան, որ …(ուղիղ խնդիր)
***Անգլիա աւելի մօտեցաւ Եւրոպային…(յանգման խնդիր)
***Թրամփ իր օւժերը պիտի քաշէ Ճափոնէն… (տեղի պարագայ)
- Գործիական հոլովը յօդ չ’առներ.
***Փութին շատ մտահոգ է Թրամփով:
***Թրամփ շատ տարուած է Պարսկաստանով:
Յ. Գ.
Մտքով հիւանդներ կան, որոնք անհամբեր կը սպասեն, որ կանոն մը բանաձեւեմ, որպէսզի այդ կանոնին ճի՛շդ հակառակը գործեն: Ահա այս պատճառով ալ հիմա մտահոգ եմ, որ վաղը…բոլոր յատուկ անունները յօդօվ գործածուին առանց բացառութեան:
Աստուած օգնէ արեւմտահայերէնին: