ՊԷՅՐՈՒԹ․- «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը վերի խորագիրով անդրադարձած է Լիբանանի տնտեսական տագնապին, տալով հետեւեալ մանրամասնութիւնները․
– Տարեկան տեղական ընդհանուր արտադրութիւնը (GDP) 2021-ին զգալի անկում արձանագրած է, իջնելով 20,5 միլիառ տոլարի, մինչ անիկա մօտաւորապէս 55 միլիառ տոլար էր 2018-ին։ Անկումը 19-րդ դարու կէսերէն սկսած մեծագոյններէն է աշխարհի տարածքին։
– Լիբանանեան դրամանիշը կորսնցուցած է իր արժէքին առաւել քան 90 տոկոսը, ահաւոր սղաճի առաջնորդելով, յատկապէս որովհետեւ երկիրը կախեալ է ներածումներէ։ Մինչ զինուորի մը ամսականը անցեալին 900 տոլար էր, անիկա ներկայիս միայն 50 տոլար է։
– Ըստ ՄԱԿ-ի տուեալներուն՝ չքաւորութեան համեմատութիւնը մօտաւորապէս 80 տոկոսի հասած է։
– Կեդրոնական դրամատունը 44 միլիառ տոլար վնասած է երկին դրամանիշին արժեզրկումը կասեցնելու իր ձախողած ջանքերուն պատճառով, ինչ որ աւելի քան կրկնապատիկն է երկրին մէկ տարուան տեղական ընդհանուր արտադրութեան։