Միջին Արեւելք կատարած վերջին այցելութեան ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Ճոն Քերրի յայտարարեց, թէ Ուաշինկթըն աւելի շահագրգռուած է իսրայէլապաղեստինեան խաղաղութեան համաձայնութեամբ, քան՝ բանակցութեան երկու գլխաւոր կողմերը…: Քերրի կերպով մը իսրայէլացիներուն եւ պաղեստինցիներուն վերագրեց բանակցութիւններու ձախողութեան պատասխանատուութիւնը: Մաղթենք, որ Սուրիոյ վերաբերեալ Ուաշինկթընի «նախանձախնդրութիւնը» տարբերի իսրայէլապաղեստինեան գործընթացէն, որովհետեւ աւելի քան եօթանասուն հազար մարդկային զոհեր, պաշտօնապէս արձանագրուած մէկուկէս միլիոն գաղթականներ եւ առաջնային անմիջական օժանդակութեան խիստ կարիքաւոր արհաւրալից ժողովուրդը չի կրնար տակաւ հանդուրժել Ուաշինկթընի անդէմ,անգոյն բայց թունալից յորդորները:
Պետական քարտուղար Ճոն Քերրի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Սուրիոյ հակամարտութիւնը խաղաղ կարգաւորելու նպատակով միջազգային խորհրդաժողովի մը պատրաստութիւններուն լծուած են անցնող օրերուն: Խորհրդաժողովին հիմքը պիտի դառնայ անցեալ Յունիսին, Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած առաջին խորհրդաժողովէն բխած որոշումներուն գործադրութիւնը:
Անցնող օրերուն, Սուրիոյ իշխանութիւններուն ընդդիմադիր հոսանքները Ամմանի, Փարիզի, Ապու Տապիի, Քաթարի եւ Իսթանպուլի մէջ գումարեցին բաց նիստեր: Ոմանք մերժեցին մասնակցիլ խորհրդաժողովին: Ուրիշներ ներկայացուցին այնպիսի նախապայմաններ, որոնք Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը բնութագրեց անգործնական եւ ոչ իրապաշտ: Ընդդիմութեան մէջ բացայայտուեցան լուրջ ճեղքեր: Գլխաւոր տարակարծութիւնը կը կեդրոնանայ իշխանութիւնը ամէն գնով տապալելու Քաթարի եւ Իսլամական Եղբայրակցութեան անզիջող կեցուածքին վրայ: Ընդդիմութեան պատկառելի մէկ մասը քաղաքական երկխօսութեան ճանապարհով կը փափաքի լուծել հակամարտութւինը: Որոշ երկիրներ, ինչպէս պիտի ըսէր Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով՝ բացայայտօրէն կը մերժեն քաղաքական ընտրանքը: Զինուորական հաշուեյարդարին կողմնակից պետութիւնները, յաւելեալ լիազօրութիւններով կը փորձեն օժտել գետնի վրայ կռուող զինեալ խմբաւորումները: Անոնք միաժամանակ կը մերժեն ղեկավարութեան մէջ համեմատաբար գաղջ տարրերու ներկայութիւնը: Այս կը վերաբերի արտերկրի ընդդիմութեան: Իսկ երկրին մէջ գործող իսկական ընդդիմութիւնը, որ ժողովրդավարական բարեկարգութիւններու ակնկալութեամբ բարձրացուցած էր փոփոխութեան ձայնը, կ’ապրի հիասթափութիւն, որովհետեւ կը գիտակցի թէ ինկած էր արեւմտեան եւ արաբական կարգ մը երկիներու ծուղակը: Այս բոլորէն ետք, ո՞վ է լսողը ներքին ընդդիմութեան ձայնը:
Քաթար եւ Իսլամական Եղբայրակցութիւնը բնաւ տրամադրութիւն չունին անսալու չափաւորական տարրերու կոչերուն: Օտար վարձկաններէ բաղկացած զինեալ ընդդիմութիւնը ճակատամարտի դաշտին վրայ նպատակադրած է վճռել Սուրիոյ նախագահին ճակատագիրը: Այսուհանդերձ, ընդդիմութիւնը առ այսօր չի յաջողիր կազմել միացեալ ճակատ եւ ուժերը համախմբել մէկ յայտարարի տակ: Որքան ալ ազդու եւ բազմաբնոյթ ըլլան արեւմտեան քարոզչութեան լծակները՝ ճշմարտութիւնը կը մնայ իրողութիւն. Իշխանութիւնը եւ ժողովուրդը իւրաքանչիւր օր առաւել կը մերկացնեն Սուրիան քայքայելու արեւմտեան պետութիւններու նկրտումները:
Սուրիոյ հակամարտութեան միջազգային խորհրդաժողովին ճակատագիրը ցարդ կը մնայ անորոշ: Պաշտօնական Դամասկոս ընդունեց խորհրդաժողովին մասնակցութեան հրաւէրը, նոյնպէս ալ Իրանը: Ընդդիմութեան հիմնական առարկութիւնը նախագահ Պաշշար Ասատի ճակատագիրն է: Այս մասին, յաճախ ընդդիմութեան թարգմանը հանդիսացող Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւուտօղլու յայտարարեց, թէ փոխանցման կառավարութիւն մը կազմուելու պարագային, որեւէ դերակատարութիւն չի տեսներ նախագահ Պաշշար Ասատին: Ժընեւի առաջին խորհրդաժողովը երբեք չէր քննարկած Սուրիոյ նախագահին ճակատագիրը, ընդհակառակը՝ ան բոլրին կը թելադրէր փոխհասկացողութեամբ եւ զիջումներով լուծել վիճելի հարցերը: Խորհրդաժողովը փոխանցման միացեալ կառավարութիւն մը կ’առաջադրէ գործող իշխանութիւններուն եւ ընդդիմութեան մասնակցութեամբ:
Այսօրուան դրութեամբ դիւանագիտական եւ ռազմական գետնի վրայ կը պարզուի հետեւեալ պատկերը. Իշխանութիւնները իրենց ձեռքին մէջ կը պահեն զինուորական նախաձեռնութիւնը եւ պատրաստ են մասնակցելու Ժընեւի խորհդաժողովին: Բնական է, որ նախագահ Պաշշար Ասատ իր վարչակարգին հեռացման պայմանները քննարկող բանագնացներ պիտի չուղարկէր Ժընեւ: Սուրիոյ ընդդիմութիւնը կը մնայ երկփեղկուած: Հակամարտութիւնը խաղաղ միջոցներով լուծելու հակուած պետութիւնները, ուշ կամ կանուխ զինադադարի համաձայնութիւն մը պիտի կնքեն Դամասկոսի հետ: Հակառակ Բրիտանիոյ ե Ֆրանսայի սպառնալիքներուն եւ Քաթարի «Իշխանական» օժանդակութիւններուն, Սուրիոյ ընդդիմութեան մօտ կը բացակայի հակամարտութիւնը ռազմական գետնի վրայ վճռելու կարելիութիւն, մանաւանդ որ Ռուսիա եւ Իրան բացայայտօրէն կը զգուշացնեն արեւմուտքը եւ անոնց միջինարեւելեան դաշնակիցները՝ թէ պիտի չարտօնեն Լիպիոյ կրկնութիւնը Սուրիոյ մէջ: ՆԱԹՕ եւ Միացեալ Նահանգներ նոյնպէս չունին միջամտելու տրամադրութիւն…: Ուաշինկթըն իր երկակի չափանիշներով կը շարունակէ խառնաշփոթութիւն ստեղծել ընդդիմութեան շարքերուն մէջ: Բայց այս բոլորին ետին, Միացեալ Նահանգներ ինք եւս համոզուած է, որ ընդդիմութեան մօտ կը բացակայի իշխանութիւններուն հետ բանակցութիւններու սեղան նստելու, առաւել եւս Ուաշինկթինի շահերը պաշտպանելու ներուժ: Ժընեւ -2 խորհրդաժողովին մասնակցելու համար, Հըզպալլայի եւ Իրանի զինեալները Սուրիայէն հեռացնելու նախապայմանը ընդդիմութեան պարտութիւնը ծածկելու պատրուակ մըն է պարզապէս: Իսկ ին՞չ ըսել երկու եւ աւելի տարիներէ ի վեր իշխանութիւններուն դէմ յայտարարուած բազմազգ պատերազմին..:
Այս բոլորին լոյսին տակ եզրակացութիւնը բաւական պարզ է եւ յստակ: Վարչակարգը տապալելու միտող ուժերը, զինադադարի բանակցութիւններ վարելու փոխարէն, յաւելալ մահ եւ աւեր պիտի շարունակեն սփռել Սուրիոյ մէջ: Անոնք նոյնիսկ կրնան ժամանակաւորապէս յետաձգել Ժընեւ -2 խորհրդաժողովը: Իսկ եթէ ցանկութիւնները իսկապէս պատերազմն ու մարդկային զոհերը խնայել, գաղթականներու արտահոսքը, աւերն ու բաժանումի փորձերը կասեցնել է, լաւագոյն ընտրանքը անկասկած Ժընեւ -2 բանակցութիւններու սեղանը պիտի ըլլայ, ուր շահագրգռուած կողմերը նախ պիտի լծուին զինադադարի մը յայտարարութեան՝ ինչպէս կը թելադրէ Ժընեւի առաջին խորհրդաժողովը, ապա՝ ազատ երկխօսութեան:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ