ԿԸ ՔՆՆՈՒԻ ՆԱԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑԸ
ԱՆԳԱՐԱ, «Ազատութիւն»․- Ամիսներ տեւած բանակցութիւններէ ետք, Ուաշինկթըն եւ Անգարա այս շաբաթ յայտարարեցին, թէ երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութիւնը կարելի եղած է յաղթահարել, պատրաստակամութիւն յայտնելով այսուհետեւ կեդրոնանալու տնտեսական եւ ռազմական ոլորտներուն մէջ համագործակցութիւնը սերտացնելու ջանքերուն վրայ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ հրապարակուած միացեալ յայտարարութեան մէջ կը շեշտուի, որ Թուրքիա եւ Միացեալ Նահանգները կը ջանան երկկողմ համագործակցութիւնը ընդարձակել, «Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պայտընի` Հոկտեմբեր 2021ին Հռոմի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին ստանձնուած պարտաւորութիւններուն համաձայն»։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սետաթ Էօնալ եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Վիքթորիա Նուլընտ այս ծիրին մէջ Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ բանակցեցան այս շաբաթ: Կողմերը քննեցին երկու երկիրներուն համար փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող նիւթեր, ներառեալ տնտեսական եւ պաշտպանական համագործակցութիւնը, ահաբեկչութեան դէմ պայքարը, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ համաշխարհային հարցեր:
Կողմերը նաեւ ընդգծեցին իրենց հաւատարմութիւնը Ուքրանիոյ գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ:
Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Թուրքիա եւ Միացեալ Նահանգները այս տարի կը նախատեսեն երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ հանդիպում մը իրականացնել:
Թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները վատթարացած էին շարք մը հարցերու, որոնց կարգին` Անգարայի կողմէ ռուսական սպառազինութեան ձեռքբերման, Սուրիոյ, Լիպիոյ եւ արեւելեան Միջերկրականի մէջ տարակարծութիւններու պատճառով:
Ուաշինկթըն պատժամիջոցներ հաստատած է թրքական պաշտպանական արդիւնաբերութեան դէմ եւ դաշնակից Անգարան դուրս ձգած «Էֆ․ 35» ռազմական օդանաւերու արտադրութեան ծրագիրէն:
«Արմէնփրէս»ը` յղում կատարելով թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն հանդիպում ունեցած է Նուլընտի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են շրջանային հարցեր, յատկապէս Ռուսիա-Ուքրանիա յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցեր:
«Նախագահական պալատին մէջ Իպրահիմ Քալընի եւ Միացեալ Նահանգներու քաղաքական հարցերու փոխքարտուղար Վիքթորիա Նուլընտի հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են շրջանային հարցեր, ինչպէս՝ Ռուսիա-Ուքրանիա պատերազմը, Սուրիան, Ատրպէյճանը, Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները, Իսրայէլը, ուժանիւթային ապահովութիւնը, պաշտպանական համագործակցութիւնը, գնահատուած են երկկողմ քաղաքական եւ տնտեսական յարաբերութիւնները», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ: