Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վետանթ Փաթել յայտարարեց, որ հիւլէական գործարքի վերականգնման վերաբերեալ Եւրոպական Միութեան առաջարկին Թեհրանի պատասխանը «կառուցողական չէ»:
«Կրնանք հաստատել, որ Եւրոպական Միութեան ճամբով ստացանք Իրանի պատասխանը, եւ զայն կը սերտենք, ու անոր պիտի պատասխանենք Եւրոպական Միութեան ճամբով, սակայն դժբախտաբար անիկա կառուցողական չէ»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի մէկ օր առաջ յայտնած էր, որ իր երկիրը «պատժամիջոցներու հաւանական ջնջման շուրջ համաձայնութեան բնագիրին ամերիկեան պատասխանին վերաբերեալ իր տեսակէտները ներկայացուց բանակցութիւնները համակարգող եւրոպական կողմին»:
«Ամերիկեան պատասխանը ստանալէ ետք, Իսլամական հանրապետութեան փորձագէտները ուշադրութեամբ զայն սերտեցին, եւ տարբեր մակարդակներու վրայ գնահատումներէն ետք Իրանի պատասխանները հաւաքուեցան ու այս գիշեր յանձնուեցան համակարգողին», աւելցուց ան:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու վարչակազմէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Փոլիթիքօ»-ին յայտնած է. «Մենք կ՛ուսումնասիրենք Իրանի արձագանգը: Գլխաւորը, ինչ որ կարելի է ըսել, այն է, որ անիկա բնաւ յուսադրող չէ»: