ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պրիճիթ Պրինք, Պաքուի մէջ կարծիք յայտնած է Ատրպէյճանի մէջ արտակարգ նախագահական ընտրութեան մասին:
«Նախագահական ընտրութեան առնչութեամբ մեր խորհուրդը այն է, որ ընտրութիւնը պէտք է անցնի ազատ եւ արդար՝ երկրի սահմանադրութեան եւ միջազգային պարտաւորութիւններուն համաձայն: Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցի ժողովրդավարական հոլովոյթներուն, հաւաքներուն, խօսքի եւ լրատուամիջոցներու ազատութեան», ըսած է Պրինք: