ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- «Միացեալ Նահանգները պատրաստ է աջակցելու Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ հարցերու լուծման», ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու, ըսած է Պաքուի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լի Լիթցընպըրկըր,:
«Բոլորին յստակ է, որ մինչեւ օրս երկու երկիրներուն միջեւ բազմաթիւ չլուծուած հարցեր կան: Երկարատեւ հոլովոյթ պիտի ըլլայ եւ միացեալ աշխատանք ու հանդիպումներ պիտի պահանջէ` լուծելու համար այդ հարցերը», ըսած է դիւանագէտը:
Ըստ անոր՝ Ուաշինկթըն «կը փնտռէ որեւէ կարելիութիւն»` Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ հարցերու լուծման համար:
Իբրեւ օրինակ՝ դեսպանը նշած է Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Վիքթորիա Նուլընտի հանդիպումները` երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն հետ: