ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Քոնկրեսական Ֆրենք Փալոն կ՛ընդգծէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր տրամադրութեան տակ գտնուող բոլոր գործիքները պէտք է օգտագործէ, Հայաստանի վրայ Ատրպէյճանի յարձակումը դադրեցնելու համար:
«Անցեալ տարի, արցախեան պատերազմին ընթացքին եւ անկէ ետք, Հայաստանի հասցէին մեղադրանքներ հնչեցնելը Ալիեւի նկատմամբ հաւատք չներշնչող փաստարկներու վառ օրինակն է: Միացեալ Նահանգները պէտք չէ մեղադրէ երկու կողմերը, երբ կը դատապարտէ արիւնահեղութիւնը եւ շրջանին մէջ անկայունութիւնը», գրած է Փալոն: