ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներ իր վեթոյի իրաւունքը գործածեց Երուսաղէմի վերաբերեալ 18 Դեկտեմբերին ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուած եգիպտական բանաձեւին դէմ: 14 երկիրներ բանաձեւին թեր քուէարկեցին:
ՄԱԿի մօտ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ Նիքի Հէյլի մերժեց այն ամբաստանութիւնները, ըստ որոնց՝ Ուաշինկթըն կը հեռանայ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հոլովոյթէն։ Ըստ անոր՝ ՄԱԿը անգամ մը եւս անիրաւ կերպով կը վարուի Իսրայէլի հետ:
Պաղեստինեան իշխանութիւնը անմիջապէս դատապարտեց ամերիկեան վեթօն եւ զայն նկատեց միջազգային ընտանիքի «անտեսում», մինչ Իսրայէլ շնորհակալութիւն յայտնեց Միացեալ Նահանգներու դեսպանին:
Իր կարգին, Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս շեշտեց. «Վճռած ենք ՄԱԿի լիարժէք անդամակցութիւն ստանալ»՝ աւելցնելով. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի՝ Երուսաղէմի վերաբերեալ յայտարարութիւնը կատարելապէս զուրկ է օրինականութենէ, եւ անոր դէմ պիտի որդեգրենք իրաւական, քաղաքական եւ դիւանագիտական միջոցառումներ»:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս բողոքեց ամերիկեան վեթոյին դէմ՝ աւելցնելով, որ բոլոր երկիրներու կամքին հակասող իր որոշումով՝ Ամերիկա փաստեց, թէ կորսնցուցած է իր անկողմնակալութիւնը։
Թուրքիա խոստացած է հարցը ներկայացնել նաեւ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին, ուր աշխատանք պիտի տարուի, որ Թրամփի որոշումին դէմ եկող բանաձեւը ստանայ երկու երրորդ համեմատութեամբ քուէներ։