Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան առընթեր Ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ աշխատանքի հարցերու գրասենեակը յայտարարած է 900 հազար տոլարի դրամաշնորհի մրցում մը, որուն նպատակը «Հայաստանի մէջ աշխատողներու իրաւունքներու ամրապնդումն է»` Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսիոյ «ազդեցութեան ուժեղացման ձգտման» լոյսին տակ: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք Պլիժնէյէ Զարուպժեժիէ»¬ն:
Բացատրութեան մէջ նշուած է, որ բարեփոխումներուն ապահովումը յատկապէս կարեւոր է հիմա` աճող մտահոգութեան լոյսին տակ, որ Ռուսիան կ՛օգտագործէ իր ազդեցութիւնը շահաւէտ կերպով ուժեղացնելու կարելիութիւնները:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը նախապէս Հայաստանին գումար յատկացուցած էր «Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի բնակիչներու հետ բարեկամական յարաբերութիւններու վերականգնման» համար: