«Ազդակ»-ի 49-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 30 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան,դասախօս` միջազգային օրէնսգէտ դոկտ. Գէորգ Յակոբճեան:
Ան դասախօսութիւնը բաժնեց հիմնական չորս ուղղութիւններու.
Ա.- Ի՞նչ է միջազգային օրէնքը:
Բ.- Ի՞նչ իրաւունքներ կրնաք պահանջել:
Գ.- Ի՞նչ նկատի ունինք ցեղասպանութեան հետեւեանքներ ըսելով:
Դ.- Որո՞նք են մեր հնարաւորութիւնները:
Ապա Գէորգ Յակոբճեան խօսեցաւ միջազգային օրէնքի հիմնական երեք սիւներուն մասին` հանրային օրէնքը, սեփական օրէնքը եւ անդրազգային օրէնքը:
Դասախօսը ապա մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ եւ անոնց հիման վրայ վերլուծումներ կատարեց միջազգային օրէնքի զանազան բաժանմունքներուն, ենթաբաժանումներուն, եւ այդ բոլորը նկատի ունենալով` մեր իրաւունքները արծարծելու հնարաւորութիւնները լուսարձակի տակ բերաւ:
Իրաւական ուղիներու մասնագիտական այս ներկայացումի ընթացքին դոկտ. Յակոբճեան ընդգծեց հետեւեալը. հակառակ անոր որ ուժի իրաւունքով է, որ կ՛ընթանայ աշխարհակարգը այսօր եւ ոչ թէ իրաւունքի ուժով, այդուհանդերձ իրաւական զանազան հնարաւորութիւններն ու ուղիները պէտք չէ անտեսել մեր համազգային խնդիրները հետապնդելու համար: Եւ այս առումով շեշտեց, որ հատուցում ձեւակերպումին փոխարէն` անհրաժեշտ է հետեւանքներու վերացում ձեակերպումը օգտագործել:
Խիստ շահեկան դասախօսութեան հետեւեցաւ մեր այժմէական խնդիրներուն անդրադարձող քննարկում:
Դասախօսութեան ամբողջական տեսանիւթը տեղադրուած է «Ազդակ»-ի «Եութիուպ»-ի ալիքին վրայ: