Ամերիկահայ գրող Ուիլեամ Սարոյեանի 105-ամեայ յոբելեանին ընդառաջ` մեծ պաստառի վրայ պիտի յայտնուի բեմադրիչ Մարինէ Զաքարեանի «Կիսալուսնի ծովածոցը» շարժանկարին մէջ: Սարոյեանի չորս` «Ազատքեղի այգին», «Ծննդեան տօներէն երեք օր անց», շարժանկարի ընդհանուր անուան համանուն «Կիսալուսնի ծովածոցը» եւ «Փասիան որսացողը» վիպակները պիտի միաւորուին մէկ շարժանկարի մէջ: «Սարոյեանն իմ ամենասիրած հեղինակներից է, որի հումանիստական, օփթիմիստական աշխարհայեացքն ինձ օգնել է յաղթահարել տարբեր դժուար իրավիճակներ իմ կեանքում»,- ըստ Armenpress.am-ի` ըսած է շարժանկարի բեմադրիչ Մարինէ Զաքարեան:
Բեմադրիչի մեծ երազանքն է, որ շարժանկարը պատրաստ ըլլայ մինչեւ յաջորդ տարուան Օգոստոս 31-ը` Սարոյեանի ծննդեան յոբելեանին: Զաքարեանի խօսքով` թէեւ, Սարոյեանի պատմուածքներուն հիման վրայ նախապէս եւս եղած են յաջող շարժանկարներ, սակայն իր` Սարոյեանը ներկայացնելու փորձը եւ մօտեցումը բորովին տարբեր է: «Ինձ յաճախ հարցնում են ինչո՞ւ հէնց Սարոյեանին ընտրեցի, նրա պատմուածքները, իրականոմ հեղինակի աշխարհայեացքը ինձ շատ հոգեհարազատ է, նա ֆենոմեն էր»,- ըսած է Զաքարեան:
«Կիսալուսնի ծովածոցը» այն քաղաքին անունն է, ուր կը ծաւալին շարժանկարի գործողութիւնները: Իրականութեան մէջ շարժանկարներու գործողութիւններու աշխարհագրութիւնը պիտի ընդգրկէ հանրապետութեան գրեթէ ամբողջ տարածքը: Արդէն նկարահանումներ կատարուած են Երեւանի, Պտղնիի, Գառնիի, Դիլիջանի, Ծաղկաձորի եւ այլ վայրերու մէջ:
«Կիսալուսնի ծովածոցը» պիտի տեւէ 80 վայրկեան, որուն ընթացքին պիտի ներկայացնէ գաւառական քաղաքին մէջ նոր կեանք սկսելու փորձեր կատարող հերոսները` անոնց փոխյարաբերութիւնները, սարոյանական գրիչին բնորոշ պարզ, բայց միաժամանակ բովանդակալից համաշխարհային լեզուով, որ կը ներկայացնէ ոչ միայն Ամերիկան` հեղինակի կեանքի ու գործունէութեան երկիրը, այլեւ հայերը` իր հարազատ ժողովուրդը: