Սիլվա Իսկիկեան Մահսերեճեան
Վեց մասերով պիտի ներկայացնեմ ուխտագնացութիւնս դէպի՝ Կիլիկիա եւ պատմական Հայաստան: Ընթացքին մեզի պիտի ընկերակցի իսկական կեանքի պատմութիւն մը:
Առաջին մաս
—————
Արեւմտահայաստանն ու Նեւրիկը
-Սիլվա՛, Եկուր սա ուղեղդ փոխէ՛: Մենք Թուրքիոյ ծովափերը վայելելու չենք երթար, ո՛չ ալ հագուստ- կապուստ գնելու: Մեր ուղեւորութեան նպատակը ուխտագնացութիւն է դէպի՝ Կիլիկիա եւ Պատմական Հայաստան: Ունինք շատ սեղմ ծրագիր մը՝ այցելել մեր ազգադրոշմ կոթողները՝ վանքեր, բերդեր, եկեղեցիներ…: Թուականը՝ 8-15 Օգոստոս, 2014: Մօտդ արձանագրէ՛, լրջօրէն մտածէ՛ եւ յոյսով եմ, որ դուն եւ Տօքթ. Կարօն կ՚ընկերակցիք մեր խումբին:
Ուխտագնացութիւն սահմանումը շատ սրտամօտիկ գտայ։ Կարծես արտօնագիր մըն էր, որուն միջոցով առանց խիղճի խայթ ունենալու պիտի տեսնէի այն բոլորը, զորս պատմուած էին նախնիներէս, ուսուցիչներէս, պատմաբաններէն…: Հետեւաբար, դէպքերը, վայրերը եւ զոհերը հոգի պիտի առնէին, կրկին ապրէին, վերածուէին նոր յստակութեան մը եւ ագուցուէին յիշողութեանս հին ու նոր թելերուն հետ:
Նեւրիկը աւելի շուտ եկաւ քան Օգոստոսը։ Սրտաճմլիկ իրականութիւն մը, որ ներաշխարհիս մէջ վրդովմունքի ու ատելութեան փոթորիկներ ստեղծեց: Ո՞ւր էր ան մինչեւ այսօր, ինչպէ՞ս գաղտնի պահուած էր բոլորէս, երբ այնքան մօտիկ ու հարազատ ընտանիքի անդամ էր: Նեւրիկը՝ մօրս հօրաքոյրը, տասնվեց տարեկան աչքառու գեղեցկուհին, կ՚առեւանգուի թուրքի մը կողմէն, որ զայն պոկելով Պրունքըշլայէն կը տանի Շիհլար գիւղը…: Այս «աղէտէն» ինը ամիս ետք, տարաբախտ Նեւրիկին արգանդէն կը ծնի մանչ մը եւ կը կոչուի Շէֆքէթ։ Նեւրիկ այդ երեխային գոյութեան գաղափարը դժուարութեամբ կ՚ընդունի, սոսկ մայրական բնազդով կը սնուցանէ զայն: Իրաւացի անուանում էր շէֆքէթը, որ թրքերէնով կը նշանակէ գութ: Նեւրիկը գութ կը հայցէ, որպէսզի վերադառնայ իր հօրենական տունը, իսկ տղան իր շրջապատին ու մօր գութին…: Նեւրիկին ծրագիրը՝ մայր ու որդի փախուստը, կը ձախողի, երբ Շէֆքէթին հայրը մօր գիրկէն կը խլէ հինգ ամսական մանչուկը, իսկ Նեւրիկին «ազատութիւն կը շնորհէ»: Նեւրիկ ձեռնունայն ու վշտաբեկ կը վերադառնայ իր հօրենական տունը: Երկա՜ր ժամանակ արցունքը չի ցամքիր իր աչքերէն…: Բարեբախտաբար տառապանքը շատ բան չի յաջողիր տանիլ իր գեղեցկութենէն ու հմայքէն: Հայ երիտասարդի մը հետ ամուսնանալով, ան սուրբ խորանին առջեւ կ՚երդնու սէր, հնազանդութիւն եւ հաւատարմութիւն: Կը փոխադրուի Պոլիս (Իսթանպուլ): Այս անգամ Նեւրիկին արգանդին մէջ կ՚աճին սիրոյ պտուղներ, հայորդինե՜ր: Ամէն մէկ կաթիլ արդար կաթով սէր կը ծորեցնէ իր ստինքներէն ու խանդաղատանքով կը խնամէ զանոնք:
Շէֆքէթ իր հօր տան մէջ միշտ կը տառապի իր կէս Հայ ինքնութենէն: Ծաղրանքի կ՚ենթարկուի շրջապատէն, կ՚արհամարհուի իր խորթ մօր զաւակներէն՝ թուրք եղբայրներէն: Բազմիցս կը փորձէ հասնիլ մօրը՝ Նեւրիկին, բայց կը մերժուի…: Երիտասարդ Շէֆքէթ առողջական հարցեր եւ հոգատարութեան կարիք ունէր: Նեւրիկին Հայ զաւակները սիրով կ՚ընդունին Շէֆքէթը, հիւանդանոցային խնամք ու դեղորայք կ՚ապահովեն անոր, ապա իրենց տան մէջ կը պահեն մինչեւ ամբողջական ապաքինում: Նեւրիկ դժգոհ էր Շէֆքէթին ներկայութենէն…անհամբեր կը սպասէր անոր մեկնումը:
Նեւրիկէն ետք ու Օգոստոսէն առաջ, մենք մեկնեցանք Հայաստան: Ամուսինս մասնակից եղաւ բժշկական համագումարի մը: Չարենցի կամարէն կը դիտենք անամպ ու ջինջ Արարատը: Կարելի չէ բառերու մէջ դնել զգացումներդ ու կարօտդ՝ քեզմէ այդքա՜ն հեռու, բայց միաժամանակ հոգիիդ խորը տեղաւորուած մեծութիւնը: Յանկարծ հրաւիրող կանչ մը կը լսեմ, որ կը վերածուի խլացնող դղրդիւնի մը…։
-Կարօ՛, կուզեմ Օգոստոս ամսուան ուխտագնացութեան մասնակցինք:
-Վստահ ե՞ս…: Ես հիմա՛ Աւետիս Չափարեանին կը հեռաձայնեմ եւ մեր տեղերը կ՚ապահովեմ: Միշտ ալ ցանկութիւնը ունեցած եմ այցելել այդ վայրերը: Մի մոռնար, որ Ատանան հօրս ծննդավայրն է եւ այս ուղեւորութեան (Ատանայէն մինչեւ Անի) մեկնակէտը: Կողքէս զբօսաշրջիկ մը կ՚ըսէ . «Այս կողմէն Արարատը՝ կանաչ, շքեղ ու վեհ է, իսկ միւս կողմէն եթէ տեսնես յուսախաբ կ՚ըլլաս…»: Ինչպէ՞ս կարելի է յուսախաբ ըլլալ եւ դէմքի մը զոյգ այտերը աչառութեամբ դիտել: Մայր մը կրնա՞յ իր դիմաց նստած զաւակով հմայուիլ ու յուսախաբ ըլլալ պանդխտութեան մէջ տուայտող իր միւս զաւակէն: Այդպէս ալ կ՚ենթադրեմ, որ Արարատին զոյգ կողմերը, համահաւասար հարազատ, ոգեշնչող ու ցաւոտ են…:
8 Օգոստոսին օդանաւ կը բարձրանանք, կուրծքիս վրայ նստած է կեղեքուած պատանուհին՝ Նեւրիկը ։ Ուսերուս՝ Արարատին կատարները, Միտքիս մէջ՝ մեծ հօրս գլխատուած մօրեղբայրը, անոր կողքին՝ քաղցէն սատկած իր հաւատարիմ շունը, մեծ մօրս թրիքին մէջէն կերած գարիի հատիկները, Տիկին Փարիզին կացինահարուած գլխուն սպին, Ծառուկեանին անտէր ու անթիւ որբուկները…: Պէյրութէն Ատանա մեկնող կարճ թռիչքը կարծես դարաւոր ժամանակասլացք մը ըլլար, դէպի ինքնութիւնս, հպարտալի ու փոթորկալից պատմութիւնս եւ վերջին հարիւրամեայ բաժանումը, որ կը պատմէ դաժանութիւն, տաժանք եւ դառնութիւն:
Օդանաւին ոտքերը դըրը՛խկ հանգչեցան Ատանայի հողին վրայ: Պայուսակներուս հետ շալկած եմ Նեւրիկին արցունքները։ Ա՜խ, ան որքա՜ն լացաւ, երբ դահիճը խլեց իրմէ իր հոգեհատորը։ Ոմանք ալ չզլացան մեղադրական խօսքեր թափելու իր վրայ…։
– Մայր էր, թող հո՛ն մնար…: Անգո՜ւթ Նեւրիկ:՝