Հայ ժողովուրդին դէմ ծրագրաւորուած ցեղասպանութիւնը շարունակուեցաւ Արեւմտահայաստանի սահմաններէն դուրս: Տէր Զօրի անապատը ճողոպրած տարագիր հայութեան կը սպասէր զանգուածային բնաջնջումի, բռնի իսլամացման եւ սովամահութեան նոր արարներ: Վերապրելու հաւատքով տոգորուած հայ ժողովուրդը յաղթահարեց իր դէմ ցցուած այս Գողգոթան: Ան հաւատաց իր վերածնունդին եւ արդարութեան յաղթանակին: Անապատի աւազներուն տակ անշնչացող անշիրիմ հայը պահպանեց Մեսրոպաշունչ իր ոսկեղնիկը, քրիստոնէական հաւատքը:
Որբանոցներու յուրձանուտին մէջ ինքնութիւն փնտռող՝ մանկութիւն չունեցող մարդոց երազը իրականացաւ: Թիթեղածածկ տնակներու տակ՝ վաղուան Յարութիւնը մարգարէացող սերունդներու լաւատեսութիւնը դարձաւ հանապազօրեայ պայքարի խորհրդանիշ: Հայը վերածնաւ, դարձաւ գիր եւ դպրոց: Եկեղեցի եւ ակումբ:
Հայը չմոռցաւ իր երէկը: Արդարութեան համար պայքարող հայը կ’ապրի իր նահատակներուն յիշատակով եւ պահանջատիրական պայքարը շարունակելու վճռակամութեամբ:
Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակին առիթով կազմակերպած հանդիսութիւններուն եւ միջոցառումներուն ընթացքին հայ ժողովուրդը չմոռցաւ այն երկիրները, բարեսիրական օտար կազմակերպութիւնները եւ երախտաւորները, որոնց մարդասիրական աշխատանքներուն շնորհիւ թրքական եաթաղանին կոտորածներէն փրկուեցան բազմաթիւ հայորդիներ: Երախտագիտական արտայայտութեան այսօրինակ դրսեւորում մըն էր Կիրակի, 10 Մայիս 2015-ին, Հ.Բ.Ը.Մ-Հ.Ե.Ը. Վեթերան Սկաուտներու Համախմբումին դէպի Այնթուրա եւ Ճիպէյլ՝ Թռչնոց Բոյն կազմակերպած ուխտագնացութիւնը:
Արդարեւ, առաւօտեան վաղ ժամերէն արտասովոր եռուզեռ կը տիրէր Հ.Բ.Ը.Մ Տեմիրճեան կեդրոնին առջեւ: Այնտեղ էին Հ.Ե.Ը.-ի Կեդրոնական Վարչութեան, Հ.Ե.Ը-ի տարբեր մասնաճիւղերու վարչականներ, անդամներ, Հ.Ե.Ը-ի փողերախումբը, միութենականներ:
Հ.Բ.Ը.Մ-Հ.Ե.Ը-ի Սկաուտներու Վեթերանններու Համախմբումի վարչութեան անդամները՝ ատենապետուհի Մայտա Քիւրեճեանի գլխաւորութեամբ ուխտագնացութեան մեկնողներուն բարի գալուստ մաղթելով, զանոնք տեղաւորեցին յարմարաւէտ օթոպիւսներու մէջ: Ճանապարհին վրայ բաժնուեցաւ նախաճաշ:
Ուխտագնացութեան առաջին կայարանը դարձաւ Այնթուրայի պատմական կրթական հաստատութիւնը: Հարիւրամեակի առիթով Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը.-ի Վեթերան Սկաուտներու Համախմբումին կազմակերպած ուխտագնացութիւնը դէպի Այնթուրա,առիթ մը եղաւ վերյիշելու Այնթուրայի որբանոցը ապաստանած հայ որբերուն դաժան ճակատագիրը: Այնթուրայի տնօրէն հայր Ճորճ Սըմաան բարի գալուստի խօսքերով ողջունեց բոլորը եւ ներկայացուց Այնթուրայի վանքը: Ապա, Մայտա Քիւրեճեան անդրադարձաւ հայ որբերու վանք ժամանման, անոնց հանդէպ վարդապետներուն արիասիրտ հոգատարութեան: Ան պատմեց, թէ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին, երբ վանքը կ’անցնի օսմանեան տիրապետութեան տակ, Ճեմալ Փաշա, հայ որբերը իրենց ազգային ինքնութենէն զրկելու նպատակով, կը փորձէ բռնի իսլամացնել եւ թրքացնել զանոնք: Ընդդիմացող մանուկները կ’ենթարկուէին տարբեր պատիժներու՝ ծեծ, զրկանք, սովամահութիւն:
Այնթուրայի վարդապետները պահպանած են իսլամացած հայ որբերուն անուանացանկը: Սրտաճմլիկ պատահականութեան մը արդիւնք եղած է որբերու Գերեզմանոցին յայտնաբերումը: Վարդապետները բծախնդրօրէն ամփոփած եւ պահպանած են անոնց աճիւնները: Այստեղ, Մայտա Քիւրեճեան յիշատակեց Այնթուրայի հայ որբերուն ոդիսականը յայտնաբերող Միսակ Քելեշեանի դերակատարութիւնը, որուն պրպտումներուն եւ ջանքերուն շնորհիւ յայտնաբերուեցան գոլէճին արխիւներուն մէջ բծախնդրօրէն արձանագրուած տեղեկութիւններ եւ նկարներ: Միսակ Քելեշեան օրին կոչ ըրած էր համայնքապետերուն՝ տէր կանգնելու անանուն հայ որբերուն գերեզմանին եւ խաչ մը զետեղելու անոնց շիրիմին վրայ: Այնթուրայի գոլէճը Ճեմալ Փաշայի հրամանով օգտագործուած է իբրեւ հայ որբերու թրքացման կեդրոն, որուն տնօրինումը վստահուած էր ծանօթ թուրք ֆեմինիստ Հալիտէ Ատիպին: Այս մասին բրիտանացի ծանօթ լրագրող Ռոպերթ Ֆիսք լայնօրէն կ’անդրադառնայ բրիտանական «Տը Ինտիփենտընթ» օրաթերթին մէջ, ուր կը գրէ թէ Այնթուրայի որբերու շիրիմը կը մնայ հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ցեղասպանութեան ամենախօսուն ապացոյցներէն մին:
Այսօր, Այնթուրա այցելող բոլոր հայորդիները, ինչպէս նաեւ օտարներ, կրնան տեսնել հայ որբերուն գերեզմանոցը: Անոնց աճիւնները այսօր կը հանգստանան Յարութ Խաչատուրեանի նուիրատուութեամբ Հայաստանէն փոխադրուած Խաչքարին, քանդակագործ Զաւէն Գոշտոյեանի եւ լիբանանահայ արուեստագէտ Ռաֆֆի Թոքաթլեանի ստեղծագործութեամբ պատրաստուած Արձանիկին խնամատարութեան տակ…:
Հայ որբերուն մասին հետաքրքրական տեղեկութիւններ քաղելու միջոցին ուղղուեցանք անոնց գերեզմանոցը: Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը.-ի փողերախումբին կատարողութեամբ, յաջորդաբար Լիբանանի, Հայաստանի, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան եւ Հայ Երիտասարդական Միութեան քայլերգներուն կատարումէն ետք, ներկաները աղօթեցին նահատակ որբերու հոգիներուն: Յանուն Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը. վեթերաններուն ծաղկեպսակ մը զետեղուեցաւ որբերուն յիշատակին տեղադրուած խաչքարին առջեւ:
Մայտա Քիւրեճեան նաեւ նշեց, թէ ուխտագնացութիւնը կը զուգադիպէր Մայրերու Օրուան եւ այդ նպատակով որոշուած էր այցելել Թռչնոց Բոյն, որբերու Մայր՝ դանիացի Մարիա Ճաքոպսընի դամբարանը: Ան շնորհաւորեց բոլոր հայ մայրերը:
Հոգեպարար այս արարողութենէն ետք, օթոպիւսները ուղղուեցան Ճիպէյլ՝ Թռչնոց Բոյն: Այս միջոցին ուխտագնացութեան խումբին միացաւ պետական երեսփոխան, Հ.Ե.Ը-ական Շանթ Չինչինեան:
Ի գիտութիւն հայութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակին առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ պատմական թանգարան մը կը կառուցուի Թռչնոց Բոյնին մէջ: Անոր պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ 18 Յուլիսին:
Մեծ բարեբախտութիւն էր ուխտագնացութեան մասնակիցներուն մէջ ունենալ թանգարանին շինարարութիւնը ստանձնած ճարտարագէտներ Վիգէն եւ Ռաֆֆի Թարխանեանները, որոնք հաճոյքով յաւելեալ բացատրութիւններ փոխանցեցին թանգարանին աշխատանքներուն մասին:
Ապա, խօսք առաւ Հ.Ե.Ը.-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Վաչէ Աւետիքեան: Ան գնահատեց Վեթերան Սկաուտներու Համախմբումին նախաձեռնութիւնը, մաղթելով որ հայ որբերուն Այնթուրայի գերեզմանոցը եւ Թռչնոց Բոյնի թանգարանը շառաչուն ապտակ մը կը դառնան պատմութիւնը ժխտող թուրքերուն: Վաչէ Աւետիքեան աշխատանքային յաջողութիւն մաղթեց Վեթերան Սկաուտներու Համախմբումին, ինչպէս նաեւ Հ.Ե.Ը.-ի բոլոր մասնաճիւղերուն:
Հ.Ե.Ը.-ի փողերախումբին կատարողութեամբ Հ.Բ.Ը.Մ.- Հ.Ե.Ը. Վեթերան Սկաուտներու Համախմբումին անունով ծաղկեպսակ մը զետեղուեցաւ հայ որբերու Մայր՝ Մարիա Ճաքոպսընի դամբարանին վրայ:
Յատուկ գնահատական մը Հ.Ե.Ը.-ի փողերախումբին, որ քայլերգներու կողքին, ձեռնհասօրէն կատարեց օրուան խորհուրդին պատշաճ նուագներ:
Հանդիսաւոր արարողութենէն ետք, ներկաները ուղղուեցան Թռչնոց Բոյնի ճաշարանը, անոր աշակերտներուն հետ կիսելու կէսօրուան հացը: Հաճելի եւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ, Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը. Սկաուտներու Համախմբումը փոքրիկ անակնկալ մը մատուցեց՝ Թռչնոց Բոյնի աշակերտներուն, անոց բաժնելով արժէքաւոր նուէրներ: Տեղի ունեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: Հաստատութեան տնօրէն Սէմ Պոյաճեան շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան համար եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց Հ.Բ.Ը.Մ-Հ.Ե.Ը. ընտանիքին:
Ուխտի եւ վերահաղորդման իսկական օր մը բոլորեցինք շնորհիւ Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը. Վեթերան Սկաուտներու գնահատելի նախաձեռնութեան: Յիշատակելի օր մը բոլորելու լիացած տրամադրութիւններով բարձրացանք օթոպիւս եւ վերադարձանք Տեմիրճեան կեդրոն: