Իրական եւ գործնական համերաշխութիւնը այն ատեն միայն կարելի պիտի ըլլայ ձեռք բերել երբ անձնականութենէ շատ բարձր համարուին Աթոռներու պատմական եւ նուիրական դիրքը եւ մանաւանդ այն օգուտը՝ որ պիտի ծնի համերաշխութենէ եւ յորմէ պիտի օգտուին Եկեղեցին եւ ժողովուրդը:
(Սահակ Կաթողիկոս Կիլիկիոյ)
Անգամ մը եւս սահմանենք թէ ի՞նչ կը հասկնանք կամ ի՞նչ պէտք է հասկնանք եկեղեցի ըսելով: Եկեղեցին Քրիստոսի հաւատացող մարդոց համախմբումն է, որ աստուածային շնորhներու ընկալումով կը ձգտի հասնիլ Քրիստոսի քարոզած աւետարանական վեհ գաղափարներուն: Թէեւ եկեղեցի ըսելով նաեւ կը հասկնանք հաստատութիւն մը, բայց այդ հաստատութիւնը ամբողջական է երբ հոն մէկտեղուած կան կառոյցը (շէնքը), ժողովուրդը, դաւանանքն ու պաշտամունքը եւ եկեղեցւոյ պաշտօնէութիւնը, որ եկեղեցականութիւնն է մասնաւորաբար: Եկեղեցականութիւն կոչեցի փոխանակ ըսելու հոգեւորականութիւն, որովհետեւ առ հասարակ այսօր այդտեղ ոչինչ կայ հոգեւոր այլեւս. հոն կայ միայն սնանկացած եկեղեցականութիւն մը, պարպուած բոլոր աստուածահաճոյ հոգեւոր արժէքներէն եւ դարձած ամսականաւոր պաշտօնէութիւն, որուն կը հետաքրքրէ միայն փառքն ու պատիւը եւ ամենէն շատ դրամը (բացառութիւնները միշտ յարգելի են):
Հայ ժողովուրդին կեանքը յուզող եւ տագնապեցնող ամենալուրջ հարցերէն մէկն է Հայց. Եկեղեցւոյ միութեան հարցը, որուն մասին միայն կը խօսուի եւ ո’չ մէկ լուրջ աշխատանք կը տարուի զայն կեանքի կոչելու: Բոլորս գիտենք որ Եկեղեցին դարերու ընթացքին եղած է հայ լեզուի եւ մշակոյթի պահպանման եւ զարգացման գանձարանը: Ուստի աններելի կը գտնենք մեր այսօրուան «ղեկավարութեան» անտարբերութիւնն ու ենթակայութիւնը:
Մեր ժողովուրդի առջեւ ցցուող արգելքները բազմաթիւ են, որոնք յաճախ դիտաւորեալ կերպով ստեղծուած են մեր կեանքը բարդացնելու համար: Սակայն՝ մեզի կը պակսին այդ խոչնդոտները յաղթահարելու կամքն ու կորովը եւ ընկղմած ենք համատարած անտարբերութեան մէջ, որովհետեւ դադրած ենք հաւատալէ որ Եկեղեցին էական դեր ունի կատարելիք մեր ազգային կեանքին մէջ:
Վերջին հարիւրամեակի քաղաքական հալածանքները, տեղահանութիւններն ու գաղթական կեանքը՝ իրենց կազմալուծիչ ազդեցութիւնն ու դրոշմը բերին մեր ժողովուրդի ընդհանուր աշխարհայեացքին վրայ, մասնաւորաբար Արեւմտեան աշխարհի մէջ, ուր ազգովին կլանուեցանք նոր բարքերու յորձանուտին մէջ: Պայմաններու բերումով, մեր ազգային կեանքին մէջ յառաջ եկած այս փոփոխութիւնները նոր հանգրուանի մը առջեւ դրին Հայ ժողովուրդի ընկերային-հասարակական կեանքը, մասնաւորաբար գաղթավայրերու մէջ, ուր ամբողջութեամբ ենթարկուեցանք միջավայրի պայմաններուն, երբեմն ալ մեր աւանդութիւններուն հակոտնեայ սկզբունքներու, ստեղծելով այնպիսի պայմաններ՝ ուր եղծուեցան մեր ազգային բոլոր սկզբունքներն ու նկարագիրը:
Հետեւաբար՝ վերակենդանացնելու համար Եկեղեցւոյ միութիւնը անհրաժեշտ կը գտնենք մէկդի թողուլ մեր անցեալի դառն փորձութիւններն ու փորձառութիւնները որուն մասին ցասումով կ’անդրադառնայ Հրաչ Միրզախանեան՝ «Նոր Աշխարհ» (“NOR ASHKHAR” Armenian Cultural Social Weekly 33 Sistou Str.GR 18450 NIKEA GREECE) Աթէնքի մէջ հրատարակուող շաբաթաթերթին մէջ: Նկատի ունենալով հայութեան կատարած միասնականութեան ուխտը ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով, անտեղի կը նկատենք, սնանկացած վաճառականներու պէս, հին հաշիւներու տետրակներուն մէջ փնտռել պատասխանատուները՝ անցեալի մեր սխալներուն, որոնց մէջ անտարակոյս բոլորս ալ բաժին ունինք. կարեւորը ա’յն է՝ թէ ի՞նչ սորվեցանք մեր սխալներէն:
Շա՜տ հետաքրքրական է «Նոր Աշխարհ»ի խմբագրութեան կողմէ տրուած բացատրութիւնը. «Հիմա, Հրաչ Միրզախանեանի ներկայ յօդուածին (զոր կու տանք նոյնութեամբ, առանց յապաւումի) ընդմէջէն բարձրացուած ցաւն ու մտահոգութիւնները՝ ի խնդիր Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ միասնականութեան ու անսասանութեան եւ եկեղեցական տագնապի լուծման, տեղին հարցադրումներ են՝ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ հայու մատը չսպիացող վէրքին դնող: Ալ աւելին, ընդվզումի կոչեր են՝ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ անսասանութեան սպառնացող եւ ներսէն նիւթուած փոթորիկներուն դէմ, որպէսզի հայ քրիստոնեան մեր դարաւոր արմատներուն կապուի, որպէսզի Եկեղեցին կանոնադրական դատարկութենէ ու եկեղեցական կեանքն ալ փտածութենէ փրկուի, եւ կարեւորագոյնը՝ Եկեղեցին մաքրագործուի խտրականութեան որջ դարձած կուսակցականութեան թանձրաթանձր կեղտէն»:
Կասկածէ վեր է որ «Նոր Աշխարհ» շաբաթաթերթի խմբագրութիւնը կը բաժնէ Հրաչ Միրզախանեանի տեսակէտները եւ անոնց վրայ կ’աւելցնէ նաեւ իր վրդովմունքն ու մտահոգութիւնները, ինչպէս նաեւ իր թելադրութիւնները, զորս պիտի ուզէինք մեր խորհրդածութեան առարկան դարձնել յաջորդող պարբերութիւններուն մէջ.-
1.- «Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ անսասանութեան սպառնացող եւ ներսէն նիւթուած փոթորիկներուն» գլխաւոր պատճառները նոյն ինքն եկեղեցականներն են, որոնք կը տառապին կղերապետութեան անյագ ախորժակներէ, եւ ուրիշներ՝ ստրկական հոգեբանութենէ, չզրկուելու համար իրենց աթոռներէն եւ ամսականներէն: Եթէ պատուախնդիր ըլլայ Հայ եկեղեցականութիւնը (բացառութիւնները միշտ յարգելի) Եկեղեցին խաղալիկ չի կրնար ըլլալ ո’չ մէկ կազմակերպութեան ձեռքը: Այստեղ կ’արժէ յիշել եւ յիշեցնել Երուսաղէմի հանգուցեալ Պատրիարք Եղիշէ Արք. Տէրտէրեանի մէկ խօսքը՝ ուղղուած Հնչակեան ծանօթ ղեկավարի մը, Պէյրութի մէջ, վստահաբար իրեն յատուկ սրամիտ քմծիծաղով մը. «Դաշնակցականները՝ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը գրաւեր են, Ռամկավարները՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը, դուք ալ եկէ՛ք Երուսաղէմը գրաւեցէք:» Պէտք կա՞յ յաւելեալ մեկնաբանութեան:
2.- «Որպէսզի Եկեղեցին կանոնադրական դատարկութենէ ու եկեղեցական կեանքն ալ փտածութենէ փրկուի», այս մասին կարելի է ստուար հատոր մը գրել եւ ժամանակին զանազան յօդուածներով անդրադարձած ենք այս իրողութեան, բայց կ’արժէ անգամ մը եւս անդրադառնալ այս տխուր իրողութեան աւելի հակիրճ կերպով: Կանոնագրական դատարկութիւնը յառաջ եկած է մասնաւորաբար կաթողիկոսական մեր երկու Աթոռներու գահակալներու սանձարձակ գործունէութենէն: Դժբախտաբար եկեղեցւոյ խունկը եւ եկեղեցական պաշտօնէութեան բեմական հրապոյրը առաւել հիմնական տեղ կը գրաւեն մեր ժողովուրդի հոգիին մէջ քան Հայց. Եկեղեցւոյ ժողովրդապետական կառոյցը նուիրագործող եւ ամրացնող պատուանդանը որ կը կոչուի ՕՐԷՆՔ:
Ցաւ ի սիրտ կը յայտարարենք, թէ բացորոշ վարանք մը կայ կարգ մը պատասխանատու մարդոց մօտ, ներառեալ մեր բոլոր կազմակերպութիւնները անխտիր՝ ազգային-եկեղեցական սահմանադրական կարգերը անխախտ պահելու, եւ մասնաւորաբար սանձելու բաձրաստիճան եկեղեցականներու ակներեւ յաւակնութիւններն ու յոխորտանքները, եւ պարտադրել որ մնան անոնք իրենց կոչումին թելադրած պարկեշտութեան մէջ: Ինչո՞ւ չեն սանձեր. որովհետեւ կազմակերպութեանց հաշւոյն կու գայ որ այդ դժբախտ եւ տխուր իրողութիւնը շարունակուի եւ իրենք կարենան գործել եւ շահագործել ի հաշիւ իրենց կազմակերպութեան եւ նաեւ անհատական շահերուն: Հայց. Եկեղեցւոյ բարձրագոյն գործադիր իշխանութիւնը, որ օրուան կաթողիկոսն է, պարտաւոր է յարգել սահմանադրական կարգերը, որովհետեւ ժողովրդավարական կարգերու անտեսումը արհամարհանք մըն է Հայ Ժողովուրդի նուիրական եւ անկապտելի իրաւունքներուն հանդէպ:
«Եկեղեցւոյ կանոնադրական դատարկութեան» յոռեգոյն դէպքերէն մէկը տակաւին թարմ է մեր բոլորին յիշողութեան մէջ: Անցեալի տարի մեր եկեղեցական կեանքէն ներս կատարուած սանաձարձակութեան բացայայտ օրինակներէն՝ Ֆրանսայի Առաջնորդ՝ Նորվան Արք. Զաքարեանի հրաժարականի պարագան էր: Ահաւասիկ այսպիսի վաստակաշատ բարձրաստիճան հոգեւորական մը թիրախ կը դառնայ Ամենայն Հայոց Հայրապետի՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի քինախնդրութեան եւ վրէժխնդրութեան. «Վեղարը գլխիցդ կ’առնեմ, փիլոնազուրկ կ’անեմ, կը կանգնեցնեմ դասի մէջ, հաւատացեալները կը գան կը տեսնեն որ դու պատժուած ես. մկրտութիւն, պսակ թաղում չես կարող անել»…: Ո՜հ, ինչ ողբերգութիւն…