Մեսրոպեան ուղղագրութեան մէջ «ոյ» տառախումբը շատ ծանրաբեռնուած է, ունի չորս տարբեր արտասանութիւն. ահաւասիկ՝
ա) ոյ=օ օրինակ՝ սիրոյ, այսինքն՝ սիրօ
բ) ոյ=ույ օրինակ՝ բոյն, այսինքն՝ բույն
գ) ոյ=օյ օրինակ՝ գոյական, այսինքն՝ գօյական
դ) ոյ=ու օրինակ՝ ոյժ, անոյշ, այսինքն՝ ուժ, անուշ
Այսքանը շատ է, մանաւանդ նեղացուցիչ է փոքրիկներուն համար, որոնք նոր հայերէն կը սորվին, նոյնիսկ մեծերու համար, որոնք հեռաւոր գաղութմերու մէջ ընդհանրապէս դժուարութիւն ունին հայերէն սորվելու:
Այս չորսէն մէկ հատին, մասնաւորաբար չորրորդին պարզացումը բարիք մըն է լեզուին:
Ասոնք այն փոքրիկ խումբ մը բառերն են, որոնց մէջ ոյ, երկու բաղաձայններու միջեւ, կ’արտասանուի ույ, ինչպէս՝ բոյժ, աշխոյժ, անոյշ, նմոյշ…
Ծանօթ.– Ասոնց մէջ չի մտներ քնքուշ, որ արդէն ու-ով կը գրուի ի սկզբանէ, իսկ ոմանք չգիտնալով կը գրեն քնքոյշ:
Անցեալին շուտ բառն ալ կը գրուէր շոյտ, իսկ հոծ բառը կը գրուէր հոյծ: Եթէ գրաբարի բառարան մը բանաք, պիտի գտնէք շոյտ եւ հոյծ: Երբ այս երկու բառերը փոխած են իրենց արտասանութիւնը, աշխարհաբարը կամ աշխարհաբարեանները յօժարած են գրել ըստ արտասանութեան՝ շուտ եւ հոծ: Ոչ մէկուն միտքէն չէ անցած, որ գրենք շոյտ ու արտասանենք զայն շուտ, գրենք հոյծ եւ արտասանենք զայն հոծ: Ուրեմն գրած ենք այնպէս, ինչպէս արտասանած ենք: Այս բարեկարգչական քայլը, սակայն, կիսատ մնացած է: Եւ արդէն արեւմտահայուն խելքը ասկէ աւելիին չի հասնիր:
Ուրեմն իմ առաջարկս ալ ա՛յն է, որ մնացեալ հինգ-վեց բառերն ալ գրենք այնպ է՛ս, ինչպէս կ’արտասանենք, այսինքն՝ ուժ, բուժ, աշխուժ, անուշ, նմուշ…: Այսպէսով թէ՛ աւելի տրամաբանական ուղղագրութիւն մը կ’ունենանք, թէ՛ աւելի դիւրին, մասնաւորաբար փոքրիկներուն համար: Ճիշդ է, մեր բոլոր դժուարութիւնները դարմանած չենք ըլլար, սակայն պզտիկ բեռ մը կը պակսի:
Պատկերացու՛ր փոքրիկը, որ կ’արտասանէ անուշ, սակայն կը ստիպուի գրել անոյշ: Այսպէս ալ միւս քանի մը հատը:
Յամենայն դէպս, մենք ունեցած ենք գրողներ, օրինակ՝ Լեւոն Շանթը, որ ասոնք ու-ով կը գրէր դասագիրքերուն մէջ եւս: Իսկ արեւելահայերը արդէն կը գրեն ուժ, անուշ, նմուշ: Միւս քանի մը հատը չեն փոխեր, քանի որ իրենց արտասանութեան չի յարմարիր: Օրինակ՝ անոնք կ’արտասանեն բույժ եւ արդէն կը գրեն բույժ: Իսկ մենք կ’արտասանենք բուժ, լաւ է որ գրենք բուժ եւ այլն: Օր մը հոն ալ պիտի հասնին, քանի կան արեւելահայեր, որոնք ու կ’արտասանեն:
Մեծ գործի ճամբուն վրայ առնուած պզտիկ քայլ մըն է այս, որուն պէտք է օգնել:
Կրցա՞յ հասկցնել:
Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան