Դոկտ. Աբէլ Մանուկեան
Բարձրարժէքօրէն միանգամայն գնահատելի է, որ հայ ժողովուրդին մեծագոյն հարստութիւնը իր մշակութային ժառանգութիւնն է, քաղաքակրթութեան այն անգնահատելի արժէքը, որ դարեր շարունակ ստեղծագործած է եւ հիմա ալ իր գիտակցութեան ու էութեան բովանդակ ներդրումներով կը ստեղծագործէ իրեն եւ ընդհանրապէս քաղաքակիրթ մարդկութեան բարիքին համար։ Ստեղծագործելը մեծ ստացուածք մըն է, սակայն ստեղծագործածը պահելը իւրաքանչիւր անհատի, ի վերջոյ, ազգի մը սեպուհ պարտականութիւնն է։ Մեր հայրերը մեզի ժառանգ թողուցին հսկայ հայրենիք մը եւ հայ ժողովուրդի ստեղծագործ ոգիի դրսեւորումներուն անզուգական ժառանգութիւնը։ Ինչքանո՞վ կրցանք պահպանել զանոնք, նաեւ պաշտպանել թշնամիներու գործած աւերին ու աւարառու նկրտումներուն դէմ։ Ունենալը բարիք մըն է, իսկ ունեցածը պահպանել կարենալը՝ ազգային վեհագոյն պատասխանատուութիւն եւ արժանապատուութեան գերազանց դրսեւորում մը։
Ազգովին պէտք է դասեր քաղենք մասնաւորաբար Արցախեան պատերազմի աղէտալի արդիւնքէն ետք, ու ամենակարեւորը՝ պէտք չէ թերանանք ըլլայ ռազմադաշտի, ըլլայ օդային եւ ջրային սահմանագիծի անխոցելիութեան մէջ։ Խաղաղասիրութիւնը, արդարեւ, գերագոյն առաքինութիւն է, սակայն կեանքն ու պատմական փորձը ցոյց կու տան, որ խաղաղութիւնն ալ կախուած է ուժի եւ սպառազինութեան գերակայութենէն։ Մեր հայրենիքին սահմանները ամէնուրեք են, թէ՛ մշակութային ինքնութեան եւ թէ՛ աշխարհագրական տարածքներու առումով, որոնք անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան կայացման լուրջ եւ հիմնական մարտահրաւէրներու առջեւ կը գտնուին։ Հետեւաբար հրամայական պահանջք մըն է, որ այսուհետեւ ազգովին մեր գոյապայքարի առաջնահերթ նպատակներէն մէկը դարձնեք ունենալու նաեւ գերազանց միջոցը՝ պահել, պաշտպանել եւ զարգացնել կարենալու համար մեր ստեղծագործած մշակութային արժէքները անարգ թշնամիներու ոտնձգութիւններուն դէմ։