ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Տագնապ կ’ապրի աշխարհը: Մարդկութիւնը գոյապայքար կը մղէ խորհրդաւոր եւ դաժան ժահրի մը դէմ: Անոր աւերներուն առջեւ անզօր մնացած է արհեստագիտական նուաճումներով յոխորտացող քաղաքակրթութիւնը:
Բոլորս ակամայ բանտարկեալ դարձած ենք մեր բնակարաններուն մէջ: Սոսկումով կը հետեւինք պսակաւոր ժահրի գիշատիչ ճանկերուն մէջ ինկող մահացութեան ամէնօրեայ թիւերուն: Դադրած են օդային, ցամաքային, ծովային հաղորդակցութիւնները: Կղզիացած է աշխարհը, մարդկութիւնը: Համայն աշխարհ դարձած է պսակաւոր ժահրին ողորմութեան գերին:
Աշխարհը գլխիվայր կարծէք դարձած ըլլար…:
Գութ կը հայցենք Բարձրեալէն՝ մոռնալով, որ մենք՝ մարդն է իր կողքի մարդուն ողբերգութեան պատճառը…
Հոկտեմբեր ամիսէն ի վեր տնտեսական, ընկերային տագնապներու մէջ խրած լիբանանցիներուն հանապազօրեայ տուայտանքներուն վրայ եկաւ աւելնալու անկանխատեսելին:
Հոկտեմբերի ընկերային պայթումը ծանրակշիռ եւ անմիջական անդրադարձ ունեցաւ երկրին տնտեսութեան վրայ, վկայ՝ սնանկացող հաստատութիւնները, յարաճող գործազուրկներու բանակը, արտագաղթող ընտանիքները: Արտագաղթ դէպի ո՞ւր…:
Հեղձուցիչ օրերու նախախնամութեան տակ կ’ապրի Լիբանանցին եւ լիբանանահայութիւնը:
Արդէն քանի մը ամիսէ դադրած են բաբախել լիբանանահայ առեւտրական, կրթական հաստատութիւնները: Ոմանք վերջնականապէս փակած են իրենց դռները: Ուրիշներ հազիւ կը պահեն իրենց գոյութիւնը: Ապրուստի սղութիւնը կը խեղդէ համեստ օրապահիկով ապրող հայ ընտանիքները, ուր մնաց դպրոցական, համալսարանական կրթաթոշակները հոգալու պարտաւորութիւնները, երբ ընտանիքներու տէրեր հազիւ կամ մասնակի գանձեն իրենց աշխատավարձը: Չեմ խօսիր բժշկական խնամատարութեան մասին…: Յուսահատութեան, յուսալքումի մթնոլորտ մը ծածկած է Լիբանանի երկնակամարը:
Այս բոլորը թուղթին կը յանձնեմ իբրեւ հայ համայնքի ճակատագիրով մտահոգ հայորդի: Այո՛, կ’ապրինք դժուար օրեր, սակայն, ի պատիւ մեր Եկեղեցիին, ի դէմս հայ քաղաքական կուսակցութիւններու, բարեսիրական կազմակերպութիւններու մարդասիրական նախաձեռնութիւններուն, ապաւինելու ամուր յենարան մը ունի լիբանանահայ ընտանիքը, լիբանանահայութիւնը:
Օրին հաւանաբար չանդրադարձանք, սակայն այսօր պարտինք խոստովանիլ, որքան իմաստուն եւ հեռատես քայլ մըն էր՝ 2020-ը «Յատուկ խնամքի կարօտ հայորդիներու տարի» յայտարարելու Մեծի տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառին որոշումը:
Վեհափառին այս շնորհաշատ քայլին հետեւեցան Հայ աւետարանական եւ Հայ կաթողիկէ համայնքները, հայ քաղաքական կուսակցութիւնները, ՀԲԸՄ-ը, բարեսիրական, մարզական, մշակութային կազմակերպութիւնները,Լիբանան գտնուող եւ Լիբանանով ապրող մեր ազգային բարերարները: Բազում շնորհակալութիւն մեր բոլոր ազգայիններուն, որոնք անմիջապէս ընդառաջեցին օգնութեան կոչերուն:
Շնորհիւ այս զօրաշարժին՝ սննդանիւթի, դեղորայքի, նիւթական, բժշկական ծառայութիւններու դրութիւն մը հաստատուեցաւ Լիբանանի բոլոր շրջաններուն մէջ բնակող լիբանանահայ կարիքաւոր ընտանիքներուն՝ անխտիր, առանց դաւանական ու քաղաքական պատկանելիութեան: Երախտաշատ աշխատանք սկսաւ կատարել պսակաձեւ Ժահրի կանխարգիլման եւ տարածման դէմ միջոցներ որդեգրելու նպատակով կազմուած ճգնաժամային «Քորոնա» Շտապը, առաջնայնութիւնը տալով հայ համայնքին առողջապահական անվտանգութեան:
Այս յանձնառու կեցուածքը՝ ճգնաժամային այս պահուն, կը թելադրէ մեր ազգային ինքնութեան սպառնացող վտանգները միասնաբար դիմագրաւելու խորհուրդ մը՝ յանուն հայապահպանութեան, առաւել եւս զարկ տալու Սփիւռքի մնացեալ համայնքներուն մէջ լիբանանահայութեան առանցքային դերակատարութեան:
Ուրբաթ երեկոյեան բնակարանիս զանգը կը հնչէ: Երիտասարդներ, բարեւելէ ետք, յայտնեցին, թէ ՀՅԴ Գարեգին Նժդեհ ակումբին կողմէ կը ներկայանային: Հարցումներ ուղղեցին եւ զանազան օժանդակութիւններու պատրաստակամութիւն յայտնեցին: Շաբաթ առաւօտեան ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի ընկերային ծառայութեան գրասենեակէն նոյնանման հարցումներ ուղղուեցան: Միեւնոյնը կրկնուեցաւ՝ ՀԿԲՄ-ի անունով: Բոլորն ալ հետաքրքրուեցան, թէ այլ ընտանիքներ կը գտնուի՞ն շրջանին մէջ կամ թէ ունի՞մ կարօտեալ ծանօթներ…: Այս բոլորին մէջ զիս յուզողը դրացի բարեկամ հայուն հասնելու ոգին է: Խնամքի եւ օգնութեան կարօտ հայորդիներուն հասնելու նախանձախնդրութիւնը:
Փութաջան աշխատանքի լծուած են մեր յարանուանութիւնները, քաղաքական կուսակցութիւնները, բարեսիրական կազմակերպութիւնները, մամուլը, լսատեսողական աղբիւրները:
Պահ մը այս բոլորին մէջ հարց մը կը յառաջանայ մէջս. իրապաշտ պիտի ըլլանք, երէկի հայահոծ համայնքը չէ այլեւս Լիբանանի հայ համայնքը…: Ան եւս կ’ապրի հայկական Սփիւռքին բնորոշ մարտահրաւէրներուն դէմ պայքարելով:
ճիշդ է, որ լիբանանահայութիւնը կը նահանջէ քանակով, սակայն հաւատքի եւ լաւատեսութեան անփոխարինելի ոգին վառ կը մնայ անոր մէջ: Այդ ոգիին դրսեւորման ականատեսն ենք այսօր բոլորս: Այս ոգին եւ գիտակցութիւնն է, որ վառ պահած են ու պիտի պահեն լիբանանահայութիւնը:
Այո’ դժբխատութիւններն ու ցաւը կը միացնեն սրտերը, քով-քովի կը բերեն մարդոց, հաւաքականութիւնները: Ահաւասիկ միասնական գործելաոճի իսկական օրինակ մը: Այս օրինակը պարտինք վառ պահել մեր սրտերուն եւ մտքերուն մէջ: Չընկղմինք գաւաթ մը ջուրին մէջ: Իւրաքանչիւրս՝ կարողութեան եւ կարելիութեան սահմաններուն մէջ զօրացնենք մեզ միացնող կամուրջները: Անկասկած անհրաժեշտ է դասեր քաղել նեղ օրերու այս պատուաբեր կեցուածքէն: Եթէ այսօրը կը գիտակցինք, վաղուան օրը պարտինք շարունակել ծառայութեան եւ գիտակցութեան այս ոգին: Շահողը բոլորս պիտի ըլլանք, լիբանանահայութիւնը՝ անխտիր:
Պատիւ ու յարգանք Լիբանանահայութիւնը կանգուն պահող բոլոր կառոյցներուն, ազնիւ հայորդիներուն: