ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Սիսիանցի բազմազաւակ միայնակ մայր Յասմիկ Սարգսեան դատապարտուեցաւ վեցուկէս տարուան ազատազրկման՝ 4000 դրամ իւրացնելու համար: Յասմիկ դրամը իւրացուցած էր կերակրելու համար իր երեխաները: Ոստիկանութիւնը ձեւակերպած է գողութիւնը 10,000 դրամ եւ քրէականացուցած է արարքը: Յասմիկը պարբերաբար փնտռած է դրամ վաստակելու միջոցներ, սակայն պետական մարմինները զրկած են զայն նպաստէ: Ան չէ յաջողած աշխատանք գտնել: Ընտանիքը կը շարունակէ ապրիլ առանց ելեկտրականութեան եւ որեւէ գումարի: