ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Հրանդ Տինքի դատավարութեան իւրաքանչիւր նիստ՝ կառավարութեան դէմ բողոքի ցոյցի մը կը վերածուէր Պեշիքթաշի հրապարակին վրայ:
Զօրակցութեան համար դատարանին առջեւ եկողները յաճախ կը վանկարկէին՝ «Ոճրագործ պետութիւնը հաշիւ պիտի տայ»: Ազգայնական շրջանակներու կողմէ սաստկութեամբ մերժուած կարգախօս մըն էր այս: Անոնք յամառօրէն կը պնդէին, որ պետութիւնը ոճիր չի գործեր: Այդ նոյն շրջանակները այսօր ալ կը շարունակեն նոյն պնդումը՝ տեսնելով հանդերձ Թուրքիոյ քրտաբնակ քաղաքներուն մէջ ամէն օր պատահած սպանութիւնները:
Թուրքիոյ մէջ աւանդոյթ մըն է ուրացումը: Ցեղասպանութիւն պիտի կատարէ, ամբողջ ժողովուրդ մը արմատախիլ պիտի ընէ իր բնօրրանէն եւ ապա փաստել պիտի ջանայ, թէ ըրածը ցեղասպանութիւն չէ՛: Տակաւին տարիքը չբոլորած մանուկներ, եօթնամեայ, ութամեայ պատանիներ կամ եօթանասուն ամեայ տարեցներ պիտի սպաննէ ու ապա հեռուստաէգրաններով պիտի յայտարարէ, թէ սպաննուածները ահաբեկիչներ են:
Նոյնը պիտի ընէ լրագրողներու օրինակին ալ: Բազմաթիւ լրագրողներ պիտի բանտարկէ ու ապա պիտի պնդէ, թէ այս բանտարկուածները կը մեղադրուին ո՛չ թէ լրագրողութեան, այլ՝ ահաբեկչութեան համար:
Երանի թէ այս բոլորին պատահած պահուն մենք ականատեսներ չըլլայինք: Այլ՝ օրինակի համար՝ այս դէպքերը 100 տարուան հեռաւորութեամբ մը դուրսէն դիտէինք ու ծիծաղէինք նման անիմաստ ուրացումի դէմ: Ծիծաղէինք այդ ուրացումին հաւատացող տգիտութեան:
Ի՛նչ գիտնամ… օրինակ՝ նողկանքով խառն ծիծաղ մը դրոշմուէր շուրթերուն, երբ կարդայինք Գերմանիոյ վարչապետ Մերքելի կամ ԱՄՆ նախագահ Օպամայի յայտարարութիւնները:
«Թուրքիա ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու իրաւունք ունի՛», կ՛ըսեն անոնք, առանց նկատի ունենալու Թուրքիոյ այժմու իշխանութեան մինչեւ կոկորդը ահաբեկչութեան ցեխին թաթխուած ըլլալու իրողութիւնը: Այս ալ ի՛ր կարգին ուրացումի երեւոյթ մը չէ՞ միթէ: Այդ քաղաքական գործիչներուն վարած երկիրներուն մէջ հասարակական միտքը եւ մամուլը քաջ կը գիտակցին Թուրքիոյ մէջ եղած-դարձածներուն: Անոնք փաստացի տուեալներով իրենց ընթերցողներուն կը փոխանցեն Թուրքիոյ պետութեան հարեւան երկրին՝ Սուրիոյ մէջ, միջամուխ եղած ահաբեկչութիւնը:
Ի զուր տեղ չէ՛, որ կը պնդենք, թէ ուրացումը աւանդութիւն ունի այս երկրին մէջ: 17-25 Դեկտեմբերին թուարկուած դրամաշորթութեան գայթակղութիւնը մեծ ճարպիկութեամբ քօղարկուեցաւ նախագահ Էրտողանի կողմէ: Ո՛չ կօշիկի տուփերու մէջ դիզուած միլիոնաւոր տարադրամները, ո՛չ ննջասենեակներէն յայտնաբերուած դրամհամրիչ գործիքները, ո՛չ ալ Էրտողանի՝ իր որդւոյն խուճապի մէջ հրահանգած «շուտ դրամները տունէն դուրս հանէ՛, հեռացո՛ւր» ազդարարութիւններու ձայնագրութիւնը փաստ համարուեցան: Ընդհակառակը, այս բոլորը երեւան հանողները մեղադրուեցան կառավարութեան դէմ դաւադրութեամբ:
Նոյնը պատահեցաւ Ազգային լրաքաղութեան կազմակերպութեան (ՄԻԹ) բեռնատարերուն պարագային:
Դատախազներ յայտնաբերեցին, թէ մարդկային օգնութեան անուան տակ՝ զէնք ու զինամթերք կը փոխանցուէր Սուրիոյ մէջ իշխանութեան դէմ ապստամբած արմատական իսլամներուն: Գողը անգամ մը եւս գողութեան պահուն բռնուած էր, բայց այնպէս աղմկեց, որ զինք բռնողները բանտարկուեցան:
Այս համայնապատկերին մէջ երբե՛ք զարմանալի չէ, որ հեռուստաշօուի մը զանգահարելով՝ Տիարպեքիրի մէջ սպաննուած մանուկներուն համար գթութիւն պաղատողը հայրենադաւ համարուի եւ ենթարկուի դատական հարցաքննութեան:
*ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ Պոլսոյ «Ակօս» թերթի հայերէն բաժինի խմբագիրն է