Հայ առաջին տպագիր գիրքը` Ուրբաթագիրքը, առաջին անգամ վերածուած է աշխարհաբարի եւ կը ներկայանայ իբրեւ գիտական հրատարակութիւն: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին յայտնած է բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Լուսինէ Աւետիսեան:
Գիրքի աշխարհաբար տարբերակը բաղկացած է 400 էջէ եւ մէկ ներդիրէ` քարտէսէ: Ան հրատարակուած է դասական ուղղագրութեամբ: «Այն նուէր է հայ ժողովրդին, որի երկու հատուածներն էլ փոքրիկ դժուարութուն պիտի յաղթահարէին, մէկը լեզուի, քանի որ գրուած է արեւելահայերէն, միւսը` գրութեան, որովհետեւ տպագրուած է դասական ուղղագրութեամբ»,-ըսած է Աւետիսեան: Ան այս աշխատանքը փոքր քայլ մը կը համարէ դէպի երկու հատուածներու աւելի մերձեցում: «Եւ, ինչպէս հայկական տպագրութեան 500-ամեայ առաջնեկը, այս գիրքը եւս նախ եւ առաջ համախմբման խորհուրդ ունի»,-եզրափակած է Աւետիսեան:
Ուրբաթագրքի աշխարհաբար տարբերակը կ’ընդգրկէ առաջաբան, 1512-1920 թուականներու հայերէն տպագիր գիրքի ժամանակագրական եւ վիճակագրական աղիւսակ, Յակոբ Մեղապարտի տպագրած Ուրբաթագրքի պատճէնը, որ նախքան թարգմանելը անհրաժեշտ էր վերծանել, ապա` վերծանուած ու ընթեռնելի գրաբար եւ աշխարհաբար հանդիպադիր բնագիրները, բնօրինակին մէջ վկայակոչուած վանքերու ու եկեղեցիներու մասին տեղեկատու, անոնց քարտէսը, ծանօթագրութիւններ, ինչպէս նաեւ անձնանուններու ու տեղանուններու ցանկեր: Հրատարակութիւնը կ’ուղեկցուի հայկական մանրանկարչական արուեստի 16 նմուշի լուսանկարներով` անոնց մասին հակիրճ տեղեկատուութիւններով, որոնք ոչ միայն հետաքրքրական կը դարձնեն գիրքը, այլեւ լուռ քարոզիչներ են մեր մշակոյթի հարուստ եւ անկրկնելի շերտի մը:
ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան կից Գրահարատարակչութեան գործակալութեան կողմէ կազմակերպուած 14 Դեկտեմբեր 2012-ի մրցանակաբաշխութեան ժամանակ Լուսինէ Աւետիսեանի թարգմանած ու հրատարակած Ուրբաթագիրքը արժանացած է երկրորդ մրցանակի` «Տարուան լաւագոյն գիրք` գիրքի մասին» անուանակարգին մէջ:
Ուրբաթագրքի բնօրինակի վերծանութիւնը, թարգմանութիւնը, առաջաբանը, ծանօթագրութիւնները, տեղեկատուն, անուանացանկերը, քարտէսը, հարթաքանդակը եւ գեղարուեստական ձեւաւորումը կատարուած են բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Լուսինէ Աւետիսեանի կողմէ: Խմբագիրը փրոֆէսոր Պօղոս Լեւոն Զէքիեանն է:
Հրատարակութեան երաշխաւորած է ՀՀ ԳԱԱ Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան ինստիտուտի գիտական խորհուրդը: