ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Ուրբաթ՝ շաբթուան օրերէն մէկը, նաեւ տեղանուն է հայոց մէջ։ Այդպիսի երկու տեղ կայ Անտիոքի շրջանին մէջ՝ Մուսա լեռ եւ Ղնեմիէ։
Կ՛արժէ գիտնալ, թէ արդեօք նոյն անունը կրող այլ վայրեր եղա՞ծ են ու կա՞ն հայաշխարհի մէջ։
Մեզի ծանօթ այս երկու վայրերն ալ սրբացուած վայրեր են շրջանի հայութեան կողմէ, ունին «սուրբ» մակդիրը։ Հոն ծէսեր կը կատարուին, անոնց մասին աւանդավէպեր կը պատմուին։ Այսպէս
– Մուսա Լեռան Ս․ Ուրբաթը, տեղական բարբառով՝ Սըբըրբութ, Եողուն Օլուքէն հիւսիս, ձորակին մը մէջ քարայր մըն է, հաւանաբար դամբարան, որուն յատակին իրարու կից քանդակուած երկու մաշած տապանաքարեր կան՝ մշտապէս ջուրով ողողուած։ Աւանդութեան մը համաձայն անոնց տակ կը հանգչին աճիւնները սիրահար զոյգի մը։ Ժայռի կողերէն կը կաթկթի ջրիկ մը, որ խոտերու ընդմէջէն սողոսկելով արտասուքի կայլակներու նման ջինջ՝ կը գլորի շիրիմներու վրայ եւ կը լճանայ հոն։ Հոս կ’աճի խոնաւութիւն սիրող, ճկուն ցօղունով եւ բոլոր տերեւներով բոյս մը, որ հանրածանօթ է Սըբըրբըթը խիւտ (Սուրբ Ուրբաթի խոտ ) անունով։ Ասոր եռացած ջուրը իբրեւ դեղ կը գործածուէր դաշտանի անկանոնութեանց դէմ։
Սուրբ Ուրբաթը ուխտատեղի էր հայերուն եւ հոռոմներուն համար։ Անոր ուխտագնացութիւնը կախեալ էր ուխտաւորի կամքէն։ Ողջակէզի տեսակները առհասարակ աքլորներ էին, որոնցմով տեղւոյն վրայ ձաւարէ փիլաւ պատրաստուելով՝ կը բաժնուէր ներկաներուն, ինչպէս նաեւ շրջակայքը աշխատող մշակներուն ու հովիւներուն։ Տօնակատարութենէն ետք ամեն ոք էդդիւր (հագուստէն ծուէն մը ՝ իբրեւ նմոյշ․ Քեսապի բարբառով՝ ադդուօր) կը կապէր փշոտ թուփերուն վրայ, հաւատալով, թէ այդ ձեւով հիւանդութիւնը փուշերուն վրայ բռնուած կը մնայ եւ անձը պաշտպանուած՝ չար աչքերու ազդեցութենէն (Յուշամատեան Մուսա լեռան, էջ 93, նաեւ՝ Թովմաս Հապէշեան, Մուսա-Տաղի պապենական արձագանգներ, էջ 31)։
– Ղնեմիէ գիւղին մէջ (Լաթաքիոյ շրջան) Սուրբ Ուրբաթը ջրվէժող աղբիւրի մը անունն է։ Արաբախօսները թարգմանաբար կը կոչեն Նապըղ ալ-Ճումաա կամ Շալլալ ալ-Ճումաա։ Կը կոչուի նաեւ Շէխ Ճումաա։ Շէխ բառը կրնայ նշանակել երէց, աւագ, սուրբ, ուրեմն՝ Սուրբ Ուրբաթ։ Ասիկա ծագումնաբանօրէն կու գայ մեր Աւագ Ուրբաթէն։ Սրբացուած աղբիւր մըն է։ Հոս գիւղի տղաքը, ինչպէս ինծի կը պատմեն Ֆարիտ եւ Սրբո Հանունիկները, Ծնունդի խթման գիշերով, առաւօտ կանուխ, խմբովին կ’երթային ու կը մտնէին ջրվէժին տակ՝ լոգնալու եւ լուսածագը այնտեղէն տեսնելու համար, ապա քար մը վերցնելով կը տանէին եւ տնամերձ ծառի մը կը կապէին՝ հաւատալով որ բերքը առատ կ’ըլլայ։ Ասիկա՝ ջրասուզումը, տարածուած ծէս մըն էր Անտիոքի շրջանի հայոց եւ ալաուիներուն մէջ;
«Սուրբ Ուրբաթ»ը անկասկած քրիստոնէական ըմբռնում մըն է։ Քրիստոսի խաչելութեան օրը․ որ կը մտնէ տօնացոյցին մէջ, մեր եկեղեցին կը կոչէ Աւագ Ուրբաթ։ Քրիստոնեայ, յատկապէս կաթոլիկ աշխարհը, նոյնպէս կը մեծարէ այս օրը։ Կը կազմակերպուին տօնահանդէսներ, յատուկ տարազաւորումով տեղի կ՛ունենան շքերթներ եւ ժողովրդական խաղեր։ Հիմնական տրամադրութիւնը, “Սեւ” ըլլալով մէկտեղ, ուրախութիւնն է, որովհետեւ Քրիստոսի Խաչելութիւնը երեք օր ետք Անոր Յարութեան տանող նախախնամական քայլ է։ Խաչելութիւնը մարդոց փրկութեան եւ յաւիտենական կեանքի համար եղաւ, այդ պատճառով ալ տարբեր տեղեր կը կոչուի Լաւ Ուրբաթ, Բարի Ուրբաթ, Սուրբ Ուրբաթ, Մեծ Ուրբաթ, Աւագ Ուրբաթ։
Ահաւասիկ այս ըմբենումէն ելլելով՝ վերոյիշեալ սրբավայրերը կոչուած են Սուրբ Ուրբաթ։ Խորհրդանշական է, որ երկուքն ալ աղբիւրներ են։