Յիսուս Քրիստոս բոլոր ժամանակներու մեծագոյն յեղափոխականն է։ Ան խիստ եւ յստակ կեցուածք ճշդեց ժողովուրդը կեղեքողին, հալածողին, ճնշողին, խաբողին, անտեսողին, թալանողին նկատմամբ։ Նոյն կեցուածքը պէտք է նաեւ ճշդէ Քրիստոսի առաքելութիւնը շարունակելու կոչուած եւ ժողովուրդին տագնապներուն հետ ինքզինք նոյնացուցած եկեղեցին՝ Լիբանանէն սկսեալ ամէ՛ն տեղ։ Ժողովուրդը կեղեքողները, ժողովուրդին ցաւը անտեսողները, ժողովուրդին կեանքը տառապանքի վերածող անպատասխանատու «պատասխանատուները» պէտք է հեռանան իրենց աթոռներէն։ Այդ աթոռներուն վրայ նստեցնողները ու միաժամանակ անհրաժեշտութեան պարագային աթոռներէն վար առնողները ժողովո՛ւրդն է։ Հետեւաբար, ուր եւ երբ արդարութիւնը, համարատուութիւնը եւ թափանցիկութիւնը կը դառնան բացակայ, ժողովուրդը ըսելի՛ք եւ ընելի՛ք կ՚ունենայ։