ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ուքրանիոյ խորհրդարանին՝ Գերագոյն Ռատային մէջ արձանագրուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յարգելու որոշման նախագիծը: Այս մասին հաղորդեց AnalitikaUA.net-ը, որ դիտել տուաւ, որ իշխող «Ժողովուրդի ծառայ» կուսակցութենէն Ուքրանիոյ ժողովրդական պատգամաւոր Տարիա Վոլոթինայի օրէնսդրական նախաձեռնութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յարգելու վերաբերեալ արձանագրուեցաւ 14 Փետրուարին։
Ուքրանիոյ հայերու միութեան ղեկավար Վիլէն Շատուորեան իր մեկնաբանութեան մէջ պատգամաւորին նախաձեռնութիւնը կարեւոր քայլ նկատեց՝ նշելով, որ անիկա կը վկայէ մարդասիրութեան, ճշմարտութեան եւ արդարութեան գաղափարներուն հետեւողական հաւատարմութեան մասին:
Նշենք, թէ այս մէկը վերջին 10 տարիներուն ընթացքին արդէն չորրորդ օրենսդրական նախաձեռնութիւնն է: