Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարար Ալեքսի Ռեզինքով յայտնեց, որ իր երկիրը 200 միլիոն տոլարի արժէքով պաշտպանական օժանդակութիւններու ծիրին մէջ Միացեալ Նահանգներէն զէնքերու երկրորդ քանակ մը ստացած է:
Ուաշինկթըն յայտարարեց, որ պիտի շարունակէ Ուքրանիոյ աջակցութիւն տրամադրել` մեկնելով արեւմտեան երկիրներու մօտ ուքրանական սահմաններուն վրայ հարիւր հազարաւոր ռուս զինուորներու կուտակումին նկատմամբ մտավախութիւններէն: Ռուսիա կը հերքէ, թէ մտադիր է իր դրացի երկիր ներխուժել:
Ռեզնիքով ընկերային ցանցերու վրայ գրառում մը կատարելով յայտնեց. «Երկրորդ օդանաւը Քիեւի մէջ: Ուքրանական պաշտպանական կարողութեան ամրապնդման համար Միացեալ Նահանգներու մէջ մեր բարեկամներէն աւելի քան 80 թոն զէնք, եւ ասիկա վերջինը պիտի չըլլայ»:
Նշենք, որ շաբաթ օր դեկտեմբերին Միացեալ Նահանգներու կողմէ որոշուած օժանդակութեան ծիրին մէջ Քիեւ հասած էր շուրջ 90 թոն զէնք-զինամթերք: