ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Բանաստեղծի գրիչ պէտք է ունենաս կարենալ ըստ արժանւոյն նկարագրելու համար Յունաստանի պարզած այսօրուան պատկերը, երբ բոլոր աշակերտները դպրոցական պայուսակները շալակած` առտուան ժամերէն երկրին մթնոլորտը կը լեցնեն իրենց ուրախ ու խանդավառ պոռչտուքներով եւ խռնուած խումբերով կ’երթան «դէպի աղբիւրը լոյսին», ընդառաջ` վերամուտի «առաջին զանգին» եւ ջրօրհնէքի արարողութեան… Օրհնաբեր լոյսը պիտի տարածուի կրթական տարեշրջանի բոլոր օրերուն վրայ եւ պիտի լուսաւորէ ուսումնատենչ ուսանողներուն միտքն ու հոգին:
Հայկակներն ալ, իրենց ծնողներուն ընկերակցութեամբ, ամէնքին պէս կը փութան իրենց հարազատ յարկը, ուր իբրեւ անդամը հայկական համայնքի մէկ ու մեծ ընտանիքի` ամառնային արձակուրդէ վերջ զիրար պիտի գտնեն, կրթական օճախին ջերմութեամբ եւ հայկական աղօթքովը պարուրուած` աշակերտ, ուսուցիչ ու ծնողք իրարու մաղթանքներ պիտի փոխանակեն ուսումնական նոր տարեշրջանի մը համար, որ ըլլայ անվտանգ, արդիւնաւոր ու բեղուն:
Իսկապէս որ կ’արժէ տեսնել պարզուած պատկերը ու ապրիլ պահը:
Ա) Սփիւռքի կազմութեան առաջին տարիներէն պատառ մը հացի կարօտ գաղթական հայեր առաջնահերթ սեպեցին հայ դպրոցն ու հայակրթութիւնը` օրուան ապրուստին չափ կարեւոր: Այդ օրերուն նիւթական-տնտեսական կարելիութիւններ չկային դպրոցաշինութեան համար, բայց կային հաւատքն ու կամքը: Օրուան պատասխանատուները առաջնորդուեցան հաւատքով, եւ կամքը տեսիլք տուաւ ու յանդգնութիւն ներշնչեց անոնց: Գաղթական հայը նեցուկ դարձաւ հայակրթական գործին եւ իր օրուան հացէն զեղչելով էր, որ ամէն գաղթակայան ունեցաւ իր թիթեղաշէն դպրոցն ու եկեղեցին` կողք-կողքի, յաճախ` միեւնոյն առաստաղին տակ:
Ապա նաեւ այդ օրերու եւ հետագայի անուանի թէ անանուն կրթական մշակներու նուիրուածութիւնը հանդիսացաւ այն խարիսխը, որուն վրայ հաստատուեցաւ, ամրացաւ ու շարունակուեցաւ հայակրթական գործը սփիւռքի տարածքին: Անոնցմէ ոմանք, ուսուցչական գործին զուգահեռ, լծուեցան դասագրքեր պատրաստելու աշխատանքին, որպէսզի հայ աշակերտը մայրենին սորվի, իր ազգի պատմութեան ծանօթանայ, հայակրթութիւնը բովանդակութիւն ստանայ, եւ դպրոցը ազգային իր առաքելութիւնը կատարէ:
Եւ հիմա, իբրեւ մարդ, կարելի է զարմանալ ու հիանալ եւ, իբրեւ հայ, միայն հպարտանալ ի տես հայկական սփիւռքի կազմակերպուածութեան, անոր ստեղծած դպրոցական ցանցին, դասագրքերու պէսպիսութեան ու որակին, որոնք մէջտեղ եկան ոչինչէն: Պետութիւններ հսկայ գումարներ, մարդուժ ու արհեստագիտութիւն կը տրամադրեն, անչափ գուրգուրանք կը ցուցաբերեն ու չեն յաջողիր իրենց սփիւռքներուն ներարկելու այն ներուժը, որ ունինք մենք թէ՛ կրթական եւ թէ՛ այլ ճակատներու վրայ:
Հայակրթութեան եւ ընդհանրապէս ուսման օճախ ունենալու նախաձեռնողները, մեր մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը զոհողութեամբ ու զրկանքով դպրոցներ հիմնեցին ոչ թէ իրենց համար, այլ` սերունդներուն համար, այսինքն` իրենց զաւակներուն, թոռներուն ու ծոռերուն եւ հետագայ հայածին բոլոր երեխաներուն համար, մեզի համար, որպէսզի մենք ազգային ինքնութեամբ ամրապնդուինք:
Խնդիրն այն է, թէ մեր մեծհայրերուն ու մեծմայրերուն մեզի համար իսկ յանձն առած զոհողութեանց, զրկանքին ու յիշատակին դիմաց` մենք որքա՞ն հաւատարիմ ենք, կը գուրգուրա՞նք մեր դպրոցներուն վրայ ու կը քաջալերե՞նք անոնց առաքելութիւնն ու գործը, թէ՞ անգիտակցաբար ապերախտ կեցուածք կ’որդեգրենք…
Բ) Տարին, որ կ’աւարտի, 60-ամեակն է Աթէնքի Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան նախակրթարանի շէնքային կառոյցին ու անուանակոչութեան, ինչպէս նաեւ 30-ամեակը` Ճենազեան միջնակարգի հիմնադրութեան: Այս տարիներու ընթացքին հայ թէ յոյն նուիրեալ ուսուցիչներու եւ հազարաւոր աշակերտներու շունչը կայ վարժարանի մթնոլորտին մէջ, ուր կու գան աւելնալու նորերունը… Տակաւին երեքուկէս ամիս ունինք տարուան աւարտին: Կը յուսանք, որ իբրեւ համայնք ու գաղութ` կարգ մը ձեռնարկներով արժանին կը մատուցենք հիմնադիր սերունդի յիշատակին` մեծարելով հայկական դպրոցին առաքելութիւնը եւ շեշտելով հայակրթութեան կարեւորութիւնը:
Գ) Նորութիւն մը ըսած պիտի չըլլանք` արձանագրելով, որ համախումբ կեանքի միջավայրն է անհրաժեշտը, որպէսզի գոյատեւէ հայերէնի գործածութիւնը եւ պահպանուի հայախօսութիւնը: Գիտենք նաեւ, որ հայօճախներու երբեմնի խմբուածութիւնը շատոնց տեղի տուած է ցրուածութեան, եւ հայ մարդուն կենսամակարդակն ու կենսաձեւը նոյնացած են շրջապատին հետ: Ահա թէ ինչո՛ւ համայնքը իր կարելին կ’ընէ, նաեւ աշակերտութեան փոխադրութեան համար դպրոցական ինքնաշարժ կը տրամադրէ, որպէսզի հեռու բնակող երեխաներ չզրկուին հայկական դպրոցի շուքէն, հայախումբ կեանքի բարիքէն: Մեզի կը մնայ ընդառաջել հայահունչ զանգին…
Դ) Հայագաղութներու գլխաւոր ապաւէնն է հայկական դպրոցը, ուր իբրեւ հայախօսութեան ջերմանոց` կրթական կազմակերպուած միջավայրի ու հայաշունչ մթնոլորտի մէջ հայ տղաք համախումբ կ’ապրին եւ որոշ տարիներու վրայ երկարող ուսման ժամանակաշրջանին կը կազմաւորեն իրենց նկարա-գիրն ու անհատականութիւնը: Հայկական դպրոցը նաեւ այն հանգոյցն է, որ ամէնօրեայ կապ կը ստեղծէ մէկ կողմէն աշակերտին ու ծնողքին եւ միւս կողմէն` ազգային պատկանելիութեան միջեւ: Ամէն առտու դպրոցական պայուսակը իր զաւկին յանձնած պահուն իսկ, արդէն ծնողքին ու աշակերտին ենթագիտակցութեան մէջ անզգալաբար կ’ամրապնդուի ազգային պատկանելիութիւնը:
Ե) Մեր նախակրթարաններն ու միջնակարգ դպրոցները գլխաւոր այն միջավայրերն են, ուր հնարաւոր է հայախօսութիւնը քաջալերելով փոքր տարիքէն` երեխան կապել հայոց լեզուին: Հոս արդէն հրամայական կը դառնայ հայակրթութիւնը վստահելու ուսուցչի այն տիպարին, որ իր մէջ պայմանականօրէն կը կեդրոնացնէ երեք յատկանիշներ` խելք, խիղճ եւ աշխատունակութիւն, որոնցմէ զուրկ չեն մեր ուսուցիչները, բայց եւ այնպէս յաւելեալ ճիգ կ’ակնկալուի անոնցմէ:
Վերամուտի առիթով մենք ալ մեր կարգին մաղթենք անվտա՛նգ, յաջո՛ղ ու արդիւնաւէ՛տ տարեշրջան մը` բոլոր ուսուցիչներուն, մեծ ու փոքր ուսանողներուն, ծնողներուն եւ կրթական գործի պատասխանատուներուն, յուսալով, որ անոնք լայն պիտի բանան իրենց թեւերը եւ պիտի ճախրեն «դէպի աղբիւրը լոյսին»…
Աթէնք, 11 սեպտ. 2022