Նիկոլ Փաշինեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Շաքէ Մանկասարեան
Կար ու չկար տնակ մը կար: Փոքրիկ ու սիրուն: Ան կ՛ապրէր բլուրի գագաթին ու մինակ էր: Ու երբ շատ կը տխրէր ու կը ձանձրանար, կը սկսէր գոռոզանալ, հպարտ կը զգար ինքնիրմով, որ վերէն կը նայի չորս կողմը տարածուող անտառներուն, բացատներուն, գետակներուն, լճակներուն: Բայց շատ յաճախ կը ձանձրանար նաեւ գոռոզանալէն:
Օր մը Տնակը նկատեց, որ Կուղբը, Նապաստակը, Արագիլն ու Կրիան ուրախ կը խաղան դրացի բացատին մէջ: Տնակը հրապուրուեցաւ իրենց խաղով եւ այնքան հաւնեցաւ, որ ինքն ալ փափաքեցաւ խաղի մասնակից ըլլալ: Բայց ան, ցաւօք, չէր կրնար իջնել բացատ. Չէ՞ որ տնակ է եւ որոշեց խաղացող ընկերներուն նշան տալ, որ անոնք գան իր մօտ: Բացաւ-փակեց, բացաւ-փակեց պատուհանները, մէյ մըն ալ հոփ՝ ապակիին մէջ արտացոլուած արեւը ինկաւ Նապաստակի աչքերուն մէջ:
– Այս ո՞վ է մեզի կը ջղայնացնէ, եկէք նայինք ով է, – առաջարկեց Նապաստակը աչքերը կկոցելով:
Առաջ Արագիլն ու Նապաստակը հասան Տնակին՝ թռչելով ու վազելով: Յետոյ հասաւ Կուղբը, իսկ վերջաւորութեան Կրիան:
– Դուն ո՞վ ես, – հարցուց Նապաստակը:
– Ես Տնակն եմ, – պատասխանեց Տնակը:
– Իսկ քեզի ո՞վ այստեղ կառուցեր է , – հարցուց Արագիլը:
– Չեմ գիտեր, – ըսաւ Տնակը:
– Իսկ դուն ինչո՞վ կառուցուած ես, – հարցուց Կուղբը:
– Երազներով, – պատասխանեց Տնակը:
– Կուղբը, որ շինարարութեան վարպետ է, զարմացաւ: Մօտեցաւ Տնակին, հոտոտեց ու ըսաւ
– Լաւ հոտ կուգայ, փայտեայ երազանք է:
– Իսկ դուն ինչու՞ արեւը իմ աչքերուս մէջ նետեցիր, – հարցուց Նապաստակը:
-Որովհետեւ կ՛ուզէի ձեզի հետ խաղալ:
– Դուն ո՞վ ես, – հարցուց Կրիան, որ միայն այդ ժամանակ տեղ հասաւ:
Նապաստակը անոր ամէն ինչ արագ բացատրեց եւ առաջարկեց.
-Լաւ եկէք բռնոցի խաղանք: Ես բռնողն եմ:
Բոլորը համաձայնեցան ու արագավազ Նապաստակը նախ բռնեց Տնակին, յետոյ Կրիային, յետոյ Կուղբին: Իսկ այդ ընթացքին Արագիլը կը թեւածէր անոնց գլխուն վերեւ: Ինչքան արագավազ ու ցատկռտող ըլլար Նապաստակը, ան չէր կրնար հասնիլ թեւածող Արագիլին: Ի վերջոյ չկրնալով բռնել անոր, Նապաստակը սկսաւ բարձրաձայն լալ: Արագիլը, որ լաւ ընկեր էր, արագ դադրեցուց թռիչքը եւ եկաւ Նապաստակին մօտ:
– Ի՞նչ եղաւ Նապ, – մօտենալով հարցուց ան:
– Ես քեզի չեմ կրնար բռնել, ու խաղին ժամանակը կը լրանայ
– Եկեր եմ, բռնէ, – ուրախ ըսաւ Արագիլը:
Նապաստակը ուրախացաւ ու բռնեց Արագիլին:
-Հիմա Տնակը կը բռնէ, – ըսաւ ան, ու բոլորը վազեցին տարբեր ուղղութիւններով:
– Բայց քիչ ետք Տնակը սկսաւ լալ.
– Բայց ինչպէ՞ս կրնամ ձեզի բռնել, չէ՞ որ ես ոչ ոտքեր ունիմ, ոչ ձեռքեր:
Նապաստակը, Կրիան, Կուղբը ու Արագիլը մտահոգուեցան: Մտածեցին, մտածեցին Տնակին առաջարկեցին դռնակը բանալ, եւ իրենք բոլորը ներս կը մտնեն, որպէսզի Տնակը իրեն պարտուած չզգայ: Տնակը շատ ուրախացաւ, այդպէս ալ ըրին: Ու երբ բոլորը տնակին ներսն էին, կը ցատկռտէին ու կ՛ուրախանային: Տնակին այնքան անու՜շ թուեցաւ իր նոր ընկերներուն ուրախութիւնը, որ ան չդիմացաւ, ու փոքրիկ պատառ մը կուլ տուաւ այդ ուրախութիւնէն: Շատ համով էր: Տնակը կեանքին մէջ աւելի համով ոչինչ չէր կերած:
Յետոյ՝ ընկերները կը զրուցէին, ու տարբեր յուշեր կը պատմէին իրենց համատեղ խաղերուն, ընտանիքներուն մասին: Տնակին այս յուշերը նոյնպէս անուշ թուացին: Ան փոքրիկ պատառ մըն ալ իր նոր ընկերներուն յուշերէն համտեսեց: Յուշերը աւելի համով էին, որովհետեւ պատրաստուած էին սիրով եւ յիշողութիւններով:
Տնակը վախով կը նայէր իր նոր ընկերներուն, մտածելով, թէ անոնք կը ջղայնանան իրեն վրայ, բայց ոչ ոք ոչինչ չէր նկատեր: Ինքն ալ ոչինչ չըսաւ:
Քիչ ետք Կուղբը յիշեց, որ իր երթալուն ժամանակն է.
- Ես պէտք է փայտ բերեմ ձմրան համար, – ըսաւ ան ու բոլորին հրաժեշտ տալով հեռացաւ, – գարնանը կը տեսնուինք, – ըսաւ ան:
- Ես ալ պէտք է չուեմ տաք երկիրներ, – ըսաւ Արագիլը եւ ընկերներուն հրաժեշտ տուաւ՝ մինչեւ Գարուն:
Նապաստակն ու Կրիան գործեր չունէին եւ մնացին: Անոնք ուրախ կը զրուցէին, Տնակը անընդհատ կը բորբոքէր զրոյցը, որովհետեւ Նապաստակին եւ Կրիային ուրախութիւնը, յիշողութիւններն ու սէրը չափազանց համեղ էին ու ան չէր յագենար: Կ՛ուզէր կրկին ու կրկին վայելել այդ աննման ուտեստները:
Շատ շուտով Նապաստակն ու Կրիան մոռցան, որ իրենք պէտք է երթան, որովհետեւ անոնց յիշողութիւնները նուազեր էր: Յետոյ ընդհանրապէս մոռցան, թէ ովքեր են իրենք, որովհետեւ Տնակը դարձած էր անյագուրդ :
Շուտով անցաւ Ձմեռը եւ Գարուն եկաւ: Արագիլը կը վերադառնար տաք երկիրներէն եւ տնակին տեղը հսկայական դղեակ մը տեսաւ: Դղեակը շատ գեղեցիկ էր ու անոր բակին մէջ նստած էին Նապաստակն ու Կրիան: Քիչ մը զարմացած, բայց աւելի շատ ուրախ ան շտապեց հին ընկերներուն տեսութեան:
- Ա՜ Արագիլ, բարով եկար, ներս եկուր, ներս եկուր, – շտապեց Արագիլին ողջունել Տնակը:
- Բարեւ Տնակ, այս ինչքան մեծցեր ես, – ըսաւ Արագիլը, զարմանալով, որ Նապաստակն ու Կրիան չեն նկատեր իր գալը, չեն ուրախանար իր վերադառնալուն:
Բայց Արագիլը չէր շտապեր ներս գալ, որովհետեւ նախ պիտի խօսէր իր հին ընկերներուն հետ:
- Բարեւ Նապ, բարեւ Կրիայ, – անոնց մօտենալով ըսաւ Արագիլը:
Նապաստակն ու Կրիան լուռ էին:
-Ձեզի ի՞նչ պատահեր է, – Նապաստակին ու Կրիային թափ տալով հարցուց Արագիլը:
-Ներս եկուր, Արագիլ, ներս եկուր, – կը փորձէր համոզել Տնակը:
Իսկ Նապաստակը նայելով Արագիլին, հարցուց.
- Դուն ո՞վ ես:
- Ինչպէս թէ ով եմ. Արագիլն եմ, քու ընկերդ, Կրիայ, դուն ա՞լ ինծի չես յիշեր:
- Իսկ ես Աթոռն եմ, Դղեակի աթոռը, – պատասխանեց Նապաստակը:
- Ես ալ Սեղանն եմ, – ըսաւ Կրիան, – Դղեակի սեղանը:
- Դղեա՞կը ով է, – հարցուց Արագիլը:
- Մեր տէրն է, – ըսին Կրիան ու Նապաստակը Տնակին ցոյց տալով, որ արդէն Դղեակ դարձեր էր:
Դղեակը ջղայնացած կը բանար կը փակէր պատուհանները, եւ Արագիլին կը համոզէր ներս անցնիլ: Արագիլը վախցաւ ու թռաւ հեռու: Ապա արագ գնաց իր միւս ընկերոջ, Կուղբիին մօտ, ով նոր դուրս եկեր էր ձմեռանոցէն եւ գարնան առաջին տաքերը կը վայելէր:
Արագիլը ամէն ինչ պատմեց Կուղբին եւ անոնք երկար կը քննարկէին, թէ ինչ կրնար տեղի ունենալ: Ի վերջոյ, որոշեցին երթալ Բուին մօտ եւ ամէն ինչ պատմել անոր: Բուն ուշադիր լսեց, քիչ մը մտածեց ու ըսաւ.
- Կը կարծեմ Տնակը կերած է Նապաստակի ու Կրիային յիշողութիւնները, ուրախութիւնն ու սէրը եւ այդպէս լափեր, փքուեր դղեակ դարձեր է:
- Լաւ ի՞նչ ընենք, լաւ ի՞նչ ընենք, – շփոթուած հարցուց Արագիլը:
- Չեմ գիտեր, – տխուր պատասխանեց Բուն:
- Ես գիտեմ, – յանկարծ ըսաւ Կուղբը եւ շարունակեց, – ակռաներս ձմրան ընթացքին լաւ աճեր են. Ես կը կրծեմ Դղեակի սիւները, եւ Նապաստակին ու Կրիային յիշողութիւնը, սէրն ու ուրախութիւնը կը վերադառնան:
- Լաւ մտածեցիր, ըսաւ Բուն, – այդ հաստատ կ՛օգնէ:
Տնակ-Դղեակը արդէն հասկցեր էր, թէ ինչ կը կատարուի: Ան կը ճռնչեցնէր իր դռները եւ պատուհանները, իսկ Նապաստակն ու Կրիան ոչինչ չէին հասկնար:
ի վերջոյ հեռուն երեւաց Կուղբի ազգականներուն հոծ բանակը: Երբ անոնք տեղ հասան, Կուղբը անոնց բացատրեց ամէն ինչ եւ սկսեցին կրծել Դղեակի սիւները եւ այդ կ՛ընէին դուրսէն, որովհետեւ հասկցեր էին, որ դղեակը իրենց յիշողութիւնը, սէրն ու ուրախութիւնն ալ կուտէ, եթէ ներս մտնեն:
Ի վերջոյ, սիւները չդիմացան կուղբերու ակռաներուն տակ եւ Դղեակի աշտարակները տապալուեցան յաջորդաբար: Սկիզբէն տապալուեցաւ այն աշտարակը, որ կառուցուած էր Նապաստակի եւ Կրիայի ուրախութեան շաղախից. շատ գեղեցիկ աշտարակ էր: Յետոյ տապալուեցաւ Նապաստակին ու Կրիային սիրոյ շաղախէն կառուցուած հոյակերտ աշտարակը: Վերջաւորութեան արդէն յիշողութեան շաղախէն կառուցուած աշտարակը փլուզուեցաւ: Մեծ փոշի ամպ մը բարձրացաւ եւ Արագիլը սկիզբէն շատ ափսոսանք ապրեցաւ, որ նման գեղեցիկ աշտարակներու փլուզման պատճառ դարձաւ: Մէյ մըն ալ փոշիին մէջէն լսուեցաւ Նապաստակին եւ Կրիային փռնգտուքներու ձայնը: Այնքան յաճախ եւ այնքան ծիծաղելի կը փռնգտային, որ Կուղբերն ու Արագիլը սկսան անզուսպ քրքջալ: Ու երբ փոշին անցաւ, Նապաստակը նայեցաւ Արագիլին ու հարցուց.
- Ես կը բռնէի՞, թէ՞ դուն:
Նապաստակն ու Կրիան այսպէսով ետ ստացան իրենց յիշողութիւնը, սէրն ու ուրախութիւնը: Արագիլն ու Կուղբը անոնց պատմեցին ողջ ճշմարտութիւնը իրենց հետ տեղի ունեցածին մասին:
Իսկ Տնակը սկսաւ աղիողորմ լալ եւ ներողութիւն խնդրել: Նապաստակը, Կուղբը, Կրիան ու Արագիլը ներեցին անոր, բայց այլեւս չէին ուզեր ընկերութիւն ընել:
Իսկ Տնակը մինչեւ հիմա կուլայ, ամօթէն ու մեղքի զգացումէն: Եւ բլուրի գագաթէն երկու աղի գետակ կը հոսի դէպի բացատներ:
Նիկոլ Փաշինեան Մարտ 7 , 2018թ. Nikol Pashinyan / Նիկոլ Փաշինյան
Արեւմտահայերէնի Թարգմանութեան հեղինակային իրաւունքը պահպանել :
https://books.mskh.am/newbooks