Անգարայի մէջ Երկուշաբթի օր հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Թուրքմենիստանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ, կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Ըստ ատրպէյճանական աղբիւրներու՝ մինչ եռակողմ ձեւաչափով հանդիպումը, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նախարարները՝ Մեւլուտ Չաւուշօղլու եւ Ճէյհուն Պայրամով խորհրդակցութիւններ ունեցան:
Չաւուշօղլու յայտարարեց, որ Անգարա կ՛աջակցի «տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ առածԱտրպէյճանի քայլերուն»:
Պայրամով, իր կարգին, կրկնեց վերջին շրջանին թուրք եւ ատրպէյճանցի պաշտօնեաներու կողմէ յաճախ հնչող անհեթեթութիւնը` «թուրք-ատրպէյճանական միութիւնը կը ծառայէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան»: