Չեմ կրնար յայտարարել, որ տեսանելի ապագային այն բոլոր խնդիրները, որ կան, իսպառ պիտի վերացուին եւ մեր երկիրը պիտի նմանի դրախտի: Այս մասին, ըստ News.am-ի, այսօր, ԱԺ յատուկ նիստին ժամանակ, յայտարարեց վարչապետի թեկնածու Սերժ Սարգսեան:
Անոր խօսքով, մեր արիւնահոսող վէրքը արտագաղթն է, որ միայն Հայաստանին չէ բնորոշ, ուղղակի մեր պարագային, քանի որ մենք քիչ ենք, ատիկա շատ ցաւոտ կ՝անդրադառնայ. «Բացի այդ, մեր ներուժը կրնայ հասնիլ այնպիսի կէտի մը, որ բաւարար չըլլայ ապահովելու նոյնիսկ մեր սահմաններու պաշտպանութիւնով։ Ասիկա կայ, ու ասիկա նաեւ ներքաղաքական ու իրական հակառակորդներու ցանկութիւնն ու նպատակադրումն է»:
Վարչապետի թեկնածուն նշեց, թէ ինչի հասած է Հայաստանը վերջին 10-11 ամիսներուն ընթացքին, փորձելով հակազդել անոնց, որոնք կ՝սեն, որ ՀՀ տնտեսութիւնը ձախողած է:
«ՀՆԱ-ն 2007-ի սկիզբը 2 եռիլիոն 656 միլիառ դրամ կը կազմէր, 2017 թուականի աւարտին 5 եռիլիոն 580 միլիառ դրամ։ Այսինքն մեր ՀՆԱ-ն այդ ընթացքին աճած է 2,1 անգամ:
ՀՆԱ-ն ամերիկեան տոլարով եղած է 6 միլիառ 385 միլիոն տոլար, այժմ 11 միլիառ 560 միլիոն տոլար է. աճը 1,8 անգամ: Մէկ շունչին հասնող ՀՆԱ-ն եղած է 849 հազար դրամ, հիմա 1 միլիոն 873 հազար դրամ, աճը 2,2 անգամ:
2007 Յունուար 1-ին, Հայաստանի առեւտրային դրամատուներուն մէջ եղած են դրամական աւանդներ ֆիզիքական անձերու կողմէ 143,6 միլիառ դրամ, իսկ 2018 Յունուար 1-ի դրութեամբ, ՀՀ առեւտրային դրամատուներուն մէջ այդ աւանդներու փողային քանակը կազմած է 1 եռիլիոն 553 միլիառ դրամ։ Այսինքն մեր քաղաքացիներու խնայողութիւնները 10 անգամ աւելցած են, ու որպէսզի չըսեն, որ այս երկրին մէջ միայն հարուստները դրամ կը պահեն կամ աւանդ կը դնեն դրամատուներու մէջ, նշեմ, որ այդ 1 եռիլիոն 553 միլիառ դրամի ճնշող մեծամասնութիւնը մինչեւ 7 միլիոն դրամ աւանդներն են։ 1 միլիոն ՀՀ քաղաքացի ունի աւանդ: Ասոնք թիւեր են, որոնցմէ չենք կրնար խուսափիլ»,- ըսաւ Սերժ Սարգսեան:
Ան նաեւ նշեց, որ 2007 Յունուար 1-ի դրութեամբ ՀՀ-ի մէջ հաշուառուած էր 333 հազար ինքնաշարժ, 2018 Յունուար 1-ի դրութեամբ՝ հաշուառուած է 616 հազար ինքնաշարժ: