ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մօտ Չինաստանի դեսպան Ֆան Եոն 2 Յուլիսին հերքեց ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն կողմէ տարածուած այն «տեղեկութիւն»ը, թէ Ատրպէյճանի մօտ Չինաստանի դեսպան Կօ Մին խօսած է Չինաստանի «Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ» նախագիծին մէջ «Զանգեզուրի միջանցք»ը ներառնելու մասին:
Դեսպանը նշեց, որ այս հարցը քննարկած է Կօ Մինի հետ եւ պարզած, որ նման արտայայտութիւն չէ կատարուած:
«Չինաստան թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Ատրպէյճանի հետ բարեկամական յարաբերութիւններ ունի: Կը յուսանք, որ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ այս հակամարտութիւնը կը լուծուի բանակցութիւններու միջով, որ պատերազմէն աւելի լաւ է: Հարցին խաղաղ լուծման համար անհրաժեշտ բոլոր քայլերը մենք կը գործադրենք, մեր ուժերուն ներածին չափով: Այսպիսով մենք կը փորձենք ապահովել տարածաշրջանին մէջ սահմանային ապահովութիւն», նշեց Ֆան Եոն: