NEWS.am-ը՝ վկայակոչելով «Հայաստանի Գաղտնիքներ» նախագիծի մամլոյ կեդրոնը, կը տեղեկացնէ, թէ Ապրիլ 21-25 Չինաստանի Նանճինկ եւ Տէանցզին քաղաքներու յառաջատար համերգասրահներուն մէջ պիտի կայանան հայ դասական երաժշտութեան երեկոներ՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Համերգներու ծրագիրին մէջ պիտի հնչեն հայ երգահաններ Կոմիտասի, Խաչատրեանի, Բաբաջանեանի, Աբրահամեանի, Բաղդասարեանի, Ամիրխանեանի եւ այլոց ստեղծագործութիւնները:
Համերգներուն ներկայ պիտի գտնուին Հայաստանն ու Չինաստանը ներկայացնող պաշտօնական անձեր, դիւանագէտներ եւ հասարակական գործիչներ:
Ձեռնարկի կազմակերպիչներն են Միքայէլ Հայրապետեանի «Հայաստանեան Գաղտնիքներ» նախագիծը եւ Չինաստանի հայկական համայնքը: