Լոռիի մարզի Թումանեանի տարածաշրջանի Չկալով գիւղի 1862-ին վերակառուցուած Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին վերակառուցուած է: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը` վկայակոչելով Գուգարաց թեմի փոխանցած տեղեկութիւնները:
Անիկա կը ներկայացնէ երկթէք կտուրով միանաւ եկեղեցի, որ ժամանակի եւ բնական ազդեցութիւններու հետեւանքով մաշած եւ քայքայուած էր: Արձագանգելով գիւղի բնակչութեան խնդրանքին` եկեղեցւոյ փլուզումը կանխելու եւ սրբազան արարողութիւններ կատարելու նպատակով`Գուգարաց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Սեպուհ արքեպիսկոպոս Չուլճեանի օրհնութեամբ` ԱԺ պատգամաւոր Կարէն Սարիբէկեան անձամբ նախաձեռնած է եկեղեցւոյ վերակառուցման հովանաւորութիւնը եւ ղեկավարած աշխատանքները: Յուլիս 4-ին` ձեռամբ թեմակալ առաջնորդին` օծուած եւ տանիքին տեղադրուած է եկեղեցւոյ բարձրադիր խաչը:
Հոկտեմբեր 20-ին` ձեռամբ թեմակալ առաջնորդ Սեպուհ արքեպիսկոպոս Չուլճեանի` կատարուած է Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ վերաօծման արարողութիւնը: Վերաօծման արարողութեան մասնակցած են Վանաձորի հոգեւոր հովիւներ Տ. Վահան եւ Տ. Օհան քահանայ հայրերը: Պատարագիչը եղած է Տ. Օհան աւագ քահանայ Լուսարարեան: Արարողութեան ներկայ եղած են Լոռիի փոխմարզպետը, պատգամաւորներ, Կարէն Սարիբէկեանի զինակից ընկերները, հիւրեր Երեւանէն, բազմաթիւ ուխտաւորներ, Չկալովի գիւղապետը, համայնաքապետերը, գիւղի դպրոցի ուսուցչական կազմը, աշակերտներ, հաւատացեալներ: Արարողութեան աւարտին Սրբազան Հայրը օրհնած է բարերար Կարէն Սարիբէկեանը, գիւղի բնակիչներն ու բոլոր ներկաները` շնորհաւորելով աղօթավայրի վերաօծման առիթով, եւ առ ի երախտագիտութիւն Օրհնութեան գիր յանձնած է բարերարին` նուիրած մեր Տիրոջ Պայծառակերպութեան խորհուրդը պատկերող մանրանկար:
Սրբազան Հայրը շնորհակալական խօսք ըսած է նաեւ եկեղեցիին սրբապատկերներ եւ գորգեր նուիրաբերած Լոռիի մարզպետ Արթուր Նալպանտեանին, Վանաձորի քաղաքապետ Սամուէլ Դարբինեանին, Լոռիի մարզի ոստիկանապետ Անուբախ Համբարեանին, Լոռիի մարզի փոխմարզպետ Արսէն Դարբինեանին, Լոռիի մարզպետարանի աշխատակազմի քաղաքաշինութեան վարչութեան պետ Արմէն Ջանազեանին ու կրթութեան վարչութեան պետ Մինաս Սայադեանին:
Յաւարտ սրբազան արարողութեան` ներկաներուն մատուցուած է երախտիքի ու գոհութեան մատաղ: