Հանդիպումէն ետք Ռայի պատրիարքը Պաապտայէն կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ հաստատեց բարեկարգումներ իրագործելու ատակ կառավարութիւն մը կազմելու անհրաժեշտութիւնը:
Ան նշեց, որ բարեկարգումներու իրականացումը լուծումներու յանգելու համար կարեւոր ելք մըն է` աւելցնելով, որ երկրին դժուարութիւնները դիմագրաւելու եւ ժողովուրդին օժանդակելու առումով պատասխանատու են բոլորը: