Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան ժամը 10:30-ին Պաապտայի մէջ նախագահեց տնտեսական – ելեւմտական նիստի մը, որուն ներկայ էին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, վարչապետ Հասսան Տիապ, փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքր, ելեւմուտքի նախարար Ղազի Ուազնի, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաուուլ Նեհմէ, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ, Դրամատուներու միութեան նախագահ Սելիմ Սֆէյր եւ նախագահական պալատի ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի «Եուրոպոնտ»-ի նիւթական պարտքը փակելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրին ելեւմտական եւ տնտեսական կացութիւնը, նաեւ հարկ եղած միջոցառումները` դիմագրաւելու համար Լիբանանի ելեւմտական իրավիճակը եւ դրամատուներուն մէջ գումարներ ունեցողներուն ապահովութիւն ներշնչելու միջոցները:
Նախքան նիստին կայացումը, նախագահ Աուն, Պըրրի եւ Տիապ ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Նիստէն ետք Ուազնի յայտնեց, որ գումարուած է շատ կարեւոր նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկուած են Լիբանանը յուզող հարցեր:
Ան նշեց, որ հիմնականին մէջ լուսարձակի տակ առնուեցան երկու հարցեր` «Եուրոպոնտ»-ի նիւթական պարտքն ու «Քեփիթըլ քոնթրոլ»-ի վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Ուազնի նշեց, որ «Եուրոպոնտ»-ի նիւթական պարտքին առումով ներկայացուեցան շարք մը առաջարկներ, որոնք խորքային քննարկումի արժանացան` վճարելու թէ չվճարելու պարագային:
«Նիստին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ քննարկումները շարունակելու, որպէսզի համապատասխան որոշում տրուի», ըսաւ ան:
Ուազնի նշեց նաեւ, որ «Քեփիթըլ քոնթրոլ»-ի պարագային որոշուեցաւ նախարարաց խորհուրդին կողմէ հրապարակել շրջաբերական մը, որ վերջ կու տայ դրամատուներուն եւ անոնց յաճախորդներուն միջեւ վարուելակերպի խտրութեան:
Կառավարութեան Ընթացիկ Նիստ
Նախագահ Աուն կէսօրուան ժամը 12:00-ին նախագահեց կառավարութեան նիստին, ներկայութեամբ վարչապետ Տիապի:
Նիստը սկսաւ մէկ վայրկեան յարգելով Հերմելի մէջ նահատակուած բանակայիններուն եւ Ուզայիի ոստիկանատան մէջ նահատակուած ոստիկաններուն յիշատակը:
Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ բոլորէն կը պահանջուի արագ թափով գործել տնտեսական, ելեւմտական, դրամական եւ դրամատնային այս արտակարգ պայմաններուն մէջ:
Նախագահ Աուն ընդգծեց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին գործադրութեան սկսելու կարեւորութիւնը, յատկապէս շտապի ծրագիր մը մշակելու, ինչպէս նաեւ առաջին եւ երկրորդ փուլերու ծրագիրները պատրաստելու առումով:
Ան կառավարութենէն պահանջեց սկսիլ 2021-ի պետական ամավարկի մշակումին, որպէսզի սահմանադրական ժամկէտին արդէն իսկ պատրաստ ըլլայ:
Իր կարգին, վարչապետ Տիապ պահանջեց կարեւոր եւ անհրաժեշտ բոլոր թղթածրարները պատրաստել, որպէսզի ներքին թէ արտաքին այցելութիւններու պարագային կարելի ըլլայ զանոնք ներկայացնել նուիրատու կողմերուն: Տիապ նշեց, որ այդ թղթածրարը մէկ շաբաթէն պէտք է պատրաստ ըլլայ:
Տիապ նախարարներէն պահանջեց գրաւոր եւ ստորագրուած գիրով մը հաստատել, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն իրենց թեկնածութիւնը պիտի չառաջադրեն, եթէ ներկայ նախարարաց խորհուրդը կազմակերպէ յաջորդ երեսփոխանական ընտրութիւնները:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ յայտնեց, որ կառավարութիւնը քննարկեց Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ որոշեց բարելաւել առողջապահութեան նախարարութեան կարողութիւններն ու ամրապնդել «Քորոնա» ժահրի կանխարգիլման միջոցները` յատկապէս երկրին ցամաքային եւ ծովային սահմաններուն մօտակայքը:
Ֆրանսական Պատուիրակութիւն Մը Կ՛այցելէ Նախագահ Աունի
Նախագահ Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց ֆրանսական պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին ֆրանսական Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու, պաշտպանութեան եւ բանակի յանձնախումբի փոխնախագահ ծերակուտական Ժոէլ Կիրիօ, ծերակուտական Կիյոմ լը Տուք, ինչպէս նաեւ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան մէջ նախագահ Աունի անձնական ներկայացուցիչ Ժարժուրա Հարտան:
Հանդիպումին ընթացքին պատուիրակութիւնը բարձր գնահատեց նախագահ Աունի ի գործ դրած ջանքերը` լուծելու համար Լիբանանի դիմագրաւած տագնապը, ինչպէս նաեւ հաստատեց իր պատրաստակամութիւնը` կարելի եղած օժանդակութիւնը ներկայացնելու:
Նշենք, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, որ իրենք կը սպասեն Լիբանանի կառավարութեան եւ խորհրդարանին կողմէ կատարուելիք բարեկարգումներուն:
Հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ Ֆրանսա կը շարունակէ զօրակցիլ լիբանանցիներուն: «Ֆրանսա կը վերահաստատէ, որ կառչած կը մնայ Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ գերիշխանութեան, որոնք կը զատորոշուին շրջանային տագնապներէն եւ ցնցումներէն», հաստատեց ան: